«ԴԵՐՁԱԿ ՆԵՐՍԷՍ ԿԸ ԽՍՍԻ»
Ո՛չ, ո՛չ, տառասխալ չէ սպրդած, ա՛յսպէս է գրութեան խորագիրը։ Ընդհակառակն, տողերուս շարժառիթն իսկ է ան։
Ձեռքերը կը համբուրեմ այդ տառասխալը գործած գրաշարին, խմբագիրներուն, որոնց ուշադրութենէն վրիպած է սրբագրութեան ընթացքին եւ բոլո՜ր, բոլո՜ր անոնց, որոնք հակառակ յաջորդական բազմաթիւ տպագրութիւններու՝ չեն նկատած զայն եւ սրբագրել չեն տուած։ Որովհետեւ…
Որովհետեւ, այս վրիպակին շնորհիւ է, որ գրութեանս խորագրին մէջ յուշերու ամբո՜ղջ կոյտ մը ծրարուած է։ Որովհետեւ, այս վրիպակին շնորհիւ է, որ այդ ծրարը այսօր եւս հետս է շուրջ հինգ տասնամեակ ետք ալ։
Անցեալ դարու 70-ական թուականներու սկիզբն էր։ Ես դեռ երեխայ, դպրոցական պահերէն դուրս կամ արձակուրդի օրերուն, կը սիրէի ընկերակցիլ գրող, խմբագիր, լրագրող հօրս, անոր գործի երթուդարձերուն, որոնց առիւծի բաժինը կ՚իյնար ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, մեծայարգ եւ սիրելի Մարտիրոս եւ Արա Գօչունեաններու ժամանակաշրջանին։
70-ականներու սկիզբը… տարբե՜ր ժամանակներ, բոլորովին տարբեր կեանք մը. մինչ՝ հեռաձայն ունենալը, անով գործ մը տեսնելն ու հարց մը լուծելն իսկ մեծ պերճանք էր, կարելի է երեւակայել, թէ օրաթերթի մը պատրաստութեան յաջորդական փուլերը ի՛նչ աշխատանք ու զոհողութիւն կը պահանջէին։ Ձեռագիր կամ լաւագոյն պարագային՝ գրամեքենայով (հայերէն տառերով գրամեքենայ ունենալն ալ այլ առանձնաշնորհ մըն էր) պատրաստուած նիւթերը պէտք էր հասցուէին թերթին խմբագրութեան, յետոյ անոնք հոն դասաւորուելէ ու խմբագրուելէ ետք՝ պէտք է յանձնուէին գրաշարին, որ լինոթիփերու վրայ վերստին գրաշարուելով՝ տող առ տող կեանք առնէին ձուլուած կապարին մէջ, հոգ չէ թէ միայն մէկ անգամուան համար, քանի տպագրութենէն ետք զանոնք վերստին կը հալեցնէին, նոր թիւերու նիւթերը շարելու համար. յետոյ կու գար «փորձ»ի (սրբագրութեան համար օրինակը) պատրաստութեան փուլը, որ կը կայանար այդ տող առ տող շարուած ու տակ-տակի դրուելով սիւնակներ կազմած կապարները բարակ չուանով լաւ մը իրարու ագուցելէ ետք՝ գլանով օժտուած յատուկ գործիքի մը վրայ ուշադրութեամբ զետեղելու, վրան գլանիկով մը մելան քսելու ու յետոյ անոր վրայ ալ թուղթ մը դնելով ու «փորձ»ի գործիքին գլաններով վրայէն անցնելով՝ այդ աշխատանքին առաջին արգասիքը ձեռք ձգելու մէջ։ Ահա այդ «փորձ»երն էին, որ տրցակով կը մտնէին հօրս պայուսակին մէջ, տուն բերուելու եւ իրիկունը հանգիստ գլխով, աշխատանքի անհրաժեշտ կեդրոնացման պայմաններու գոյացումէն ետք, նոյնինքն՝ հօրս կողմէ ինքնահոսով կատարուած նշումներով սրբագրուելու համար։ Այս աշխատանքէն առաջ կամ յետոյ, կախում ունէր օրերէն, հայրս սեղանին վրայ կը զետեղէր իր գրամեքենան ու կը սկսէր պատրաստել օրուան լուրերը, զորս մեծ մասամբ մտքին մէջ ձեւաւորած ու դասաւորած կ՚ըլլար մեր տունէն ամէն օր անպակաս 5 կամ 6 թրքական օրաթերթերը թղթատելէ ետք, կամ կը մեքենագրէր իր յօդուածները, յաջորդ օր կանուխէն զանոնք հասցնելու համար խմբագրատուն։ Ու այսպէս շարունակաբար։
Լա՛ւ, բայց ի՞նչ է այս «Դերձակ Ներսէս կը խսսի»ի պատմութիւնը։
Գիտեմ, այսօրուան մտաւորական սովի պայմաններուն մէջ՝ դժուար է հաւատալ, բայց այդ տարիներուն Պոլսոյ մէջ ունէինք ո՛չ միայն մտաւորականութեան հսկայ բոյլ մը, այլեւ մտաւորական արհեստաւորներո՛ւ, վաճառականներո՛ւ ամբողջ բանակ մը։ Ահա այդ բանակին զինուորներէն էր դերձակ Ներսէս, որուն մականունին երբեք չեմ ծանօթացած։ Ան, Կալաթասարայի խաչմերուկին, նախկին թղթատարութեան հսկայական եւ պերճաշուք կեդրոնական շէնքին վրայի յարկերէն մէկուն, որոնք առանձին գործատեղիներու վերածուած էին, ունէր իր կարի փոքրիկ աշխատանոցը։ Կը սիրէր հայերէնը, կը սիրէր հայ մամուլը, ինչպէս իր նման շատե՜ր այդ ժամանակներուն, կը սիրէր գրե՛լ… Չեմ յիշեր, թէ ինչպիսի նիւթեր գրի կ՚առնէր, բայց կը գրէր կանոնաւորաբար, այն աստիճան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթին մէջ յատկացուած էր իրեն անկիւն մը՝ «Դերձակ Ներսէս կը խօսի» մնայուն խորագրին տակ։
Կը յիշեմ, թէ հօրս հետ իր աշխատանոցն ալ կ՚երթայինք յաճախ, իր գրածներուն մէջ՝ հօրս համար անհասկնալի այս կամ այն նախադասութեան պատճառով հաւանաբար կամ ալ իրմէ նոր ձեռագրեր ստանալու։ Առիթէն օգտուելով՝ դերձակ Ներսէս ու հայրս երկա՜ր կը զրուցէին զանազան նիւթերու շուրջ, մինչ անոր գրեթէ չափահասութեան տարիքի հասած քիւրտ աշկերտը, որ անկասկած հօրս ասպարէզին ալ ծանօթ ըլլալով՝ ցոյց տալու համար, որ հայերէն կը սորվի, կը սիրէր մեր ներկայութեան հպարտօրէն կրկնել իբրեւ թէ շաբթուան օրերը հայերէնով եւ սապէս՝
- ԵԼԵՔ ՉԱՐՓԹԸ,
- ՉԷՕՐԵՔ ՉԱՐՓԹԸ,
- ՀԻՆՏԻ ՉԱՐՓԹԸ…
Մնացեալ օրերուն համար, կ՚ենթադրեմ, դեռ պրպտումներու մէջ էր, քանի այսքանով կը «փակէր շաբաթը»։
Բանն այն է, որ թերթին մէջ այս խեղճ դերձակ Ներսէսին մնայուն խորագիրը վրիպակի մը զոհ գացած էր ու դարձած՝ «Դերձակ Ներսէս կը խսսի»։ Այն ժամանակներուն, վերեւ նշածս կապարէ այդ բնագրերուն խորագրերը կը շարուէին ձեռքով (ի դէպ, նո՛յնպէս կապարէ ձուլուած, սակայն «մնայուն» տառերով), մէկ առ մէկ գիրերը քով-քովի բերելով։ Այդ գիրերը ժամանակի ընթացքին կը հալէին, կը մաշէին, բայց այնքան դժուար էր նորերը ապահովելը, որ մինչեւ մահ կը քաշքշուէին։ Մեր դերձակին խորագիրն ալ շարուած ըլլալով նեղ եւ թաւ ու մա՛նաւանդ յոգնատանջ տառերով, վրան ալ գումարած՝ ներկայինէն փարսախներով հեռու տպագրական որակը, այնքան ալ ակնբախ չէր ըլլար այդ վրիպակը։ Բայց ես երեխայի ուշադիր աչքերով որսացեր էի զայն ու հպարտօրէն ալ նկատել տուած էի հօրս։ Չեմ գիտեր, թէ ինչպիսի՞ պատճառներով, ինչպիսի՞ հանգամանքներու տակ՝ այդպէս ալ մնաց այդ վրիպակը, չսրբագրուեցաւ, մինչ ես մեծ անհամբերութեամբ կը սպասէի թերթին այդ օրերու իւրաքանչիւր թիւին, տեսնելու համար, թէ իմ յայտնաբերած սխալը սրբագրուա՞ծ է։
Հիմա ձեզմէ շատեր արդարօրէն հարց պիտի տան, թէ Ամանորի այս յատուկ թիւին հետ ի՞նչ կապ ունին այս յուշերը։ Չունին եւ ունի՛ն։ Ունին, որովհետեւ Պոլսոյ մանկութեան ու պատանեկութեան օրերու ամանորեայ գողտրիկ յուշերուս հետ նոյն ծրարին մէջ են այս բոլորը, ինչպէս դեռ շատ ուրիշներ։ Եւ երբ այսօր հեռաւոր ափերէ մտովի կը ճամբորդեմ Պոլիս ո՛չ միայն աշխարհագրական առումով, այլեւ ժամանակին մէջ, իմ հակակշռէս խուսափող էջք կը կատարեմ, կ՚իջնեմ հոն, ուր սիրտ, միտք, յոյզ, յուշ կ՚առաջնորդեն զիս։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՊԷԼԱՆ
Փարիզ