ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երուսաղէմի հայոց վանքէն ներս ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցաւ՝ քրիստոնէից միութեան համար հանդիսաւոր աղօթք մը։ Հայոց վանքի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի երդիքին տակ, էքիւմենիք աղօթքի համար համախմբուեցան Սուրբ Երկրի զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններէն եկեղեցականներ, որոնք առ Աստուած աղօթք վերառաքեցին՝ բոլորն ալ իրենց լեզուով ու ծէսով։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ հիւրընկալուած միջեկեղեցական արարողութեան ընթացքին Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան խօսեցաւ քարոզ մը։

Միւս կողմէ, Ֆրանսիսքեան միաբանութեան Երուսաղէմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Քիւսթոտ Հայր Փաթոնի, Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ շնորհաւորութեան փութացին Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ հիւրընկալուեցան Ֆրանսիսքեան միաբանները։ Հարկ է նշել, որ յանուն Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Սուրբ Երկրի մէջ համաքրիստոնէական սրբավայրերուն տնօրինումը կը կատարուի Ֆրանսիսքեան միաբանութեան կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 25, 2024