ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ ՀԱԶԱՐ ԴԱՍԱԳԻՐՔ Կ՚ԱՐԺԷ
Մեր թուականէն 131 տարիներ առաջ՝ 1893 թուականին Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանի մէջ Գաբրիէլ Ռշտունի անուն պատանի մը հայերէն լեզուի դասապահին կը սկսի անգիր ասմունքել ուսուցիչին կողմէ որպէս դաս պահանջուած Ռափայէլ Պատկանեանի «Արաքսի արտասուքը». Ռշտունի կը սկսի ասմունքել ապրումով՝ իւրաքանչիւր տողին ու բառին արժէքը տալով: Աշակերտները կը նկատեն, որ ուսուցիչին դէմքը կամաց կամաց կը փոխուի, ձայնը կը սկսի փոխուիլ ու, ցածնալ ու դողդոջել, սակայն Ռշտունի կը շարունակէ ասմունքել. մի քանի վայրկեան վերջ ուսուցիչը արցունքներու մէջ էր արդէն. մանուկի՛ մը պէս բարձրաձայն կու լար. անսպասելի այս պատկերին դիմաց Ռշտունի կէս կը ձգէ ասմունքը եւ բոլորը առաջին անգամ կը տեսնեն, թէ ինչպէս իրենց ծերունի, սակայն սէգ ու խրոխտ ուսուցիչը կ՚արտասուէ Արաքսին հետ միասին: Ուսուցիչի ձեւական խստութիւնը խորտակուած էր եւ լուռ էին թէ՛ աշակերտները եւ թէ ուսուցիչը. լռութիւն մը՝ որ պատանիներուն վրայ հազար խօսքէն եւ քարոզէն աւելի ազդեցութիւն կը գործէ՝ ցոյց տալով հայրենասիրութեան ինչպիսի բան ըլլալը:
Հայերէն լեզուի ուսուցիչը՝ Մկրտիչ Պալեան երբեք չջնջուեցաւ աշակերտներու յիշողութենէն եւ աւելի քան մի քանի տասնեակ սերունդներ հայերէն լեզուի եւ հայ ազգի հանդէպ սիրոյն ինչ ըլլալը անկէ սորվեցան: Պալեան յիսուն տարի ուսուցչութիւն կատարեց. ուսուցչութեան պաշտօնը սկիզբ առած է Տրապիզոնէն՝ որուն առաջին ուսուցիչներէն մէկը կը նկատուի. յետոյ անցած է Խալիպեան ուսումնարան. ապա հրաւիրուած է Գէորգեան ճեմարան, ուրկէ անցած է Ներսիսեան, ինչպէս նաեւ այլ թեմական դպրոցներ:
Այսօր Պալեանը յիշելը կարեւոր կը նկատենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ մե՛ծ է դերը ուսուցիչին՝ աշակերտներուն մէջ սերմանելու համար սէր հանդէպ մայրենի լեզուին, հայրենիքին եւ ազգային սրբազան արժէքներուն. մեր ազգի մէջ Մկրտիչ Պալեան եզակի օրինակներէն է, շեշտելու համար, թէ ուսուցչութիւնը ասպարէզ եւ կամ «արհեստ» մը չէ՝ նիւթական ապահովելու եւ կեանքի ընթացքը ապահովելու համար։ Հայերէնի ուսուցիչ ըլլալը առընչութիւն ալ չունի լաւապէս հայ լեզուին տիրապետելու հետ, որովհետեւ ուսուցիչէ մը անսխալ հայերէն խօսող աշակերտներ ունենալու կողքին մեր սպասումն է ունենալ աշակերտներ՝ որոնք ոգեւորուած ու ներշնչուած են հայկականութեամբ, հայ լեզուի հանդէպ անբացատրելի սիրով, ինչ որ Պալեանի նման քիչ գտնուող ուսուցիչներու ճամբով կարելի կը դառնայ:
Մկրտիչ Պալեանի ազդեցութիւնը այնքա՛ն ազդու եղած է աշակերտներուն վրայ, որ նոյնիսկ իր մահէն տարիներ ետք աշակերտներէն շա՜տ շատեր շարունակած են զինք յիշել որպէս հայրենասիրութեան տիպար. անոր շունչով է եւ օրինակով է, որ շատ թիւով աշակերտներ ընտրած են հայ լեզուի մշակ դառնալու սրբազան «նահատակութեան» ճամբան:
Անոր աշակերտներէն մին՝ Պ. Աբէլեան, չորեքշաբթի 5 փետրուար 1903 թուականին հրատարակուած, «Նոր-Դար» թերթին մէջ կը գրէ.-
«Չափազանցութիւն չ՚ըլլար ըսել, որ մեր թեմական դպրոցներն ու Գէորգեան ճեմարանը վերջին յիսուն տարուան մէջ աւարտած երիտասարդութեան եթէ ոչ ամբողջութիւնը, ապա մեծամասնութիւնը աշակերտած է Մկրտիչ Պալեանին: Մկրտիչ Պալեան անունը մարդու երեւակայութեան առջեւ կը բերեն ալեզարդ, պատկառելի ու անբիծ բարոյականութեան տէր անձնաւորութիւն մը: Իմ գիտցած ուսուցիչներուս մէջ միայն Պալեանն է, որ բացառապէս բոլորին կողմէ կը յիշուի հաւասար հիացմունքով. Պալեան բիծեր չունի: Իմ գիտցած ուսուցիչներէն միայն Պալեանն է, որ անխտիր կը վայելէ բոլոր աշակերտութեան վստահութիւնը՝ իր անարատ ու մաքուր բնաւորութեամբ: Բոլորը կը յարգեն ու կը սիրեն այդ ուսուցիչը: Հայոց լեզուի ուսուցիչ բառերը չի՛ վայլեր ուրիշին՝ ինչքան Մկրտիչ Պալեանին: Ան հայոց լեզուի ուսուցիչ է իւր պատկառելի արտաքինով, իւր ազդու ձայնով եւ իւր հոգով»:
Մեր ազգին պակսողը Պալեաններու գոյութիւնն է, որովհետեւ ուսուցիչի մը տիպարին մէջ Պալեանի յատկութիւնները տեսնել կ՚ուզենք, որովհետեւ օրինակելի ուսուցիչ մը հազար դասագիրք կ՚արժէ: Այսօր բարձրագոյն համալսարաններու վկայականներու լոյսին տակ ուսուցչներ նշանակելու փոխարէն պէտք է հայոց լեզուի ուսուցչութեան պաշտօնի հրաւիրել անձեր՝ որոնք պիտի յաջողին աշակերտին մէջ հայերէն լեզուի հանդէպ սէր արթնցնել. այդ մէկը հայրենասէր ձեւացնելով եւ կամ ճոխ ու փարթամ նախադասութիւններ կրկնելով չ՚ըլլար:
Անձի մը ընտանիքէն ներս փոխանցուած հայրենասիրութիւնը ունի իր տեղը, սակայն Պալեանի օրինակով մեծ դեր ունի նաեւ ուսուցիչը, որովհետեւ Պալեանի նման ուսուցիչներ աշակերտներու տիպարը դառնալով՝ զանոնք հայրենասիրութեան կ՚առաջնորդէ. ազգի մը ապագան իր բանակին ձեռքը չէ՛. ազգի մը ապագան դպրոցներու գրասեղաններուն դիմաց նստած մեր պատանի սերունդն է եւ միայն ճշգրիտ դաստիարակութեամբ կարելի է փայլուն ապագայ կերտել. այդ ոգին եւ ազգասիրութիւնն է, որ կը ստեղծէ ապագայ զինուորը, նախարարն ու ղեկավարը եւ մենք այդ հայրենասէր դաստիարակութեան սովէն կը տառապինք:
Եթէ կ՚ուզենք ունենալ փայլուն ապագայ, մեր ճիտին պարտքն է ստեղծել նոր Պալեաններ՝ որ աւելի մեծ է քան աշխարհիկ բոլոր հարստութիւնները, որովհետեւ բանակով ու զէնքով կրնաս փրկել լո՛կ հայրենիքը՝ ո՛չ ազգութիւնը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Մարդիկ թռչուններու ճամբով ինչպէ՞ս կը հաղորդակցէին:
Պատասխան. Անցեալին թռչուններու, մասնաւորաբար աղաւնիներու ճամբով հաղորդակցիլը ուշագրաւ մեթոտ մըն էր: Հին ժամանակներուն՝ նոյնիսկ համաշխարհային պատերազմներու ժամանակ մարդիկ վարժեցուցած էին աղաւնիներ, որպէսզի անոնք գրաւոր հաղորդակցութիւնը որոշ հեռաւորութիւն տանին: Աղաւնիներու տուն վերադառնալու բացառիկ ունակութիւնը մեծապէս նպաստեց: Նման հաղորդակցութեան միջոց կը գտնենք Հին Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ: Աղաւնիներու արագութիւնն ու տուն վերադարձի ունակութիւնը կարեւոր դեր ունեցան հաղորդակցութեան մէջ՝ մանաւանդ այն պարագաներուն, երբ աւանդական ձեւով հաղորդակցութիւն ղրկելը անկարելի էր:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան