ԷՇԻՆ ՄԵՂՔԸ Ի՞ՆՉ Է
Մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ յիշեցինք, որ ժամանակը իր հետ կը փոխէ եւ պիտի շարունակէ՛ փոխել շատ մը արժէքներ եւ գուցէ այս դժբախտ իրականութեան վերջին փաստը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետին վերջին որոշումն էր, որով քահանաներուն թոյլ կու տար օրհնել միասեռ զոյգերը: Այս մէկը աշխարհի կողմէ կը դիտուի որպէս «բարեփոխութիւն»:
Իրականութեան մէջ այստեղ պահ մը կ՚ուզենք խօսիլ «Պապի անսխալականութեան» մասին. իրականութեան մէջ մեծ յանդգնութիւն է որոշել ու փոխել դարաւոր հսկայական պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ մը ըմբռնումն ու սկզբունքները, որովհետեւ դարեր շարունակ Կաթոլիկ եկեղեցին եղած է միասեռականութեան դէմ պայքարող եւ մինչեւ իսկ այդ մէկը դատապարտող հաստատութիւն մը: Այս որոշումը սակայն պատահական յայտնութիւն մը չէր. տակաւին 2021 թուականէն յստակ էր, որ ներկայի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետը միասեռականութեան հանդէպ ունի այլ կարծիք ու մօտեցում. ան մի քանի տարի առաջ իր յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Միասեռական միութիւնները լաւ ու օգտակար են շատերու համար»:
Միասեռ զոյգերու ամուսնութիւնը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ արդարացած է հետեւեալ պատճառաբանութեամբ. միասեռ զոյգերու օրհնութիւնը եկեղեցւոյ ամուսնութեան հանդէպ ունեցած վարդապետութիւնն ու համոզումը չեն փոխեր: Իրականութեան մէջ կը հասկնանք, որ այս բոլորը մեծ տարածում ունեցած միասեռական զոյգերը եկեղեցւոյ «մօտեցնել» եւ կամ «կապել»ու փորձեր են, որովհետեւ անոնց թիւը օրէ օր աւելի կը ստուարանայ եւ եկեղեցւոյ կողմէ անոնց անտեսումը հաւատացեալի «կորուստ» կրնայ նկատուիլ:
Նոյն այս եկեղեցւոյ հայրապետներէն մին՝ Թովմաս Աքուինացի իր հոգեւոր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ, որ միասեռ ամուսնութիւնները կը հակասեն բնական օրէնքին, որովհետեւ ամուսնութեան ու սեռականութեան հիմնական աւարտը ծնունդն է եւ այդ մէկը միայն մարդու ու կնոջ միջեւ սեռական բեղմնաւորումով յառաջ կու գայ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Կաթոլիկ եկեղեցին միասեռ զոյգերը կը դիտէր որպէս «հոգեկան խանգարում ունեցող անձեր» եւ ո՛չ միայն Կաթոլիկ եկեղեցին. մինչեւ 1973 թուականը աշխարհի մէջ միասեռականութիւնը կը ճանչցուէր որպէս հոգեբանական խնդիր եւ մինչեւ իսկ մաս կը կազմէր հոգեբուժական միջամտութեանց. մինչեւ 1990 թուականը միասեռ ամուսնութիւնները Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ կը ճանչցուէր որպէս հիւանդութիւն:
Աստուածաշունչի մէջ միասեռականութիւնը կը դիտուի որպէս «բարոյական այլասերուածութիւն» եւ «մեղք». առաջին Կորնթացիսի մէջ կը կարդանք, որ անոնք պիտի չի՛ ժառանգեն Աստուծոյ Արքայութիւնը (հմմտ Ա. Կորնթացիս, 6:10). Տիմոթէոսի մէջ միասեռականները կը դասուին նոյն հայրասպաններու շարքին. դարեր շարունակ Սոդոմի միասեռ ընթացքը դատապարտող եկեղեցին ինչպէ՞ս եղաւ որ նման որոշում մը կայացուց:
Այս որոշումը մեզ կը մտահոգէ, որովհետեւ հեռու չէ, որ մեր եկեղեցին եւս ուշ կամ կանուխ նման որոշումով մը հանդէս գայ, որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, ժամանակը այսօր կը յաջողի փոխել սկզբունքները, համոզումները եւ այսպէս կամ այնպէս օր մը մեր մէջ եւս պիտի փոխուին շատ մը արժէքներ եւ հաւատքն ու Քրիստոնէական սկզբունքները մոռնալով մենք եւս շատ շատերը գոհացնելու համար մեր հայրապետներուն սկզբունքներուն հակառակ որոշումներ պիտի կայացնենք:
Տարիներ առաջ երբ եկեղեցական էի, համաշխարհային եկեղեցական ժողովի ընթացքին ծանօթացանք եկեղեցւոյ մը սպասաւորի հետ, որոնք կը կատարէին նաեւ մարդոց եւ անասուններու պսակի արարողութիւն. Պատարագի ընթացքին կը հաղորդէին նաեւ շուներն ու կատուները. գուցէ մի քանի տասնեակ տարիներ յետոյ Կաթոլիկ եկեղեցին (ինչու չէ նաեւ մենք) անասուններու իրաւունքը պաշտպանողները գոհացնելու համար ընդունինք նաեւ այդ մէկը, զանոնք եւս «չկորսնցնելու» համար, որովհետեւ վերջապէս անոնց համար անասունն ու մարդը հաւասար է եւ եթէ մարդ արարած կրնայ հաղորդուիլ, ապա ինչո՞ւ անասունները չկարենան. խտրականութի՛ւն պարզապէս:
Կաթոլիկ եկեղեցւոյ այս քայլը վստահաբար գնահատանքը ստացաւ թէ՛ միասեռական հաւաքականութեան եւ թէ ընդհանրապէս մարդկութեան, որոնց համար արդէն բնական կեանքին մաս կը կազմէ նոյն զոյգերու միատեղ ամուսնութիւնը. այդ «բնական»ութիւնը կը փորձեն նաեւ սերմանել մեր երիտասարդներուն. այդ մէկը արդի աշխարհի «կրթութեան» մաս կը կազմէ:
Գուցէ մի քանի տարի ետք չնեղացնելու համար միասեռական հաւաքականութիւնը, որոշում կը կայացնեն Աստուածաշունչի էջերէն դուրս ձգել միասեռականութիւնը դատապարտող տողերն ու հատուածները. այնպէս ինչպէս պարականոն գիրքերը դուրս ձգուեցան, նոյնպէս կարելի է դուրս ձգել Սոդոմ Գոմորի պատմութիւնը, նկատի ունենալով որ այդ մէկը կը հակասէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ արդի որոշումին. վերջապէս ապագայ եկեղեցականներուն ինչպէ՞ս պէտք է բացատրել, որ Աստուած Սոդոմը աւերեց միասեռականութեան պատճառով, իսկ այսօր դո՛ւք կրնաք միասեռականներ պսակել. պէտք չէ մեղադրել. Աստուած չէ ունեցած գիտակցութիւնը միասեռականութիւնը որպէս բնական երեւոյթ ընդունելու:
Այս բոլորի լոյսին տակ, մեր մտահոգութիւնը միասեռ զոյգերու ամուսնութիւնը չէ. մեր մտահոգութիւնները արժէքներու տարօրինակ փոփոխութիւններն են, որ Աստուածաշունչի մէջ դատապարտուածը անգամ որպէս «ճիշդ» կ՚ընդունին: Մտահոգ ենք, տեսնելու թէ ժամանակը տակաւին ինչե՞ր պիտի յաջողի փոխել մեր մարդկային կեանքին մէջ. օր կու գա՞յ արդեօք եկեղեցւոյ մէջ անասուն էշի եւ մարդ արարածի մը պսակադրութիւնը կը տեսնենք. մեծ հաւանականութեամբ այո...: Թող ապրին էշերու իրաւունքները պաշտպանող հաւաքականութիւնները, որովհետեւ էշը եւս Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը ըլլալով իրաւունքը ունի զոյգուելու չէ՞... վերջապէս էշին մեղքը ի՞նչ է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի մէջ քանի՞ տեսակ ձուկ կայ:
Պատասխան. Աշխարհի վրայ կայ աւելի քան 34 հազար ճանչցուած ձուկի տեսակ: Կարեւոր է նշել, որ նոր տեսականիներու թիւը օրէ օր կ՚աճի եւ նոր տեսակներ կը յայտնաբերուին, այդ իսկ պատճառով կարելի չէ ճշգրիտ թիւ մը ըսել, որովհետեւ հետազօտութիւնները կը շարունակեն այդ կապակցութեամբ: Տեսակները իրարմէ կը տարբերին. ոմանք կ՚ապրին աղի, իսկ ուրիշներ քաղցր ջուրերու մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024