«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տարեմուտը բնորոշուեցաւ աւանդական խանդավառութեամբ։ Մանկապարտէզի սաներու ժպիտները, ամանորեան երգերն ու արտասանութիւնները այնքան յաջող էին, որ բոլորին տարեմուտի տրամադրութիւնները պայմանաւորեցին։ Վարժարանի բոլոր դասարաններու սաներն ալ բաժին ունէին յայտագրին մէջ։ Ներկաներու ծափողջոյններուն մէջ բաժին կար թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ անոնց աշխատանքները վերահսկած կրթական մշակներուն համար։

Դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան բոլորը շնորհաւորեց՝ 2020 թուականին համար մաղթելով նոր ձեռքբերումներ։ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ալ, որ կը գլխաւորէ վարժարանի կամաւոր հոգաբարձութիւնը, նուէրներ պատրաստած էր դպրոցի աշակերտութեան համար։

Կաղանդ պապուկի ժամանումով տարեմուտի խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։

Երկուշաբթի, Յունուար 1, 2024