Ամանորի բարձր տղամադրութիւն…

2024 թուականը մուտք կը գործենք։ Մարդկութիւնը նոր տարեմուտի մը սեմին է։ Երկրագունդը հասած է արեւուն շուրջ հերթական շուրջբոլորին ընդառաջ։ Ողջունելի հանգրուան…

Աշխարհի ցոլացուցած առկայ պատկերը ի՞նչ տպաւորութիւն կ՚առթէ։ Թէեւ տպաւորութիւնները կ՚ըլլան ենթակայական, բայց այստեղ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ շատ բան առարկայական ճշմարտութեան բնոյթն ունի՝ հոգ չէ, թէ այդ տեսանելին յաճախ չտեսնելու տրուի կամ անոր դիմաց միայն կոկորդիլոսի արցունքներ հոսեցուին։

Այսօր դժուար է համոզուիլ, թէ մարդ արարածը բարիին ու դրականին կը ձգտի իր էութեամբ։ Այսօր դժուար է համոզուիլ, թէ մարդկութիւնը քաղաքակրթութիւն կերտած է՝ շերտ առ շերտ, իւրաքանչիւր փուլին կատարելագործելով նախորդը։ Այսօր դժուար է համոզուիլ, թէ մարդ ինքզինքը տաշելով միշտ կը վերանորոգուի։

Երկրագունդը այժմ ականատես է, որ մարդ զոհն ու գերին է՝ սեփական անզսպելի ագահութեան։ Միայն մարդը այս բնութեան մէջ կը ձգտի՝ իրեն համար անհրաժեշտէն ու կենսականէն կամ տարրականէն աւելիին, շա՜տ ու շա՜տ աւելիին։ Նոյնիսկ ամենավայրի գազանը չ՚որսար, երբ անօթի չըլլայ, բայց մարդը կը սպառէ ու կը սպաննէ անյագօրէն՝ անկախ իր կարիքներէն, նոյնիսկ իր այդքան հպարտացած տրամաբանութենէն։

Եւ այլեւս որեւէ իմաստ չունի առանձնապէս անդրադառնալ՝ պատերազմներուն, անարդարութիւններուն ու անհաւասարութիւններուն, ապականումով ու կլիմայի փոփոխութեամբ պայմանաւորուած աղիտալի հեռանկարներուն, այլատեացութեան կամ օտարատեացութեան եւ մասամբ նորին։ Արդէն որո՞ւն հոգը, թէ ցուցակը երկար է։ Երկրագունդը յստակ կը ցոլացնէ, թէ մարդ արարածը կ՚ապրի օրը փրկելու համար, պատրաստ է ժամանակաւորին համար ամէն ինչ զոհելու ու մնացեալ վեհ բանաձեւումները, որոնց ետին թաքնուիլ կը սիրէ, միայն լոզունգ են։ Արժէքները ընտրովի են, կրկնակի չափանիշներու ենթակայ, անթաքո՛յց։ Մարդ արարածը բնաւ հետամուտ չէ նաեւ՝ իր յաջորդին բան ժառանգելու։ Այդ ժառանգութիւն ըսուածը միայն նախկինէն աւելնալով յաջորդին բաժին հասած աւելցուքն է, միանշանա՛կ։

Իմաստ չունի գանգատիլը։ Այսպէս է աշխարհը, պէտք չէ պատրանքներ ստեղծել։ Միայն պէտք է դիրքաւորուիլ՝ ըստ ճշմարտութիւններուն, բոլոր մակարդակներու եւ հարթութիւններու վրայ։ Ամէն մարդ պէտք է վայելէ ա՛յս աշխարհը՝ ագահօրէն, անհաշիւ, շռայլօրէն, ուրիշներէն յափշտակելով՝ ըստ իր հնարաւորութիւններուն։ Այսպէս է մարդուն երջանկութեան ձեւը. գութ-մութ, պատասխանատուութիւն-մատասխանատուութիւն՝ մոռցէ՛ք բոլորը, չխանգարեն բարձր տրամադրութիւնը։

Ո՛վ որ անմասն է այս բոլորէն, անշուշտ, դուրս կը մնայ Նոր տարուան հրճուանքէն։ Ուրեմն, մնացեալներուս շնորհաւոր Ամանոր…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023