ԱՄԱՆՈՐԸ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Պաքըրգիւղի ընտանիքին տարեմուտի խանդավառութիւնը բնորոշուեցաւ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած համերգներով, որոնք բացառիկ բարձր տրամադրութեան առարկայ դարձան։ Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններու տղաքը Ամանորի առթիւ պատրաստուած էին մեծ եռանդով՝ դպրոցի ուսուցչական կազմի հսկողութեան ներքեւ։ Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին թէ՛ փոքրիկներուն եռանդը արդարացաւ, թէ՛ կրթական մշակներուն վաստակը արժեւորուեցաւ եւ թէ տղոց ծնողները անբացատրելի ուրախութիւն ապրեցան՝ իրենց զաւակներու տօնական ելոյթներուն ականատես դառնալով։

Փոքրիկներու յաջող ելոյթներով ստեղծուած խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ Կաղանդ պապուկի այցելութեամբ։ Ան խրատներ տուաւ սաներուն եւ փոքրիկ տատեանցիներուն բաժնեց նուէրներ, ինչ որ վստահաբար այժմէն կը պայմանաւորէ անոնց ապագայ մանկութեան յիշատակները։ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըն ալ, իր կարգին, շնորհաւորութեան խօսք մը արտասանեց՝ տարեմուտի բարձր տրամադրութեամբ ջերմօրէն ողջունելով բոլորը։ Տնօրէնուհին բարեմաղթութիւններ ուղղեց ծնողներուն, ուսուցչական կազմին եւ ամբողջ աշակերտութեան՝ բոլորին յորդորելով նոր տարիին աշխատանքը շարունակել նոր ու թարմ եռանդով։

Նոյնպէս տարեմուտի ծրագրի շրջանակին մէջ, երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի հսկողութեան ներքեւ կեանքի կոչուեցաւ երաժշտական ծրագիր մը, որ նախատեսուած էր ձիրքերու ցոյցի մը ձեւաչափով։ Այսպէս, վարժարանի շուրջ երեք տասնեակ տաղանդաւոր աշակերտներ հանդէս եկան երաժշտական ելոյթներով կամ պարերով, ինչ որ փայլուն պատկեր մը ստեղծեց անոնց ընդունակութիւններուն տեսակէտէ։ Տղաքը մեներգներով, նուագարաններու կատարումներով կամ պարերով խլեցին ջերմ ծափահարութիւններ։ Այս փուլին ալ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Ի լրումն այս բոլորին՝ Տատեան վարժարանի ուսուցչական կազմն ալ համախմբուեցաւ Ամանորի սեղանի մը շուրջ՝ փոխանակելով անկեղծ բարեմաղթութիւններ։

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2024