ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԳԻԾԵՐ

Հոգեկան կամ նկարագրի գիծերը նո՛յնն են ամէն մարդկային էակի մէջ, մանկութեան շրջանին։

Ամէն մէկ մանուկ, սեւ, ճերմակ, դեղին, ի՛նչ որ ալ ըլլան դիմագծային արտաքին տարբերութիւնները անօգնական եւ շուրջիններուն խնամքին կարօտող էակ մըն է՝ բոլորովին անմեղ եւ մարմնական-ֆիզիքական հասարակաց պահանջումներով, ինչպէս՝ անօթենալ, ծարաւիլ եւ այլն, նաեւ ջղային հասարակաց հակազդեցութիւններու ընդունակութիւններով, ինչպէս՝ ցաւ զգալ, ուրախանալ եւ այլն։

Բայց, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ մանկութեան յատուկ հասարակաց գիծերը կ՚այլափոխուին մարդ էակին կեանքին յաջորդական շրջաններուն։ Մինչ ամէն մանուկ «բարի» կամ «անմեղ» կը ծնի, հապա ինչո՞ւ համար մանկութենէն անդին «բարի» եւ «անմեղ» չի մնար, այլ՝ կը չարանայ, մեղաւոր մը կը դառնայ։ Նկարագրի միօրինակութիւնը, միակերպ ընթացքը այսպէս խաթարուելով մարդիկ իրարմէ կը տարբերին, կը զանազանուին ճիշդ այնպէս, ինչպէս նմանատիպ «facsimile» սերմերէ յառաջ եկած կեանքեր կամ նման հունտերէ բուսած տունկեր։

Արդարեւ, նոյնութենէ ծնած անհամար այս վերոյիշեալ տարբերութիւններն ալ «հանելուկ» են եւ զարմանք կը պատճառեն ողջախոհ միտքերու, զգաստ հոգիներու։

Մարդկային ընկերութեան մէջ, հակառակ այս բնական ընթացքին, կա՞ն նկարագրով, սկզբունքներով, նպատակներով ուղղամիտ անձնաւորութիւններ։ Կա՞ն իրենց մանկութեան անմեղութիւնը եւ բարութիւնը պահող պարկեշտ անձեր։

Անշուշտ կա՛ն։ Բայց «պատահական» բացառութիւններ կը գտնուին ամէն շրջանի, ամէն հասարակութեան մէջ։ Հարցը այն է, որ կա՞յ աշխարհի վրայ հաւաքականութիւն մը՝ ընկերութիւն մը, որ բաղկանայ նմանապէս միա՛յն ուղղամիտ, շիտակ մարդոցմէ։ Այդ հարցումին պատասխանը դժբախտաբար ժխտական է, եւ կարելի է գտնել դրական պատասխան մը միայն Thomas More-ի «Utopia»ին մէջ։ Յիշենք, որ «utopia» յղացուած է յունարէն «տեղ մը՝ որ գոյութիւն չունի» նշանակութեամբ բառէն։

Քրիստոսի գերագոյն նպատակն է երկրի վրայ հաստատել սէր եւ խաղաղութիւն, որ է՝ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը»։ Ուստի, սէր եւ խաղաղութեան հաստատման համար պայման է «սրտի մաքրութիւն», որ կը նշանակէ շիտակ նկարագիր։ Աւետարանի հոգեւոր ծանրաչափովը «շիտակ» եւ «ուղղամիտ» մարդոցմէ կազմուած ընկերութիւն մըն է ասիկա։ Բայց այս ընկերութեան մէջ ծուռերը խառնուած են շիտակներուն մէջ։ Շիտակներու մէջ մէկ «ծուռ» իսկ յուսախաբութիւն մըն է, որ պէտք է շտկուի։ Արդարեւ, կարեւորը «ծուռ»ը վտարել չէ, այլ շտկելու աշխատիլ, փոխանակ կորսնցնելու՝ շահի՛լ։

Ծուռերը ծուռերու մէջ աչքի չեն զարներ, բայց շիտակներու մէջ հակադրութիւնը աչքառո՛ւ է։

Ուստի հարցը սա է. շիտակները կ՚աւելնա՞ն արդեօք ընկերութեան մէջ, թէ հետզհետէ կը պակսին կամ եթէ չեն պակսիր իսկ, ծուռերը կ՚աւելնան։

Քրիստոսի Աւետարանը՝ Քրիստոնէութիւնը հաւասարակշիռ ուժ մը, զօրութիւն մըն է մարդոց նկարագրին գիծերուն տարբերութիւնները նուազեցնելու եւ ստեղծելու տիպ մը, որ կ՚արտացոլացնէ Աստուծոյ պատկերը ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ, ամէն շրջան։

Ընկերութեան մէջ շիտակ եւ ուղղամիտ մարդոց բազմանալը պիտի բերէ մարդկութեան սէրը եւ խաղաղութիւնը, որ դժբախտաբար յաճախ կը պակսի մարդոց եւ անոնց կարօտը կը զգացուի։

Տէրը եւ Սէրը անպակաս ըլլայ բոլորիս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023