ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ։
*
«Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր,
եւ ցնծասցէ հոգի իմ Աստուծով փրկչաւ իմով» (Ղուկաս Ա.46)
Այն լաւագոյն վահանը, որ մարդուն սիրտը վախերէն, տխրութենէ եւ յոռետեսութենէ կը փրկէ, Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը մեզի կը յայտնէ՝ իր գովաբանական աղօթքով. «Աստուածատուր Ուրախութիւնը», որ մեզի կը տրուի մեր սրտագին ու երախտագէտ փառաբանութեանց շնորհիւ՝ ուղղեալ Աստուծոյ:
«Իմ անձս պիտի փառաւորէ Տէրը, եւ իմ հոգիս ցնծաց Աստուծմովս, որովհետեւ ան իր նայուածքը դարձուց իր աղախինին խոնարհութեան վրայ»:
Ամէն ոք պէտք ունի Մարիամի այս գաղտնիքին տիրապետելու, որպէսզի պահպանէ իր միտքն ու սիրտը յառաջիկայ օրերուն իր դիմաց բերելիք պատուհասներէն:
Նոր տարի է եւ կեանքը շատ քիչերուն առջեւ կը բերէ այն դժուարութիւնները, որոնց դիմադրեց Մարիամը։ Մարիամը խաւարներէն ու մղձաւանջներէն անցաւ: Ստիպուեցաւ առանց ամուսնացած ըլլալու յղի մնալու ամօթին, յղութեան վերջին օրերը հարիւր քիլօմեթր քալելու Նազարէթէն դէպի Բեթղեհէմ, առանձին մնալու ու ախոռ-քարայրի մը մէջ ծննդաբերելու եւ Եգիպտոս փախստական ըլլալու, իր Միածին Որդին խաչի վրայ տեսնելու: Բայց աղօթքով կրեց այդ բոլորը եւ երբ գովերգեց Տէրը՝ տեսաւ, որ «Լոյսը խաւարին մէջ կը փայլի եւ խաւարը անոր չի կրնար յաղթել»: Երբ գանգատը թողուց ու զԱստուած փառաւորելու սկսաւ, տեսաւ, որ Աստուծոյ արքայութիւնը կ՚իջնէ մարդուն սիրտին մէջ աստուածատուր ուրախութեամբ ու ցնծութեամբ եւ ցոյց կու տայ, թէ կա՛յ բարութիւն մը, որ մեծ է բոլոր չարիքներէն ու կա՛յ արդարութիւն մը՝ վեր բոլոր անիրաւութիւններէն:
Երբ մեր կեանքն ալ ողողուի երկնային լոյսով՝ այնպէս, ինչպէս Մարիամին պատահեցաւ, տարբեր գնահատելու կը սկսինք մեր դժուարութիւնները: Ուրիշ լուսաւորուած սուրբ մը՝ Պօղոս առաքեալը նոր տարուան համար լաւագոյն խրատներէն մէկը կու տայ մեզի. «Հաւատարիմ է Աստուած, որ ձեզ ձեր կարողութենէն աւելի փորձութեան մէջ պիտի չձգէ. այլ՝ փորձութեան հետ ելք ալ ցոյց պիտի տայ, որպէսզի կարողանք համբերել» (Ա. Կոր. 10:13):
Նոր տարին ու Տէր Յիսուսի ծննդեան եղանակը կը զուգադիպին: Ծնունդի պատմութիւնը յոյս կը ներշնչէ նաեւ մեզի 2024 տարեշրջանի համար: Հոն կ՚անդրադառնանք, թէ Աստուած ինչպէս մղձաւանջները կը վերածէ տօնելի եղելութիւններու: Եթէ աղօթքով մուտք գործենք նոր տարի եւ այս տարին փառաբանելով ընթանանք Մարիամին պէս, ապա մենք ալ պիտի տեսնենք նոյն Աստուծոյ անակնկալ հպումները եւ մխիթարութիւնը մեր համեստ կեանքերուն մէջ:
Մարիամ Աստուածամայրը հասկցած էր այն գաղտնիքը, որ հրեշտակները ի՛նչպէս ուժ կը հաւաքեն զօրանալու համար ու թարմանալու. ուղղուիլ դէպի Աստուած, ձեռք բարձրացնել դէպի երկինք եւ անդրադառնալ Աստուծոյ ահարկու մեծութեան եւ անոր հայրական անչափելի սիրոյն եւ սկսիլ համրել անոր մեր վրայ տեղացուցած պարգեւները մէկ առ մէկ եւ շնորհակալ ըլլալ իրմէ գոհունակ սրտով եւ գովերգել զինք շարականներով:
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ,
եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն…
Եւ յամենայն ժամ օրհնեմք զՔեզ, Տէր,
եւ գովեմք զԱնուն Սուրբ Քո յաւիտեան եւ յաւիտեանս յաւիտենից։
Արժանի արա
Տէր զօրս (եւ զամս) զայս խաղաղութեամբ,
եւ առանց մեղաց պահեա զմեզ։
Օրհնեալ ես Տէր Աստուած հարցն մերոց.
գովեալ եւ փառաւորեալ է Անուն Սուրբ Քո յաւիտեանս. ամէն»:
(Առաւօտեան Ժամերգութենէն)
Երբ որ նոր տարի մը կը դիմաւորենք պճնազարդ Կաղանդի ծառերով, խրախճանքի ճոխ սեղաններով եւ շռայլօրէն լուսաւորուած փողոցներով, սրահներով ու գոյնզգոյն նուէրներով, մեր նպատակն է աւելցնել մեր ուրախութիւնը եւ զգալ խորապէս ապրելու հրճուանքը: Բայց գիտենք, որ այս չափազանցուած ճիգերը՝ ուղղուած մնայուն ուրախութիւն մը ձեռք ձգելու, ի զուր են, երբ կը դիմաւորէ մեզ առաւօտեան արթնացումը կեանքի բիրտ իրականութեանց հետ եւ Նոր տարուան հաւանական հազար ու մէկ մարտահրաւէրներով:
Եկէ՛ք, այս տարի նոր ուղի մը որոնենք՝ Ամանորէն սկսեալ Սուրբ Մարիամի պէս Աստուծոյ փառք ու պատիւ տալու, անոր սքանչելիքները բացագանչող աղօթքներով ու զԱյն շարականներով մեծարելու: Հրաժարինք գանգատ եւ դժգոհութենէն, հրաժարինք անցեալ տարիներուն դէմ մեր սրտի բողոքներէն, թէ անոնք լիուլի չեն արդարացուցած մեր ակնկալութիւնները կեանքի վերաբերեալ: Լռեցնենք այն բացասական գաղափարները, որոնք մեր սրտին մէջ կը կրկներգեն եւ անընդհատ կը պնդեն, թէ մեր կեանքը աւելի երազային ու հեքիաթային որակ մը պէտք էր ունենար, կեանքը մեզի նկատմամբ աւելի առատաձեռն պէտք է հանգստաւէտ պայմաններ ե՛ւ անստուեր օրեր պէտք է շնորհէր մեզի՝ ընդմիշտ կատարեալ առողջութեամբ, յաջողութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Փափաքնե՜ր անկատար, որոնք միշտ կը մնան մեր հոգիի խորքերը մխրճուած, փտած ակռայի մը նման, յաճախ փոթորկելով մեր հոգին՝ յատկապէս Ամանորի այս շրջանին:
Պէտք ունինք գանգատի փուշերէն փրկուելու եւ ահա՛ անոր դեղն ու դարմանը թաքնուած է երախտագիտութեամբ զԱստուած գովաբանելու մէջ: Եկէ՛ք, համրելու սկսինք մեզի պարգեւած շնորհքները անցեալ տարիներուն ամբողջ. մեր կեանքը, ժամանակը, տաղանդներն ու առիթները, ընտանիքն ու բարեկամները, առողջութիւնն ու երջանկութիւնը: Այնքա՜ն շատ են, որ արդէն համրելու պահուն ցնծութիւն մը պիտի լեցնէ մեր սրտերը եւ ապրելու հրճուանքը պիտի զգանք մինչեւ մեր ծուծը:
«Իմ անձս պիտի փառաւորէ Տէրը, եւ իմ հոգիս ցնծաց Աստուծմովս»:
Որպէսզի Նոր տարին դառնայ իսկապէս «նոր», պէտք է փորձենք չփորձուածը, ինչ որ կեանքի նկատմամբ մեր գոհունակութիւնը աւելցնելն է՝ քան դժգոհութիւնները։ Շիտակ համրել սորվինք կեանքին մեզի տուածները եւ դեռ չտուածները ու գիտակցինք, թէ ժամանակն է ներելու եւ մոռնալու թէ՛ մեր անցեալի վրիպումները եւ թէ ուրիշներու սխալները մեր անձի նկատմամբ՝ ունենալով վեհանձն հոգի մը՝ միշտ պատրաստ սրբագրելու հի՛նը եւ հիմնադրելու նո՛րը թարմ երազանքով:
Եթէ այս շնորհալի կեցուածքը կարողանանք ցուցաբերել այս 2024 նոր տարուան ընթացքին, ապա այդ ժամանակ է, որ մաքուր խղճով, մարդավայել զգացումով եւ անկեղծութեամբ կրնանք ըսել.
Շնորհաւոր Նոր տարի:
Ձեր բոլորին երջանկութիւն եւ առողջութիւն, երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ…