ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ՝ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձութիւնը կը գլխաւորէ։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է սոյն դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական նուիրահաւաքին ընդառաջ թարմ տեղեկութիւններ քաղեց այս կրթօճախի կացութեան շուրջ։ Ան գնահատեց Հորոզօղլուներու ջանքերը եւ հերթական անգամ կարեւորեց՝ առանձնայատուկ առաքելութեամբ այս կրթօճախի գործունէութիւնը։

Հարկ է նշել, որ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները նախատեսուած են այս շաբաթավերջին։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024