ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Կ՚աղօթենք Աստուծոյ, կ՚աղօթենք եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, քանի որ Ան մեր երկնային Հայրն է, եւ շատ բնական է՝ որ որդի մը բան մը խնդրէ իր հօրմէն։
Բայց եթէ նոյնիսկ որեւէ խնդրանք չունինք, պէտք է շնորհակալ ըլլալով աղօթել եւ փառք տալ Աստուծոյ իր տուածներուն համար եւ ըսել. «Փա՜ռք քեզ Տէր Աստուած»։ Ուստի, եթէ նոյնիսկ այդ պահուն որեւէ խնդրանք չունինք, աղօթելու ենք եւ շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ։ Որովհետեւ Աստուած ամէն ինչ է, այն բոլոր բարեմասնութիւնները, յատկութիւնները Անոր կը վերաբերին, այն բոլոր բարիքները, զօրութիւնը, առաքինութիւնը, որ կա՛յ…
Ահաւասիկ, այս իմաստով Կիպրիանոսի աղօթագիրքին մէջ՝ «Աղօթք պահպանութեան» նշուած են Աստուծոյ բարեմասնութիւններ, զորս կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։
Անշուշտ, այսքան չեն Աստուծոյ բարեմասնութիւնները, քանի որ Անոր յատկութիւնները եւ տրուած շնորհալի ածականները անհամար են՝ քանի որ Ան ամէն ինչ է եւ Անոր չեն պակսիր որեւէ որակում, Ան ամենակատարեա՛լն է եւ բացարձակը ամէն ինչի։
ԱՂՕԹՔ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ
Անսկիզբն Աստուած, անեղ Աստուած, անիմանալի Աստուած, անծին Աստուած, անպարագրելի Աստուած, ամենագէտ Աստուած, ամենարարիչ Աստուած, ամենարփի Աստուած, ամենարքայ Աստուած, ամենաայց Աստուած, ամենաայցելու Աստուած, ամենաբարի Աստուած, ամենաբարձրեալ Աստուած, ամենաբաւ Աստուած, ամենաբաւական Աստուած, ամենաբերկրեալ Աստուած, ամենաբոյժ Աստուած, ամենաբուժիչ Աստուած, ամենաբուղխ Աստուած, ամենադատ Աստուած, ամենազդիչ Աստուած, ամենազդու Աստուած, ամենաղբիւր Աստուած, ամենամեծ Աստուած, ամենասաց Աստուած, ամենարթուն Աստուած, ամենարձակ Աստուած, ամենարմատ Աստուած, ամենաբաշխ Աստուած, ամենաբաշխող Աստուած, ամենագով Աստուած, ամենագովեալ Աստուած, ամենագովելի Աստուած, ամենագութ Աստուած, ամենագթած Աստուած, ամենագանձ Աստուած, ամենագորով Աստուած, ամենագտիչ Աստուած, ամենադատաւոր Աստուած, ամենադարման Աստուած, ամենադարմանիչ Աստուած, ամենադաւանեալ Աստուած, ամենադիր Աստուած, ամենաեզերիչ Աստուած, ամենաերբ Աստուած, ամենազարդ Աստուած, ամենազարդարիչ Աստուած, ամենազարդարող Աստուած, ամենազեղ Աստուած, ամեազօր Աստուած, ամենազօրեղ Աստուած, ամենաէակ Աստուած, ամենաէն Աստուած, ամենաերկինք Աստուած, ամենաըղձումն Աստուած, ամենաընդունակ Աստուած, ամենաընդունող Աստուած, ամենաընտրող Աստուած, ամենաթագ Աստուած, ամենաթագաւոր Աստուած, ամենաժառանգ Աստուած, ամենիմաստ Աստուած, ամենիշխան Աստուած, ամենիշխող Աստուած, ամենաիրաւ Աստուած, ամենալոյս Աստուած, ամենալիր Աստուած, ամենալրումն Աստուած, ամենախնամ Աստուած, ամենախնամող Աստուած, ամենախորին Աստուած, ամենախորհուրդ Աստուած, ամենախրատ Աստուած, ամենախօս Աստուած, ամենածագումն Աստուած, ամենածաւալ Աստուած, ամենակալ Աստուած, ամենակայծ Աստուած, ամենակատար Աստուած, ամենակատարող Աստուած, ամենակէտ Աստուած, ամենակիր Աստուած, ամենակրող Աստուած, ամենահաս Աստուած, ամենահասու Աստուած, ամենահաստատ Աստուած, ամենահաստատիչ Աստուած, ամենաձեռն Աստուած, ամենաձեռնտու Աստուած, ամենաձիր Աստուած, ամենաղամբար Աստուած, ամենաղեկավար Աստուած, ամենաճառագայթ Աստուած, ամենաճարակ Աստուած, ամենաճշմարիտ Աստուած, ամենամարզ Աստուած, ամենամարզիչ Աստուած, ամենամաքուր Աստուած, ամենամաքրիչ Աստուած, ամենայառաջ Աստուած, ամենայար Աստուած, ամենայարոյց Աստուած, ամենայոյս Աստուած, ամենայորդող Աստուած, ամենայորդորիչ Աստուած, ամենաշահ Աստուած, ամենաշահաւոր Աստուած, ամենաշարժ Աստուած, ամենաշէն Աստուած, ամենաշունչ Աստուած, ամենաուժեղ Աստուած, ամենաուղիղ Աստուած, ամենաուղորդ Աստուած, ամենաչափով Աստուած, ամեապահ Աստուած, ամենապահող Աստուած, ամենապայծառ Աստուած, ամենապատիւ Աստուած, ամենապարագրող Աստուած, ամենապարգեւ Աստուած, ամենապարզ Աստուած, ամենապարզիչ Աստուած, ամենապարոյր Աստուած, ամենաջահ Աստուած, ամենաջամբ Աստուած, ամենաջամբող Աստուած, ամենաջան Աստուած, ամենառատ Աստուած, ամենառատացուցիչ Աստուած, ամենասահման Աստուած, ամենասահմանիչ Աստուած, ամենասանձ Աստուած, ամենասանձող Աստուած, ամենասուն Աստուած, ամենասուրբ Աստուած, ամենասրբիչ Աստուած, ամենասփիւռ Աստուած, ամենավայելուչ Աստուած, ամենավարժիչ Աստուած, ամենավարիչ Աստուած, ամենատեղ Աստուած, ամենատես Աստուած, ամենատեսուչ Աստուած, ամենատէր Աստուած, ամենատիրող Աստուած, ամենատու Աստուած, ամենատօն Աստուած, ամենացայգ Աստուած, ամենացայտ Աստուած, ամենացայտող Աստուած, ամենացանկ Աստուած, ամենացանկալի Աստուած, ամենացնծութիւն Աստուած, ամենացօղ Աստուած, ամենափայլ Աստուած, ամենափայլեալ Աստուած, ամենափայլիչ Աստուած, ամենափայլող Աստուած, ամենափառք Աստուած, ամենափոյթ Աստուած, ամենափրկիչ Աստուած, ամենափրկող Աստուած, ամենաքարոզ Աստուած, ամենաքարոզիչ Աստուած, ամենաքաւ Աստուած, ամենաքաւիչ Աստուած, ամենողորմ Աստուած, ամենոռոգ Աստուած, ամէնուրեք Աստուած, անախտ Աստուած, անեզր Աստուած, անեղ Աստուած, անեղծ Աստուած, անըմբռնելի Աստուած, անժամանակ Աստուած, անլռեցի Աստուած, անխարդախ Աստուած, անծայր Աստուած, անկոխելի Աստուած, անհասանելի Աստուած, անղօղելի Աստուած, անճառ Աստուած, անճառազատութիւն Աստուած, անճառահաւոր Աստուած, անճառաղբիւր Աստուած, անճառարարիչ Աստուած, անճառարփի Աստուած, անճառարքայ Աստուած, անճառարքայութիւն Աստուած, անճառիմաստ Աստուած, անճառողորմ Աստուած, անճառաբարի Աստուած, անճառաբաց Աստուած, անճառաբուղխ Աստուած, անճառագով Աստուած, անճառագութ Աստուած, անճառազօր Աստուած, անճառալուր Աստուած, անճառախոր Աստուած, անճառածագ Աստուած, անճառաչափ Աստուած, անճառապատիւ Աստուած, անճառավեհ Աստուած, անճառափայլ Աստուած, անճառափառ Աստուած, անմեկնելի Աստուած, անյիշաչար Աստուած, աննեղելի Աստուած, աննինջ Աստուած, անշարժ Աստուած, անոխակալ Աստուած, անպատմելի Աստուած, անօրինակ Աստուած։
Բարի Աստուած, բարեմիտ Աստուած, բարի բնութիւն Աստուած, բարեաց բարի Աստուած, բարեբաշխ Աստուած, բարեգութ Աստուած, բարեբարոյ Աստուած, բարեխորհուրդ Աստուած, բարեաց պարգեւող Աստուած, բարեսէր Աստուած։
Գովեալ Աստուած, գերիվերոյ Աստուած, գերազարդ Աստուած, գոհաբանեալ Աստուած, գերապանծ Աստուած, գեղեցիկ Աստուած, գերագոյն Աստուած, գոյացուցիչ Աստուած։
Դատաւոր Աստուած, դատաւորաց դէտ Աստուած, դիտապետ Աստուած, դասաւորիչ Աստուած, դաւանեալ Աստուած, դասուց վերնոյ Աստուած, դեղ կենաց Աստուած, դաստիարակող Աստուած, դրախտ Աստուած։
Երրորդութիւն Աստուած, երկինք Աստուած, երկնաւորաց Աստուած, երկրաւորաց Աստուած։
Զօրաւոր Աստուած, զօրութիւն Աստուած, զօրեղ Աստուած, զուարթնոց Աստուած, զարդարող Աստուած, զարմանք Աստուած, զարմանալի Աստուած, զարհուրելի Աստուած, զարդագին Աստուած։
Էրրեակ եւ մի Աստուած, էական Աստուած, էացուցիչ Աստուած, էութիւն Աստուած, էրանեալ Աստուած։
Թագաւորաց Աստուած, թագեալ Աստուած, թողիչ մեղաց Աստուած, թողելոց յարութիւն Աստուած, թշնամեայց սատակիչ Աստուած։
Ժառանգութիւն Աստուած, ժամանակեալ Աստուած, ժամանող Աստուած, ժամանակաց Աստուած։
Ի սկզբանէ Աստուած, ինքնակամ Աստուած, ինքնագոյն Աստուած, ինքնակալ Աստուած, ինքնատար Աստուած, ինքնակարող Աստուած, ինքնիշխան Աստուած, իշխող Աստուած, ի բարձունս Աստուած, իմանալի Աստուած։
Լոյս Աստուած, լուսաւոր Աստուած, լոյս անստուեր Աստուած, լոյս թափանցիկ Աստուած, լուսազգեստ Աստուած, լուսաւորիչ Աստուած, լուսազարդ Աստուած, լուսատու Աստուած, լուսաճեմ Աստուած, լսող Աստուած, լիութիւն Աստուած, լցուցիչ Աստուած։
Խոր անքննին Աստուած, խաղաղութիւն Աստուած, խաղաղարար Աստուած, խնամող Աստուած, խնամիչ Աստուած, խրատիչ Աստուած, խանդաղատող Աստուած, խորհուրդ Աստուած, խորհրդապետ Աստուած, խնդրուած Աստուած, խորհրդագէտ Աստուած, խնդրող Աստուած, խոնարհ Աստուած։
Ծագումն Աստուած, ծնող Աստուած, ծագող Աստուած, ծարաւելոց Աստուած, ծանուցեալ Աստուած, ծանուցիչ Աստուած, ծառայից տէր Աստուած, ծածկատես Աստուած, ծածկագէտ Աստուած, ծայր Աստուած։
Կենդանի Աստուած, կենդանատու Աստուած, կենդանարար Աստուած, կենդանացուցիչ Աստուած, կամարար Աստուած, կամեցող բարեաց Աստուած, կատարեալ Աստուած, կառավարող Աստուած, կեանք Աստուած, կերակրող Աստուած, կուրաց լուսատու Աստուած։
Հայր Աստուած, Հօր Որդի Աստուած, Հոգի Սուրբ Աստուած, համերց լեզուատու Աստուած, հանուրց Աստուած, հարուստ Աստուած, հաւատ Աստուած, հաւատարիմ Աստուած, հինաւուրց Աստուած, հոգացող Աստուած, հոգւոց Աստուած, հոգւոց ազատիչ Աստուած, հրածորան Աստուած, հրաւիրող Աստուած։
Ձայն Աստուած, ձայնող Աստուած, ձայնից լսող Աստուած, ձեռնատու Աստուած, ձիր Աստուած, ձիրաբաշխ Աստուած։
Ղեկավար Աստուած, ղեկապետ Աստուած, ղամբար Աստուած։
Ճշմարիտ Աստուած, ճշմարտութիւն Աստուած, ճշմարտասէր Աստուած, ճշմարտապահ բարեաց Աստուած, ճանապարհ կենաց Աստուած, ճաշակ Աստուած, ճառ Աստուած, ճառագայթ Աստուած, ճառագայթեալ Աստուած, ճար Աստուած, ճարտարապետ Աստուած, ճոխ Աստուած, ճոռոմ Աստուած։
Մեծարեալ Աստուած, մեծապատիւ Աստուած, մահու լուծանող Աստուած, մաքրիչ Աստուած, մաքրող Աստուած, մաքրութիւն Աստուած, մեղաւորաց դարձ Աստուած։
Յայտնութիւն Աստուած, յառաջ Աստուած, յարութիւն Աստուած, յարուցիչ Աստուած, յաւիտեան Աստուած, յաւիտենիչ Աստուած, յուսադրող Աստուած, յուսացելոց Աստուած։
Նեղելոց յոյս Աստուած, նաւապետ բարի Աստուած, նորահրաշ Աստուած։
Շնորհ Աստուած, շնորհատու Աստուած, շնորհաբաշխ Աստուած, շնորհաբաշխիչ Աստուած, շնորհաբեր Աստուած, շնորհող Աստուած, շաւիղ Աստուած, շուրջ Աստուած, շուրջանակի Աստուած։
Ողորմած Աստուած, ողորմութիւն Աստուած, ուղիղ Աստուած, ուղղորդ Աստուած, ուղղորդաբան Աստուած, ուղղորդախօս Աստուած, ուղղորդապետ Աստուած, ուղղորդասէր Աստուած։
Չարատեաց Աստուած, չարաբարձ Աստուած, չարահերձ Աստուած, չարամերժ Աստուած, չարայաղթ Աստուած, չարասաստ Աստուած։
Պահապան Աստուած, պահպանիչ Աստուած, պատուելի Աստուած, պարունակող Աստուած, պետ Աստուած, պետական Աստուած։
Ջահ Աստուած, ջահալոյս Աստուած, ջահապայծառ Աստուած, ջամբող Աստուած, ջան Աստուած, ջերմեռանդութիւն Աստուած։
Ռահ Աստուած, ռահ լոյս Աստուած, ռահավարժ Աստուած, ռատաբաշխ Աստուած, ռատափայլ Աստուած, ռետին քաղցր Աստուած։
Սուրբ Աստուած, սրբութիւն Աստուած, սաբաւօթ Աստուած, սահմանադիր Աստուած, սէր Աստուած, սիրելի Աստուած, սոսկալի Աստուած, ստեղծող Աստուած, սրբոց Աստուած։
Վեհ Աստուած, վեհագոյն Աստուած, վայելչութիւն Աստուած, վարժիչ Աստուած, վերակացու Աստուած։
Տէր Աստուած, տեսող Աստուած, տիւ Աստուած, տուիչ Աստուած, տուիչ բարեաց Աստուած, տրտմեցելոց Աստուած։
Րաբուն Աստուած, րաբունապետ Աստուած, րախարար Աստուած։
Ցնծութիւն Աստուած, ցանկալի Աստուած, ցաւոց բժիշկ Աստուած, ցօղահոս Աստուած։
Փառք Աստուած, փառաւորեալ Աստուած, փառաբանեալ Աստուած, փառազօր Աստուած, փառահեղ Աստուած, փառ ի բարձունս Աստուած, փարատիչ ցաւոց Աստուած, փարթամ Աստուած, փրկիչ Աստուած, փրկող Աստուած։
Քահանայապետ Աստուած, քարոզիչ Աստուած, քաւարան Աստուած, քաւիչ Աստուած, քաւութիւն Աստուած, քերովբէանիստ Աստուած, քննող Աստուած։
Օրէնք Աստուած, օրինադիր Աստուած, օրհնաբանեալ Աստուած, օրհնեալ Աստուած, օրհնիչ Աստուած։
Քո սուրբ եւ ահեղ անուանցդ զօրութեամբ՝ Տէր Աստուած ամենակալ, եղեցիս պահապան ծառայիս։
*
Կիպրիանոսի՝ «Գիրք աղօթից որ կոչի Կիպրիանոս»էն քաղուած վերոյիշեալ աղօթքը, թէեւ աղօթք, բայց նաեւ պատասխա՛ն մըն է այն հարցումին, թէ՝ Աստուած ո՞վ է։ Աղօթքին մէջ արդէն կը տեսնուի որ Աստուած ամէն ինչ է, մարդկային երեւակայութենէն եւ ըմբռնումէն շատ վե՛ր։ Աստուած հոգի է. հոգեւոր «ԱՆՁ»՝ որ կը մտածէ, իմաստութեամբ կը գործէ, իմաստութիւն՝ որ ամենակատարեալն է եւ բացարձակը։ Ան նաեւ կը զգայ միշտ բարիի նկատմամբ, քանի որ Ան սէ՛ր է, գութ ունի, եւ Ան անսխալական է, մարդկային հասկացողութենէն շատ վեր։ Ան գերագոյն էակն է՝ անսկիզբ, անեղ եւ անվերջ։ Ան միշտ Է՛…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024