Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՊՍԱԿ Ա. ՔՀՆՅ. ԹԷԶԷՆԼԵԱՆԻ
Այս առաւօտ խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ի Տէր հանգած է մեր քահայանից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Պսակ Ա. Քհնյ. Թէզէնլեան, որ երկար տարիներ ծառայութիւն մատուցած էր մեր եկեղեցւոյ։ Ան եղած էր Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եւ Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներու բազմամեայ երէցը։ Անդամ էր Կրօնական ժողովի։ 1999 թուականին կաթողիկոսական ընտրութիւններուն մասնակցած էր որպէս Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչ՝ Ազգային պատգամաւորական ժողովի գումարման ժամանակ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Մանրամասնութիւնները՝ վաղուան թիւով։
Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015