ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՆԻՍՏԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ ատեանի նիստ, գլխաւորութեամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի։ Ընդհանրապէս չորս հարցեր ընդգրկուած էին ժողովի օրակարգին վրայ։ Նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Կ՚երգենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցեց «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Է. Եսայեան։ «Կ՚երգենք Կոմիտաս» փառատօնի կազմակերպչական աշխատանքները յառաջ կը տարուին տարեսկիզբէն ի վեր, մշակուած են սփիւռքեան խումբերու՝ փառատօնի մասնակցութեան պայմանները։ 25-27 Սեպտեմբեր թուականներուն տեղի պիտի ունենայ փառատօնը, որու պիտի մասնակցի տասնհինգ մենակատար՝ աշխարհի տասն երկիրներէն։ Եզրափակիչ համերգին հանդէս պիտի գայ նաեւ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբը, Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարութեամբ։ Այդ ձեռնարկը նախատեսուած է Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ։
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի իրաւաբանական վարչութեան պետ Ա. Ամիրզադեան ներկայացուց այս տարուան առաջին կէսին իրաւական կամ տարաբնոյթ հարցերով քաղաքացիներուն կողմէ նախարարութեան մօտ կատարուած զանազան դիմումները եւ այցելութիւններու միջոցաւ իրենց նկատառման յանձնուած խըն-դիրներու քննարկումները, լուծման ջանքերը։ Զեկուցողը կարեւորեց կրթական, գիտական եւ մշակութային գետնի վրայ համագործակցութեան առաջարկներու դրական աճը։
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն շուրջ հաշուետուութիւն մը ներկայացուց Կ. Սարգսեան, որ կը գլխաւորէ յիշեալ վարչութիւնը։
Նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Մեր մեծերը» ծրագրին մէջ 2016 թուականին ընդգրկուելիք անուններն ալ օրակարգի վրայ եկան ատեանի նիստին ընթացքին։ Այս մասին զեկուցեց նախարարութեան համահայկական ծրագրերու վարչութեան պետ Գ. Կանչումեան։ Առաջարկուեցաւ յաջորդ տարի ծրագրին ներառնել Սրբուհի Տիւսաբը (175-ամեակ), Վահէ Հայկը (120-ամեակ), Գրիգոր Խանճեանը (90-ամեակ), Աւետիս Ահարոնեանը (150-ամեակ) եւ Գրիգոր Զօհրապը (155-ամեակ)։ Այս բոլոր անուններն ալ հաստատուեցան ժողովականներուն կողմէ։
Ամփոփելով նիստը՝ Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ անցեալ մէկ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներուն, ձեռքբերումներուն ու բացթողումներուն։ Ան կարեւորեց սերտ կապն ու համագործակցութիւնը Սփիւռքի բոլոր հայկական համայնքներուն հետ եւ այդ ուղղութեամբ նախարարութեան վարչութիւններուն կազմակերպուած ու համակարգուած աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը։