ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ԱՌԱՒՕՏԸ ՄԵՐ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ

Վերստին կը լուսաւորուի քրիստոնեայ աշխարհին կեանքը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հրաշալի ծնունդովը, որուն մէջ մենք կը տեսնենք Աստուածորդիի խոնարհումը երկինքէն երկիր եւ Անոր գալուստով՝ մեր առջեւ բացուող առաւօտը նոր կեանքին:

Արդարեւ, Յիսուսի ծնունդը պէտք է տեսնել եւ թարգմանել որպէս Աստուծորդւոյն սիրոյ ճառագայթումը մարդկութեան կեանքին մէջ: Անոր ծնունդը՝ երկինքն ու երկիր իրար կապող կամուրջն է: Գիտակից ենք այս ճշմարտութեան, ինչպէս եւ կը վկայէ մեզի Աւետարանը՝ «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16):

Նոր տարին երբեւէ պիտի չունենար հոգեւոր տարողութիւն հաղորդող նոր կեանքի հրաւէր ու պատգամ, եթէ Յիսուսի ծնունդով վերածննդեան ու անմահութեան դուռ առաջնորդող ճանապարհը չբացուէր մարդկութեան առջեւ: Նոր տարին իր հոգեւոր պսակումը կ՚առնէ Յիսուսի ծնունդով, մանաւանդ երբ մենք մեզի խոստում կը կատարենք Նոր տարիով վերսկսող կեանքը ապրելու Քրիստոսի նմանակցութեամբ:

Մարդկութիւնը ճշմարտապէս եւ մշտապէս ինքզինք նորոգած է աստուածային սիրոյ ու իմաստութեան լոյսին հետ հաղորդակցութեամբ: Եւ Քրիստոսի ծնունդով կը կատարելագործուի հրաշքին առկայութիւնը մարդուն կեանքին մէջ, որուն այնքան պէտք ունինք ամէն օր ու ամէն ժամ, ինչպէս անցեալ ժամանակներուն, այնպէս ալ այս նորագոյն ժամանակներու ընթացքին:

Յիսուսի ծնունդը կարելի է ըմբռնել միայն ու միայն հաւատքի պրիսմակի ընդմէջէն դիտուած: Այն ատեն կ՚ընկալենք այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ «Խորհուրդ խորին» է Յիսուսի ծնունդը, որուն ներգործութիւնը բուժիչ բալասանն է մարդկութեան հոգիներուն մէջ բացուած վէրքին:

Մարդկութիւնը այսօր աւելի քան անցեալի բոլոր ժամանակները պէտքն ունի իր մէջ վերապրեցնելու տեսիլքն ու ոգին նոր կեանքին, որը պայմանաւորուած է Աստուծորդւոյն Քրիստոսի ծնունդով: Ուրեմն, Անոր ծնունդին մէջ պիտի տեսնենք Աստուծոյ խոնարհումն ու յայտնութիւնը մարդկութեան կեանքին մէջ, Աստուածորդւոյն կեանքը դարձնելով հայելին մեր կեանքին, որպէսզի յստակութեամբ ներթափանցենք ու տեսնենք մեր ներքին աշխարհը՝ իր առաւելութիւններովն ու թերութիւններով: Եւ երբ Քրիստոս է հայելին մեր ներաշխարհին, ապա ինքնաճանաչումը կը դառնայ առաւել կատարելագործուած: Յիսուսի հրաշալի ծնունդը կը տօնախմբենք ազգովին: Մեր բոլորի աղօթքը պիտի դառնայ իրական ու արդիւնաւոր, երբ խոստումը կը կատարենք Յիսուսի ծնունդով ապրելու վերածնունդը նոր կեանքին: Այս օրերուն մանաւանդ, ինչքան աշխարհը, այնքան եւս մեր ազգի զաւակունք պէտքն ունին յաղթելու կեանքի մէջ առկայ փորձութիւնները՝ Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդովը պայմանաւորուած: Նիւթական արժէքները երբեւէ չեն կրնար հաղորդել մեզ նորին խորհուրդը: Նորին խորհուրդը, նոր կեանքին աղբիւրը պիտի տեսնենք Յիսուս Մանուկի կեանքին մէջ: Այս պատկերին մանրակերտն է նաեւ իւրաքանչիւր մանուկի մը ծնունդը ընտանիքին մէջ: Եւ որպէս ծնողներ անտարակոյս կ՚ըմբռնենք այս ճշմարտութիւնը, որուն անսահմանելի տարողութիւնը ամփոփուած է Յիսուս Մանուկի հրաշալի ծնունդին մէջ:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Տօնախմբենք Յիսուսի աստուածային եւ հրաշագործ ներկայութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Տօնախմբենք խոր համոզումով, որ Յիսուսի ծնունդը մեր հոգիներու խորքին մշտապէս արթուն պիտի պահէ կոչումը քրիստոնէական, կարօտը հայրենական, տեսիլքը՝ մեր նախնեաց արեամբ նուիրագործուած հողին, ազատատենչ ոգին Արցախի, հաւատքը հայ ընտանեկան սրբութեան նկատմամբ, մեր խոնարհումը մեր ազգային ու եկեղեցական անկորնչելի արժէքներուն նկատմամբ, զոհագործումը նորահաս հայ պատանիին ու երիտասարդին հանդէպ, գիտութեան մէջ զարգանալու ձգտումը, ծառայութեան տենչը եւ վերջապէս Սուրբ Էջմիածնի յաւիտենական խորհուրդին հաւատարմութեան ուխտը:

Սիրելի հայ քրիստոնեայ,

Նորածնունդ դարձիր Յիսուսի ծնունդին ընդառաջ, քու հոգիի մէջ կրէ մանուկ Յիսուսը, քայլէ Յիսուսի հետ, որպէսզի զօրացած Անոր աստուածային զօրութեամբ ու իմաստութեամբ՝ քու մէջ չէզոքացնես տկարութիւնը եւ կեանքդ իմաստնաւորես անընդհատ նուաճումներով, ստեղծագործ կեանքով, եւ ի մասմաւորի այն գիտակցութեամբ, որ մեր կեանքը կը պատկանի Աստուծոյ եւ կ՚իմաստաւորուի մէկզմիւսով:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ,
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Թող մանուկ Յիսուսի ծնունդին մէջ իր կեանքի նոր առաւօտը ապրի Մայր Հայաստանը, մեր Սուրբ Եկեղեցին ու ազգը. ամէն:

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024