ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑ 2024

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը արդէն հրատարակած է 2024 թուականի Եկեղեցական օրացոյցը։ Այսպէսով տարեմուտի այս աւանդութիւնը հերթական անգամ գտած է իր շարունակութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռի օրացոյցը կը պարունակէ եկեղեցական բոլոր տօները, շարականները, Աւետարանի ընթերցումներու համարները, եկեղեցիներու ուխտի օրերը եւ այլն։

Օրացոյցը պատրաստած են՝ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Սրբագրութիւններն ալ կատարուած են Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

Եկեղեցական օրացոյցին մէջ տեղ գտած է ցանկը այն հոգեւորականներուն, որոնք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ կը ծառայեն։ Օրացոյցը կը բովանդակէ նաեւ ցուցակը թրքահայ բոլոր եկեղեցիներուն, համայնքային բոլոր մարմիններուն կամ կազմակերպութիւններուն, դպրաց դասերուն, վարժարաններուն, միութիւններուն, լրատուամիջոցներուն եւ գերեզմանատուներուն։

Օրացոյցը կ՚ընդգրկէ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի գաւազանագիրքը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու անդամներու անուանացանկը, հայկական արական ու իգական անուններու ցանկեր եւ այլն։

Եկեղեցական օրացոյցը կարելի է Պատրիարքական Աթոռէն ապահովել՝ աշխատանքային ժամերուն։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023