ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Շաբաթ կէսօրուան ժամերուն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ համայնքային գործիչ եւ բարերար Արման Փոլատի յուղարկաւորութիւնը։ Իր այրին՝ Իրմա Փոլատը մխիթարելու եւ հանգուցեալին նկատմամբ վերջին յարգանքը արտայայտելու նպատակով հոծ թիւով յուղարկաւորներ փութացած էին եկեղեցի, որոնք թագաղին շուրջ համախմբուած աղօթեցին հոգելոյս Արման Փոլատի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։ Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին ներկայացուցիչները։

Արման Փոլատի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024