«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նեցաւ «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի փակ­ման ա­րարո­ղու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րութեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Մաս­նա­կից­նե­րը դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւե­ցան վեց ուղ­ղու­թիւն­նե­րով. ինչ­պէս՝ հա­յե­րէ­նի ա­րագ ու­սու­ցում, Սփիւռ­քի ու­սուցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տում, ազ­գա­յին երգ ու պար, սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու դասն­թացք, Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ լրագ­րող­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տում եւ Սփիւռ­քի ե­րի­տա­սարդ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն։

Փակ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, որ կարե­ւո­րեց «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի տա­րե­կան դա­սըն­թացք­նե­րուն դե­րը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Ըստ ի­րեն, այս դպրո­ցի նպա­տակ­նե­րէն մին է օ­տար ա­փե­րու մէջ, զա­նա­զան մշա­կոյթ­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ապ­րող սե­րունդ­նե­րու հայ պա­հուի­լը։ «Այս կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մէջ դուք ձեռք բե­րիք նոր գի­տե­լիք­ներ եւ հմտու­թիւն­ներ, բայց, կը կար­ծեմ, ձեր ա­մե­նա­մեծ ձեռք­բե­րում­նե­րու շար­քին են նոր ըն­կեր­նե­րը, նոր բա­րե­կամ­նե­րը, ձեր կա­պերն ու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար կը ձե­ւա­ւո­րեն ազ­գա­յին զօ­րա­ւոր ցանց մը, որ պէտք է դառ­նայ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րէն մին։ Գի­տեմ, որ ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը հպարտ է իր հայ­րե­նի­քով եւ հե­ռուէն կը սպա­սէ միայն լաւ լու­րե­րու, բայց այդ­քա­նը քիչ է, դուք պէտք է ձեր բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, գի­տե­լիք­նե­րը, ա­ռըն­չու­թիւն­ներն ու կա­պե­րը ներդ­նէք մեր երկ­րի զար­գաց­ման գոր­ծին, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տան հա­մայն հա­յու­թեան հայ­րե­նիքն է», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով հա­մազ­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րուն՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ը­սաւ, որ թէեւ աշ­խար­հաս­փիւռ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րը շատ բազ­մա­զան եւ ինք­նա­տիպ են, սա­կայն պէտք է նշել, որ այդ բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը հարս­տու­թիւն մըն է ու միաս­նա­կան պէտք է ըլ­լալ ազ­գա­յին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու հար­ցին մէջ։ Յա­կո­բեան յոր­դո­րեց, որ այ­սու­հե­տեւ բո­լոր հա­յե­րը խօ­սին հա­յե­րէն, միշտ ի­րա­րու կա­պուած ըլ­լան եւ յա­ճախ այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան։ Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան նա­խա­րա­րը խօ­սե­ցաւ նաեւ Ի­րա­քի, Սու­րիոյ եւ Ուք­րայ­նոյ մէջ ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ յայտ­նուած հա­յոց ա­ջակ­ցե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։ Հա­յաս­տան ա­նոնց խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ ծրագ­րեր՝ հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ։ «Բո­լորս պէտք է ձգտինք մեր փոք­րիկ լու­ման բե­րե­լու՝ օգ­նե­լու, սա­տար կանգ­նե­լու ծանր ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ յայտ­նուած մեր ազ­գա­կից­նե­րուն», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Իր ե­լոյ­թի ա­ւար­տին Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ծրագ­րի մաս­նա­կից­նե­րուն յանձ­նեց վկա­յա­կան­ներ։

Հան­դի­սու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը ող­ջու­նեց նաեւ «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի գծով Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու Կա­մօ Ա­թա­յեան։

Ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի այս ծրա­գի­րը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի 2012 թուա­կա­նէն ի վեր։ Այս տա­րի ծրագ­րին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ եր­կու հա­րիւր յի­սուն սփիւռ­քա­հայ։ Աշ­խա­տան­քա­յին ծրագ­րին ա­ռըն­թեր կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, թան­գա­րան­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­ներ, զա­նա­զան հան­դի­պում­ներ եւ շրջա­գա­յու­թիւն­ներ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2015