ՇԸՐՆԱՔԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ

Ա­հա­բեկ­չա­կան բռնա­րարք­նե­րը այս օ­րե­րուն դժբախ­տա­բար ան­պա­կաս են Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գէն։ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս ա­ռա­ւօտ ալ Շըր­նա­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ող­բեր­գա­կան դէպք մը։ Ա­կա­նի մը պայ­թեց­ման հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուե­ցաւ երեք անվ­տան­գու­թեան պաշ­տօ­նեայ։

Ըստ փո­խան­ցուած ա­ռա­ջին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, Շըր­նա­քի կեդ­րո­նին են­թա­կայ Ար­քա­քէօ­յի մօ­տա­կայ­քին ապ­րուե­ցաւ այս դէպ­քը։ Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ճա­նա­պար­հին վրայ զե­տե­ղուած ա­կան մը պայ­թե­ց-ւե­ցաւ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շար­ժի անց­նե­լու ժա­մա­նակ։

Խոյս տուած ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ձեր­բա­կալ­ման հա­մար ա­պա­հո­վու­թեան ու­ժե­րը գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած են շրջա­նէն ներս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2015