ՄԱ՛ՅՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ

Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցան՝ ար­ժա­նա­նա­լով հա­մայն աշ­խար­հի հա­յու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Ե­րե­ւա­նի «Վազ­գէն Սարգ­սեան» հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ կազ­մա­կեր­պուած ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ Ո­ղիմ­պիա­կան ա­խո­յեան Ալ­պէրթ Ա­զա­րեա­նի կող­մէ ան­նա­խըն­թաց ցնծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ վա­ռուե­ցաւ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րուն ջա­հը։ Ե­րե­կոյ­թին ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­կան յայ­տա­գիր, որ հիւ­սուած էր պա­րե­րով, ե­րաժշ­տու­թիւ­նով եւ գրա­կա­նու­թեամբ ու կը ցո­լաց­նէր հայ­կա­կան հնա­մե­նի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն ձօ­նուած այս խա­ղե­րուն բա­ցու­մը իս­կա­պէս խորհր­դա­ւոր մթնո­լորտ մը ստեղ­ծեց, շուրջ 6 հա­զար 500 մար­զիկ­նե­րուն տո­ղանց­քը ջեր­մօ­րէն ող­ջու­նուե­ցաւ բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րուն կող­մէ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րը ու­ղիղ ե­թե­րով սփռե­ցին հան­դի­սու­թիւ­նը, ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ հա­ղորդ դառ­նա­լու Ե­րե­ւա­նի մէջ ստեղ­ծուած ան­բա­ցատ­րե­լի ո­գե­ւո­րու­թեան։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան իր ե­լոյ­թին մէջ ը­սաւ. «Այս­տեղ գտնուող շա­տե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն Սփիւռ­քի մէջ ծնած ար­դէն չոր­րորդ կամ հին­գե­րորդ սե­րուն­դը։ Ձեր մէջ կան մար­դիկ, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ կը տես­նեն ի­րենց հայ­րե­նի­քը։ Կան մար­դիկ, ո­րոնք դժուա­րու­թեամբ կը խօ­սին հա­յե­րէն։ Բայց բո­լո­րի հո­գիին մէջ մշտա­պէս Հա­յաս­տանն է, իսկ Հա­յաս­տա­նի սիրտն ալ բաց է ա­նոնց հա­մար։ Այս­տեղ ներ­կայ բո­լոր մար­դիկ կա­պուած են ընդ­հան­րու­թիւ­նով մը՝ հայ­կա­կան ինք­նու­թեամբ։ Որ­քան ալ նոր ու յա­ւե­լեալ տար­բեր ինք­նու­թիւն­նե­րու շեր­տեր ա­ւել­նան, հա­յու­թիւ­նը, հայ ըլ­լա­լը մեր բո­լո­րի մայր ինք­նու­թիւնն է»։ Իր ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Սերժ Սարգ­սեան շեշ­տեց, որ խա­ղե­րու օ­րե­րուն մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի գտնեն նոր բա­րե­կամ­ներ եւ այդ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն կրա­կը վառ պի­տի պա­հուի իւ­րա­քան­չիւ­րի կեան­քին ըն­թաց­քին։ «Վստահ եմ, որ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու կրա­կը ձեզ տա­կա­ւին շատ եր­կար պի­տի ուղ­ղոր­դէ», ը­սաւ ան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 3, 2015