ԼԵՄՔԻՆԻ ԿԱՃԱՌԸ ՊԱԽԱՐԱԿԵՑ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»ԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասին ուղղեալ սպառնալիքները ուշադրութեան կ՚արժանանան նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը իրաւական միջոցներու դիմած է՝ յետս կոչելու համար «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագիրը։ Այս քայլին կը յաջորդեն զանազան իրադարձութիւններ, որոնք կ՚ուղղորդուին Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան անդամներուն եւ սաղիմահայութեան դէմ յարձակումներով։ Մօտաւոր անցեալին «Կովերու պարտէզ»ին վրայ գործուած յարձակումը եղաւ վառ ապացոյց մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ սաղիմահայութեան բաժին վիճակած լուրջ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց կողմէ դիմագրաւուած վտանգներուն հասած համեմատութիւններուն տեսակէտէ։

Վերջին օրերու այս գայթակղութեան արձագանգեց նաեւ Լեմքինի ցեղասպանութեան կանխարգիլման կաճառը, որ խստօրէն պախարակեց գործարար Տենի Ռուպինշթայնի հետ կապուած զինեալ խմբաւորումներու վերջին դաժան յարձակումը Արեւելեան Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին վրայ։ Յայտարարութեան մէջ յարձակման դատապարտման ժամանակ մատնանշուած է, որ յիշեալ գործարարը Աւստրալիայէն է եւ ազգութեամբ հրեայ։

«Մենք կը կրկնենք մեր նախորդ յայտարարութեան կոչը՝ պաշտպանելու հայկական թաղամասի մշակութային ժառանգութիւնը եւ յարգելու համար կամքը անոր բնակիչներուն, որոնք կը շարունակեն դիմադրել իրենց հողերու բռնի իւրացման։ Նման իրադարձութիւնները կը նպաստեն՝ զանգուածային վայրագութիւններու եւ ցեղասպանութեան համար նպաստաւոր միջավայրի ստեղծման։ Նման նախազգուշացումները կարեւոր են ապագայ մագլցումները կանխելու համար։ Մենք լիովին կ՚աջակցինք սաղիմահայութեան դիմադրութեան եւ իշխանութիւններուն կոչ կ՚ուղղենք՝ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով ապահովել Հայկական թաղամասի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մնացեալ մասի անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ զգայնութիւն արտայայտած էր այս կապակցութեամբ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր դէպքին արձագանգած էր ամփոփ յայտարարութիւնով մը։ «ԱՄՆ չի խրախուսեր Իսրայէլի կառավարութեան քայլերը, որոնք կրնան սրել լարուածութիւնը Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին մէջ», նշած էր ան։ Իր այս խօսքերը եղած էին նաեւ մեկնաբանութիւնը այն դիտարկման, ըստ որու Երուսաղէմի Հայկական թաղամասի ղեկավարները մտահոգ են, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը Կազզէի պատերազմը կ՚օգտագործէ, որպէսզի թաղամասէն դուրս մղէ քրիստոնեայ հայերը։ «Ինչպէս քանի մը առիթով ըսած ենք, մենք չենք փափաքիր տեսնել Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ այնպիսի քայլեր, որոնք պիտի սրեն լարուածութիւնը», նշեց Միլըր։

Հինգշաբթի, Յունուար 11, 2024