ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՑԱՒՈ՛Ր Է

«Ո՛վ երիտասարդ, քու մանկութեանդ մէջ ուրախ եղիր եւ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ սիրտդ թող քեզ զուարճացնէ եւ քու սրտիդ ճամբաներովը եւ աչքերուդ նայուածքովը քալէ. բայց գիտցի՛ր թէ ասոնց ամէնուն համար Աստուած քեզ դատաստանի պիտի կանչէ։

«Քու սրտէդ տրտմութիւնը վերցո՛ւր եւ մարմնէդ չարութիւնը հեռացո՛ւր, վասնզի մանկութիւնը եւ երիտասարդութիւնն ալ ունայնութիւն են». (ԺՈՂՈՎՈՂԻ. ԺԱ 9-10)։

Ժողովողի Գիրքին մէջ գրուած այս խօսքերուն ի՛նչ կը խորհին երիտասարդներ չենք գիտեր։ Իսկ մենք, մեր երիտասարդութեան ի՛նչ կը մտածէինք, անորոշ է, քանի որ երիտասարդներ, ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ միշտ երիտասարդ պիտի մնան եւ չեն հետաքրքրուիր շատ ալ իրենց ապագայով։ Սակայն, երիտասարդներ հաւանաբար լսած են սա խօսքը, թէ երիտասարդները կամենային, տարեցներ կարենային…։ Այս իմաստով, երիտասարդներ ուժ եւ կորով ունին, բայց փորձառութիւն չունին, իսկ տարեցներ ընդհանրապէս յոգնած, ուժէ նուազած են, բայց փորձառութիւն ունին։ Եւ փորձառութիւնը՝ գիտութիւնը կ՚աւելցնէ։

Տարեցներու համար «ընդհանրապէս» ուժէ նուազած ըսինք, քանի որ «տարեց» բայց «չծերացած» անձերու ուժը տակաւին չէ նուազած։ Այս ալ կը նշանակէ, որ «տարեց» ըլլալ տարբեր, «ծերացած» ըլլալ տարբեր բաներ են։

Այսօր տարեցներ կան՝ որոնք գործօն դիրքերու վրայ՝ բարձր պաշտօններ ստանձնած՝ գործունեայ են։ Կան նաեւ՝ որոնք բոլորովին դադրած են կեանքի պայքար մղելէ։ Եւ ասիկա թէ՛ նկարագրի եւ թէ տրամադրութեան հարց է։ Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ, իր երիտասարդութեան կամ տարիքաւոր հասակին, պէտք է առանձին առանձին արժեւորել։ Արդարեւ, կեանքի պայմանները մարդոց բոլոր տարիքներուն՝ տարբեր են եւ այդ պայմաններուն համեմատ պէտք է նկատի առնել անոնց վիճակը։

Երիտասարդէն պէտք չէ սպասել տարեցներու հասունութիւնը, իսկ տարեցներէն ալ՝ երիտասարդներու եռանդը եւ աշխուժութիւնը։

Պէտք է երիտասարդները ապրին իրենց ժամանակի կեանքը եւ տարեցներն ալ՝ իրենց կեանքը։ Եւ հարցը, կարծեմ, սերունդի տարբերութիւնը կամ ըսենք՝ իրարմէ հեռաւորութիւնն է, մինչեւ իսկ երկու սերունդի միջեւ գտնուող վիհեր, անդունդներ։ Եւ այս անդունդները պատճառ կ՚ըլլան, որ երիտասարդներ եւ տարեցներ իրար չհասկնան եւ հետզհետէ իրարու օտարանան…

Բայց դժբախտաբար երբեմն ալ երիտասարդներ իրարու հետ չեն հասկցուիր՝ տարբեր գաղափարներու եւ հաւատալիքներու պատճառով եւ կը հեռանան իրարմէ։ Աւելի շատ ցաւալի է, որ շատ յաճախ տարեցներ ալ զիրար չեն հասկնար անիմաստ պատճառներով եւ կ՚օտարանան իրարու, մինչդեռ ամենէն շատ անոնք պէտք է որ հասկնան, քանի որ կեանքի ճամբուն վրայ միասին ընթացած են՝ նո՛յն նպատակով…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 2, 2024