ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐՕՏՆԱԼ ԱՆՑԵԱԼԸ
Իսկապէս հին ժամանակները աւելի՞ գեղեցիկ էին՝ քան այսօր։ Ներկայէն փախչելու համար պահ մը կը թակենք անցեալի դուռը, իսկ երբեմն ալ կ՚երթանք դէպի ապագայ՝ երազելով։ Մեր դէպի անցեալ կամ դէպի ապագայ փախուստները պատճառ կ՚ըլլա՞ն մոռնալ ներկան: Շոփենհաուէրի խօսքով՝ «Արդեօք մենք մեզ կը խաբե՞նք անցեալի կարօտով եւ ապագայի մասին երազելով՝ այսօրուայ քաոսէն խուսափելու համար»:
Տարեմուտի այս օրերուն մարդիկ տոգորուած են նոր ակնկալութիւններով, նոր յոյսերով։ Բոլորի սպասումը մեծ է նոր տարուընէ, բայց աշխարհի եւ բազմաթիւ մարդոց հոգեբանական ու առողջական առկայ անկայուն վիճակի պայմաններուն ներքեւ անխուսափելի է յետադարձ հայեացք մը նետել անցեալի բարեկեցիկ ու կայուն օրերուն, երբ ուրախ էին եւ հանգիստ։
Անցեալի կարօտը եւ ապագայի հանդէպ երազանքները կը տարբերին ներկայ պահու «ներուժին» համեմատ: Այլ խօսքով, բնական է, որ անհատը մելամաղձոտ օրերուն վերյիշէ անցեալի օրերը: Բացասական յուզական իրավիճակներու մէջ մենք անընդհատ կը փափաքինք փախչիլ դէպի աւելի լաւ պահեր եւ մտածել այդ պահերու մասին: Բայց աւելի դրական պահու մը ընթացքին անցեալին այցելելու կամ ապագան երազելու որեւէ նկրտում չենք դրսեւորեր։
Իսկ ինչո՞ւ կը կարօտնանք անցեալը։
Անցեալը կարօտնալու գլխաւոր պատճառը հաւանաբար ներկայ պահէն դժգոհ ըլլալն է։ Անցեալի հանդէպ մեր զգացումները մեզ կը տանին դէպի լաւ յիշատակներ։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, մարդիկ ժամանակի ընթացքին կը փոխուին եւ այդ ընթացքին չեն ուզեր խզել իրենց կապը անցեալի հետ: Մենք կ՚ուզենք յիշել, թէ տարիներ առաջ մեր կեանքը ինչպէս էր այսօրուան բաղդատմամբ։
Կարօտը մեզ կը դրդէ յիշել անցեալը։ Ան ունի մեզ այլ մարդոց հետ կապելու գործառոյթ։ Ան մեզ կը կապէ մեր կեանքի ամենակարեւոր մարդոց հետ՝ մեր ընկերներուն, մեր ընտանիքին… Այս գործառոյթը կը շարունակէ ընդլայնուիլ մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Այնուամենայնիւ, անցեալը կարօտնալը զերծ չէ բացասական ազդեցութիւններէն: Կարօտի զգացումը կրնայ մարդիկ տանիլ նաեւ անհանգստութեան, անքնութեան եւ ճնշուածութեան։ Կարօտը զանազան առումներով զգացում մըն է, որ մարդոց կ՚օգնէ հետեւիլ անցեալի եւ ապագայի արժէքներուն, ինչ որ կեանքի ընթացքին յառաջընթացի ճանապարհ կարելի է համարել: Եթէ որեւէ պատճառով մարդ դժգոհ է իր վիճակէն, ան կրնայ զգալ, որ անցեալը աւելի լաւ էր:
Եթէ մենք հնարաւորութիւն ունենայինք վերադարձնել այն, ինչ որ կը յիշենք, վստահ եմ, որ բաւական դժուարահաճ կ՚ըլլայինք, որովհետեւ մենք շատ բծախնդիր ենք ընտրելու ընթացքին, երբ կը յիշենք անցեալի մեր փորձառութիւնները:
2008 թուականին իրականացուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ կարօտախտը վերացուցած է առանձնութեան զգացումը մարդոց ընկերային աջակցութեան ընկալումը բարձրացնելու միջոցով: 2013 թուականին կատարուած այլ հետազօտութեան մը արդիւնքին համաձայն՝ անցեալի կարօտով տառապող մարդիկ կրնան աւելի լաւատեսօրէն տրամադրուիլ իրենց ապագայի նկատմամբ։ Կարօտի կապը անցեալի եւ ապագայի միջեւ կը ստեղծէ ընկալում մը, թէ կեանքը ունի իմաստալից շարունակականութիւն:
Ըստ Y սերունդի (1983-1995 տարիներու միջեւ ծնածներ) 303 մարդոց հետ կատարուած հետազօտութեան՝ պարզուած է, որ մասնակիցները կարօտի բարձր հակում ունին։ Մասնակիցներու 77.22 առ հարիւրի մօտ կարօտախտի բարձր միտում կը նկատուի, 22.11 առ հարիւրի մօտ՝ միջին, իսկ 0.66 տոկոսին մօտ՝ ցած։ Կարօտի բարձր հակումով մարդոց 71.79 տոկոսը իգական սեռի կը պատկանին, իսկ 28.21 տոկոսը՝ տղամարդոց: Ըստ հետազօտութեան արդիւնքին՝ Y սերունդի ներկայացուցիչներու մեծամասնութիւնը կը կարօտնան անցեալը:
Կարօտը նաեւ կ՚ազդէ այն ընկալման վրայ, որ անցեալը աւելի լաւ էր: Ի հարկէ, անհատը այդ ձեւով կրնայ զգալ՝ առանց հաշուի առնելու բազմաթիւ գործօններ անցեալի եւ ներկայի միջեւ։ Մարդու ներաշխարհին մէջ զգացած դատարկութիւնը զայն կը մղէ կարօտի, նաեւ կ՚առաջնորդէ մտածելու, որ անցեալը ներկայէն աւելի լաւ էր։ Բայց երբ մարդիկ յիշեն անցեալը, յաճախ կը յիշեն անոր լաւ կողմերը։ Չեն ուզեր յիշել բացասական պահերը։ Այս պատճառով անցեալը կրնայ աւելի լաւ թուիլ, բայց սա հոգեբանական չափման արժէքէն այլ կողմ չ՚անցնիր։ Բացի այս բոլորէն, ի հարկէ, անցեալը կրնայ աւելի լաւ ըլլալ՝ քան ներկան, մանաւանդ նկատի ունենալով երեկոյեան լուրերու բովանդակութեան օրակարգերը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024