ԻՄ ԵՒ ՁԵՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Հինը գնաց: Ճամբեցինք: Արդէն նոր տարի է: Աշխարհն ալ, իր կարգին, հին տարին նետեց իր աղմկոտ պատմութեան խճողուած թանգարանին մէջ:
Անկեղծօրէն նաեւ ըսեմ՝ Ամանորը ինծի կը յիշեցնէ իմ մանկութիւնս: Տարիներ առաջ, շատ-շատ առաջ, ինծի համար Նոր տարին հեքիաթի կը նմանէր։ Մեծ յուզումով կը սպասէի այդ օրուան։ Յուզումով եւ ակնկալիքներով լեցուն, քիչ մըն ալ վախով կը հաւատայի այդ հեքիաթին եւ կը կարծէի, թէ ես ալ մաս կը կազմէի անոր։
Այդ օրերուն այդպէս էի… հաւանաբար բոլոր տարեկիցներուս պէս: Ապա վերջը, քիչ մը հասունցած տարիքիս, թէեւ այլեւս հեքիաթը կորսնցուցած էր իր իմաստը, սանկ տեսակ մը տխրութեամբ կը դիմաւորէի հեռացող տարուան այդ վերջին օրը։ Ու միտքս կ՚իյնար մեզմէ յաւէտ բաժնուած բոլոր հարազատներս՝ հայր, մայր, մեծ մայր, մեծ հայր, եղբայր, քոյր, զարմիկ, ազգական, դրացի, ընկեր, դասընկեր: Մէկ խօսքով՝ սրտի մօտիկներ, որոնց հետ կարճ կամ երկա՜ր տարիներ կիսած էի. քաղցր ու անուշ:
Ապա, այս մտածումներուս կը յաջորդէին ամբողջ տարուան ընթացքին անցուցած օրերս, ժպիտներս, լացերս, արձակուրդներս, կատակներս, նոր եւ հին դէմքերու հետ հանդիպումներս ու ծանօթութիւններս, ձեռքբերումներս, յաջողութիւններս, ձախողութիւններս, յուսախաբութիւններս, յօդուած-գրութիւններս ու ընթերցողներուս հետ վարած զրոյցներս: Ուստի, իբրեւ հաշուեյարդար կատարող անկեղծ հայ մարդ՝ ինծի կ՚իյնար նստիլ եւ քննել միտքս ու սիրտս, ապա յստակ պատկեր մը կազմել, թէ որքանո՞վ հաւատք ունեցած էի իմ ըրածիս եւ ըրածներուս, կատարածիս եւ ծրագրումներուս համար: Աւելի ճիշդ՝ արդեօք կարողացա՞ծ էի ինքզինքս կամ ներկայութիւնս արդարացնել գաղութիս, նաեւ հեռու կամ մօտիկ հայութեանս շրջանակներէն ներս: Արդեօք պարզ համրանքի՞ մէջ մնացած էի ամբողջ տարի մը:
Իսկ հիմա… համեստօրէն նաեւ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ հակառակ ութ տասնամեակներու վրայ երկարող կեանքիս ուրախ եւ տխուր օրերուն՝ ընդհանրապէս տարիքս չէի զգացած: Կը գիտակցիմ, որ ե՛ս տակաւին ունիմ շատ «գործեր», որոնք զիս հանգիստ չեն ձգեր: Պէտք է անկեղծանալ, սակայն, մինչեւ հիմա «կատարածներէս» գոհ եմ: Չեմ զղջացած: Տակաւին մէջս կայ, ունիմ սորվեցնելու եւ սորվելու մարմաջն ու ցանկութիւնը: Ճիշդ է, որ այս ամբողջ տարուան ընթացքին ազգային ճակատագրական պահեր, դէպքեր, պատահարներ կանգնեցան դիմացս։ Այդ բոլորին դժբախտ ականատես դարձայ յաճախ, բայց… ընթացքս շարունակեցի: Նախ յիշեցնեմ. ազգովին կորսնցուցինք ամբողջ պատմական եւ պապենական հող մը՝ Արցախ երկիրը: Բոլորս ցնցուեցանք, տխրեցանք, յուսահատեցանք, ողբացինք, մեր աչքերուն գարունները կորսնցուցինք՝ մեր մտածելու թափին հետ միասին: Մեր աղօթքները կրկին դէպի վեր, ամպերէն շատ վերերը բարձրացուցինք, որովհետեւ մէջտեղը աղէտ մը կար՝ տեսանելի, վշտալի եւ ահառկու:
Ինչպէս միշտ ըսած եմ՝ սփիւռքի մէջ կ՚ապրինք։ Չեմ գիտեր մինչեւ երբ, բայց լաւ գիտեմ, որ հակառակ այս իրողութեան՝ ամէն բանէ առաջ ամէնօրեայ մեր մաշումին ականատես դառնալ սկսած ենք՝ երբեմն անտարբեր: Դժուարին սփիւռքի մը մէջ կ՚ապրինք։ Կը կրկնեմ՝ դժուարին ու ծանր պայմաններու մէջ կ՚ապրին նաեւ բոլոր սփիւռքները, ուր ֆիզիքական մեր կորուստին կողքին, կայ նաեւ բարոյականը: Գիտեմ… Կ՚արդարանամ՝ ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են, նիւթականացած են նաեւ մեր բոլոր արժեւորումներն ու անոնց չափանիշները: Ու ամենէն ցաւալին՝ մարդոց մօտ տեսանելի է բարութեան, կամեցողութեան յաճախակի եւ նոյնիսկ տեւական բացակայութիւնը: Ատելութեան, անվստահութեան եւ նախանձին վրայ աւելցած է կասկածամտութիւնը։ Նիւթականը ամէն բանի տեղը գրաւած է։ Կեղծ իրականութիւններով մենք զմեզ շրջապատած ենք: Եղած ենք մակերեսային ու դարձած ենք անփոյթ ու նետուած ինքնախաբէութեան մը ընդարձակ գիրկը: Զիրար չխաբենք. ցաւալի իրականութիւն…
Բայց, ի՜նչ որ ալ ըլլան մարդոց նկարագրի սեւ ու ճերմակ, տխուր կամ ուրախ գիծերը, ինծի համար ամենէն կարեւորը ընտանիքն է, ընտանեկան ջերմ ու լուսաւոր մթնոլորտը: Կին, զաւակ, թոռներ, մօտիկ-հեռու հարազատներ… եւ հայրենիք՝ Հայաստան: Ներկայիս ունինք ազատ եւ անկախ հայրենիք մը, երկիր մը, պապենական դարերու տո՛ւն մը, հող մը, որուն բնակիչներէն շատեր կարծես կ՚ապրին ուրիշ մոլորակի մը վրայ: Տեսակաւոր հայեր դարձած են: Շատ-շատեր հայութեան աղմուկէն սկսած են հեռանալ: Տեսանելի են: Իսկ ուրիշներ ալ, պատիւ իրենց, հողին կառչած կը մնան: Շատեր իրենք զիրենք հայրենասէր կը ձեւացնեն, սակայն, «կիսամիջոց» հայութեամբ կ՚ապրին: Մէկը կը ծնի ու հայրենիքէն շատ հեռու կը մեռնի իր ծնած հողին վրայ: Ան միւսը՝ հայրենիք կը ներգաղթէ, հոն ապրելու, վերջնականապէս հաստատուելու համար: Ուրիշ մը հայրենիքէն դուրս կու գայ, կը գաղթէ, կամովին կ՚երթայ կորչելու… հայու հրապարակէն հեռանալու: Հաւատացէ՛ք, ժամանակը մեզի շատ բաներ կը թելադրէ, եթէ, անշուշտ, մեր ականջները լայն բացած ենք նոյն այդ ժամանակէն հասած արձագանգը լսելու:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ՚ըսեմ միշտ՝ տխուր է հայու յատուկ մեր իրականութիւնը: Արդարեւ, տակաւին վարանում կայ մեզմէ շատերու մտքերուն մէջ: Տակաւին շատեր պատրաստ չեն այս իրականութիւնը յանձն առնելու։ Սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութեան պակասը զգալի է: Մեր մտքերը նոր զարթօնքի մը կարիքն ունին՝ մեզ դէպի նոր արշալոյսեր առաջնորդող կարօտով: Կը շեփորեմ միշտ, բայց ո՞վ է լսողը, կարդացողն ու գործադրողը: Այս եւ նման մտածումներէս մեկնած՝ հիմա արդէն սկսած եմ ես զիս փնտռել: Անոր համար է, որ այս նոր տարուան առթիւ աղօթքի ու բարի մաղթանքներու մրմունջներով կը փորձեմ հոգիս գրիչովս քակել:
Ըսի՛, չէ՞ որ նոր տարի է: Ուստի, կը փորձեմ մտահոգութիւններս յայտնել հոգիիս լիութեամբ, կեանք ներարկող խօսքերով, պատշաճ բառերով եւ իմաստալից: Գիտեմ, որ հայկականութեամբ ապրիլը մեծ եւ հաճելի փորձառութիւն է: Գիտեմ նաեւ, որ հողը եւ լեզուն վերապրումի գործիքներ են: Սա կը նշանակէ, որ մեր ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը պէտք է բազմացնել: Հայկական մեր ինքնութիւնը կը փնտռենք ամէն տեղ ու նոյնիսկ սկսած ենք մեր նոր պատմութիւնը մեր ձեռքերով գրել, լաւ կամ վատ օրերու շարքով: Գիտենք, որ մեր դիմաց տակաւին ճակատագրական խաչմերուկներ կան եւ որոնք մեր կեանքի տեսակաւոր ծանրութիւնը նոյնիսկ կը կրկնապատկեն։ Այս եւ նման մտահոգութիւնները անցեալ ամբողջ տարուան ընթացքին յաճախ թուղթին յանձնած եմ: Արդի՞ւնք… մեզի սահմանուած աշխարհին մէջ համտեսելով ինծի հրամցուածը՝ միշտ յոյս մուրացած եմ եւ հրաշքը փնտռած։
Նոր տարի է: Կ՚ըսեմ եւ կը կրկնեմ՝ նոյն այդ յոյսով եւ հրաշքին հաւատալով: Համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային անապահով ներկայ վիճակին մէջ եւ մեր ամէնօրեայ հարցերուն բախած իրականութեան կողքին, կրկին անգամ մեր աչքերը կը յառենք նոր եկող անծանօթ այս Նոր տարուան եւ կը փորձենք դրական մտածել, լոյսի եւ յոյսի նշաններ որոնել, նոր սիւներ ծրագրել եւ կառուցել, որպէսզի մեր կեանքի տանիքին ծանրութիւնը չկքի ու քիչ մը աւելի երկար դիմանանք։ Սակայն, այս բոլորի իրականացման համար էական է մեր գիտակցութեան հասունութիւնը։ Արդ, Նոր տարուայ առթիւ բոլոր միւս սովորական եւ աւանդական խօսք-բառերուն կողքին, մաղթանքս է, որ մենք ազգովին մնանք մեր ինքնութեան հաւատարիմ:
Մինչ այդ, շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ԱՄՆ
Հարթակ
- 11/30/2024