ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԽՐԻՄԻ ԹԱԹԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Խրիմի թաթարներու պատուոյ ղեկավար եւ Ուքրայնոյ երեսփոխան Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմլըօղլուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, թէ Թուրքիա չի ճանչնար Ռուսաստանի կողմէ Խրիմի բռնագրաւումը։
Վերջին օրերուն Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Խրիմի թաթարներու համաշխարհային համագումարը։ Այս ժողովին առթիւ Անգարա փութացած Քըրըմլըօղլուն հիւրընկալուեցաւ Էրտողանին կողմէ։ Բաց աստի, Էրտողան պատգամ մըն ալ ուղարկեց վերոյիշեալ համագումարին։ Այդ առիթով եւս ան ընդգծեց, թէ Թուրքիա չէ ճանչցած ու պիտի չճանչնայ Խրիմի բռնակցումը Ռուսաստանին։ «Ուքրայնոյ մէջ առկայ ճգնաժամին շրջագծով մեր առաջնահերթութիւնն է Խրիմի թաթարներուն անվտանգութիւնն ու անդորրութիւնը։ Մեր եղբայրներուն կացութեան կը հետեւինք ամէն վայրկեան եւ անոնց ենթարկուած ճնշումներուն ու դժուարութիւններուն յաղթահարման համար կը տեսակցինք բոլոր կողմերուն հետ, կը կատարենք անհրաժեշտ թելադրութիւնները ու կ՚առնենք անհրաժեշտ քայլերը», ըսաւ Էրտողան իր պատգամին մէջ։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ կը հակազդէ Անգարայի մէջ կազմակերպուած այս համագումարին դէմ։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին 2014-ի Ապրիլին հրամանագիր մը ստորագրած էր Խրիմի փոքրամասնութիւններու կացութեան բարելաւման համար։