Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՅԻՍՈՒՍԻՆ՝ ԾՆՈՒՆԴԻՆ
Կարելի անյայտ հայեացքդ սպառնաց տողերս,
որոնք դեռ չընդգրկած ճերմակ ծով ու արեւ,
դարձան ծառայ քու ցանկութեան ու մաղձ տուին ճիգերուս,
որոնք ննջեցին վհատ, լքելով թռիչք ու թեւ:
Բայց երբ հիմա ես յուզեմ հոգիներս սիրելի,
պիտի գոռան սրտիս անդունդները անտարբեր
ու նզովեն իմ հէգ տաղին հայհոյանքով նազելի,
որ ընպեցուց տողերուս Յիսուսի հուրքն լուսաբեր:
Այս գիշերուայ անլոյս ճիչին եւ ի՞նչ փառքով այցելեմ,
երբ ան յոգնած կ՚ունկնդրէ Յիսուսիս երգը նաշխուն,
միթէ՞ պէտք է յաւերժի չոր ուսերը շօշափեմ
կամ յաւերժ մը շալկեմ նետելով այս գիշերուան աստղերուն:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024