ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՏԱԼՈՒՀԻ ԴՈՒՍՏՐԸ
Վիթթորիա Աղանուրեան (Աղանուր) բանաստեղծուհիի անունը քիչ յիշատակուած է: Թէեւ ան ստեղծագործած է իտալերէնով, բայց հոգեւոր մեծ կապ ունեցած է հայութեան, հայ գրականութեան հետ: Այսօր ան կը դասուի Ւտալիոյ նշանաւոր կին գրողներուն շարքին:
19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի իտալական դասական գրականութեան հեղինակներու շարքին անպայման կը նշուի այս անունը՝ հպանցիկ յիշելով նաեւ իր հայկական ծագումը:
Աղանուր ծնած է Հիւսիսային Իտալիա՝ Փատուա քաղաքին մէջ: Իր ընտանիքը իտալահայ Աղանուրեան վաղեմի եւ նշանաւոր ազգատոհմն է, որու նախնիք Նոր Ջուղա քաղաքէն գաղթած են Հնդկաստան եւ յետոյ ալ՝ Վենետիկ: Վիթթորիա Աղանուրեանի կենսագրութեան մէջ կը կարդանք, որ անոր հայրը՝ Եդուարդ Աղանուր, Սամուէլ Մուրատեանի թոռն էր, որու կտակի համաձայն եւ Մխիթարեաններու նախաձեռնութեամբ հիմնուած է Սամուէլ Մուրատ վարժարանը: Աղանուրեանները Մխիթարեան հայրերու խորհուրդով Մատրասէն Եւրոպա կը փոխադրուին, իրենք ալ իրենց կարգին նպաստ կը բերեն Եւրոպայի մէջ հայկական դպրոցներու հիմնադման գործին: Եդուարդ Աղանուր Իտալիոյ մէջ կ՚ամուսնանայ իտալուհիի մը հետ եւ Փատուա փոխադրուելով կ՚ապրի «Հայերու տուն» հաստատութեան մէջ: Վիթթորիա իր չորս քոյրերուն հետ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է այդ տունին մէջ: Ընտանիքը Փատուայէն Նափոլի տեղափոխուած է 1876 թուականին, որպէսզի բարելաւուի Վիթթորիայի քոյրերէն՝ Մէրիի նոր ծագած նեարդային հիւանդութիւնը բուժելու հնարաւորութիւնները եւ այս տեղափոխութիւնը համընկնած է Վիթթորիայի առաջին սիրային հիասթափութեան հետ: Յետոյ սիրային հիասթափութիւնները յաջորդած են մէկը միւսին։ Ժամանակի նշանաւոր մտաւորականները առիթ կը փնտռէին՝ մօտ ըլլալու գեղեցիկ, կրթուած եւ հարուստ աղջկան եւ Վիթթորիա ամէն անգամ իր սիրտը բանալով, կրկին մեծ ցաւ կ՚ապրէր:
Ի վերջոյ, մօր մահը վերջնականապէս կ՚ընկճէ զինքը, խորապէս կը ցնցէ Վիթթորիայի ներաշխարհը… Իր հոգեվիճակը քիչ մը կը բարելաւուի իտալացի ազնուատոհմիկ Կուիտօ Փոմփիլիի հետ ամուսնութիւնը, որ նոր կեանք կը հաղորդէ Վիթթորիա Աղանուրեանին։ Անոր ամուսինը նաեւ պետական բարձր պաշտօն ունէր ու շատ կը սիրէր իր կինը:
Հակառակ թէ՛ հայրական, թէ՛ ամուսնոյն տանը ունեցած ունեւոր կեանքին՝ Աղանուր ընկճուած, երազկոտ եւ տխուր անձ մը եղած է, ինչ որ զգացուած է իր քերթուածներու եւ նամակներու մէջ: Ծանօթ են անոր նամակները՝ հասցէագրուած թէ՛ իտալացի եւ թէ հայ մտաւորականներուն՝ Ղեւոնդ Ալիշանին, Արսէն Ղազիկեանին, Իսավերդենցին, Արշակ Չօպանեանին:
Բանաստեղծուհիի կենսագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ անոր հայրը՝ Եդուարդ Աղանուր, Հնդկաստանէն նախ Փարիզ գացած է, սակայն Մխիթարեաններուն մօտ ըլլալու համար վերջնականապէս Իտալիա հաստատուած է: Վիթթորիա, ծնած ըլլալով Իտալիա, կրթուած է իտալական ոգիով, անտեղեակ իր մայրենի լեզուին եւ սկսած է գրել իտալերէն, ունեցած է իտալացի նշանաւոր քերթող-ուսուցիչներ, որոնք ազդած են իր ստեղծագործական ջիղին վրայ: 1875-ին իր անդրանիկ քերթուածով երեւցած է Աղանուր եւ ատկէ ետք արդէն յայտնութիւն դարձած է իտալական շրջանակներուն մէջ: Առաջին բանաստեղծութիւնները կը սկսին լոյս տեսնել «Նոր անթոլոկիա» ժողովածոյի մէջ, որ, ի միջի այլոց, նկարազարդած է իր քոյրերէն մէկը՝ Հելենան: Աղանուր առաջին գիրքը հրատարակած է 1900 թուականին, երբ 45 տարեկան էր եւ զայն ձօնած էր իր մայրիկի յիշատակին: «Նոր քնարերգութիւն» (1908) ժողովածոյին մէջ ամփոփուած են Աղանուրի քնարական բանաստեղծութիւնները, որոնց հիմնական նիւթը սէրն է: Մասնագէտներ իր գոհար հատորը կը նկատեն «Յաւիտենական զրոյց» քերթուածներու ժողովածոն, զոր Հ. Արսէն Ղազիկեան աշխարհաբարի թարգմանած եւ հրատարակած է 1905-ին: 1896-ին Մխիթարեան հայրը արդէն գրաբար հայերէնի թարգմանած էր «Լռութիւնը» քերթուածը, որ նուրբ, քնարական շերտեր ունէր, ինչպէս բանաստեղծուհիի միւս գործերը: Աղանուր այդ շրջանին արդէն զգացած էր իր հայուհի ըլլալը, զոր արտայայտած է իր քերթուածներուն մէջ: Ատանայի որբերուն մասին գրութիւն մը գրած է, սկսած էր հետաքրքրուիլ եւ տառապիլ իր ազգի ճակատագրով, սակայն աւելին չկրցաւ ընել եւ 1910-ին Աղանուրի վաղահաս մահը կիսատ թողեց անոր կեանքը, երազներն ու ընելիքները: 55 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ հայ ժողովուրդի իտալուհի դուստրը, իսկ անոր ամուսինը՝ Փոմփիլի, անձնասպան եղաւ՝ չդիմանալով իր սիրելի կնոջ մահուան ցաւին:
Իտալացի գրաքննադատներ տակաւին բանաստեղծուհիի կենդանութեան օրօք շատ բարձր գնահատած են անոր տաղանդը. իտալացի փիլիսոփայ, մտաւորական եւ քննադատ Պենետեթօ Քրոչեն անոր քերթուածներու մասին գրած է, որ ատոնք «ամենաչքնաղն են՝ իտալուհիի մը կողմէ երբեւէ գրուածներէն»: Իր գործերուն մասին գրած են նաեւ հայ մտաւորականները:
ԻՏԱԼԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻՆ
Վիթթորիա Աղանուր՝ դուստրը հայու մը եւ վենետիկուհիի մը, Միլան ծնած ու դաստիարակուած, ազնուական, գեղեցիկ, գրահմուտ. կը յիշեցնէ իտալական Վերածննդեան այն կիները, որոնք մտաւոր զարդը՝ իբրեւ գոհարեղէններու ամենէն անգինը կը կրէին իրենց վրայ: Այդքան այլազան արիւնները, որ Վիթթորիա Աղանուրեանի երակներուն մէջ կը խառնուին եւ զոր Վենետիկի մեղկ անուշութիւնը յաջողած է ներդաշնակել, տարօրինակապէս կը շաղապատեն իր գործին մէջ մտածման առնականութիւնը Արեւելքի կանացի շնորհներուն հետ: Ան իր ուզածն ու չուզածը գիտէ: Երեւակայութեան հոսանքին անձնատուր չ՚ըլլար՝ կոմսուհի Լարային պէս, բայց եւ Ալինտա Պրունամոնթիին նման ինքզինքը բոլոր զաղփաղփութիւններէն վեր չի զգար. փորձութիւնը կը կրէ եւ կը յաղթահարէ զայն: Բայց իր երազը կ՚ուղղուի անոնց կողմը, որոնք թեւաւոր Ցնորքին վրայ են հեծած: Գորովագին աղջիկը, որ ներդաշնակօրէն ողբացած է իր հայրը՝ «արեւուն մուտքին», իր թռիչքը կ՚առնէ առաջին ստուերները ինկած պահուն, severa e gentile, խառնուելու համար բանաստեղծներուն, զոր երազը կը քաշէ կը տանի գիշերային արշաւանքի մը մէջ:
Հիմա որ Ալինտա Պրունամոնթի լռած է եւ Ատա Նեկրի ինքն իր մէջ ամփոփուած՝ քնարը նորէն ձեռք առնելէ առաջ, Վիթթորիա Աղանուրեան կրնայ նկատուիլ իբրեւ Իտալիոյ առաջին բանաստեղծուհին: Իր զգացման հազուագիւտ խորութիւնը, իր անվիճելի ինքնատիպութիւնը, իր ոտանաւորին անթերի եւ դասական ձեւը, իր երկրին բոլոր բանաստեղծներուն եւ քննադատներուն յարգանքի արժանի կեցուցած են զինքը: Կոմսուհի Լարա սապէս որակած է զինք. «Մեր գեղեցիկ ու հմուտ ու իտէալ Վիթթորիան»: Նոնչիոնի, տէ Կուպերնաթիս, Քարտուչչի, Ֆրատալէթթօ, Մաթիլտէ Սէրաօ, ամէնքն ալ կը միաբանին՝ զինքը ամենագեղեցիկ գովեստներով ներբողելու: Գնահատուած քննադատ մը, որ «Եոլանտա» կը ստորագրէ, Վիթթորիան սապէս է դատած. «Վիթթորիա Աղանուրեան հոգիէն բանաստեղծ է, բարձր ու խորին ներշնչմամբը, մտածմանց ինքնատիպութեամբը, ձեւին մաքրութեամբն ու փափկութեամբը: Ինծի համար (եւ ես մինակը չեմ այսպէս մտածող) էն այսօր Իտալիոյ առաջին բանաստեղծուհին է, որովհետեւ ունի ազնուութիւն եւ շնորհ, զգացում առանց լալկանութեան, ուժ՝ առանց կարծրութեան»:
Ժան Տորնիս, 20-րդ դարու ֆրանսացի գրող («Անահիտ» հանդէս, Փարիզ, 1903)։
***
«Աղանուր բանաստեղծուհի մըն է ո՛չ միայն նրբազգաց, այլեւ խորազգաց եւ հմուտ քերթող իտալական լեզուի տաղաչափութեան», Ղեւոնդ Ալիշան։
«Հայ է միշտ ո՛չ միայն որովհետեւ հայ հօր մը արիւնը կը կրէ իր երակներուն մէջ, այլ որովհետեւ իր բանաստեղծութիւնը խոր եւրոպական գեղեցկագիտութեան բոլոր ստացիկ հրապոյրներուն ներքեւ կը տրոփէ պարզ, սրտաբուխ զգացողութիւն մը, որ կը մատնէ քերթողուհւոյն արենակցութիւնը Քուչակին ու Աբովեանին հետ», Արշակ Չօպանեան։
ԱՂԱՆՈՒՐԵԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅՐ ԱՐՍԷՆ ՂԱԶԻԿԵԱՆԸ
Հայութիւնը Վիթթորիա Աղանուրեանի ստեղծագործութիւններուն ծանօթացած է Մխիթարեաններու միջոցով, որոնք մասնայատուկ կապեր ունէին Աղանուրեաններուն հետ: Մասնաւորապէս Հայր Արսէն Ղազիկեան Վիթթորիա Աղանուրանի գիրքերը թարգմանած է նախ գրաբարի, ապա՝ աշխարհաբարի՝ գիրքերուն յառաջաբաններուն մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդելով թէ՛ Աղանուրեաններու եւ թէ Վիթթորիայի ստեղծագործական ճանապարհի, անոր մտածումներու եւ քերթուածներու մասին: Ակնյայտ է, որ մեր աշխարհասփիւռ մշակոյթի, կրթութեան մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունեցած են Աղանուրեան ընտանիքի անդամները: Անոնք կը սերին Ջուղայէն, ուր հազարաւոր հայերու հետ ապրած են մինչեւ Շահ Ապպասի արշաւանքները: Ատկէ ետք գաղթած են Պարսկաստան եւ մինչեւ 1770-ական թուականները ապրած՝ Նոր Ջուղա, իսկ 18-րդ դարու վերջերուն ալ տեղափոխուած՝ Հնդկաստան: Ունենալով բարեկեցիկ կեանք Հնդկաստանի մէջ՝ Աղանուրեան գերդաստանի անդամները զբաղած են բարերարութեամբ, մասնակից դարձած ազգային, եկեղեցական հարցերու վճռումներուն, հիմնած կրթական կառոյցներ: Յայտնի են Յարութիւն Աղանուրեանի ուսումնական գիրքերը, որոնց մէջ ան տուած է Աղանուրական ուսմանց կարգը: Աղանուրեաններու մէջ եղած են նաեւ հոգեւոր գործիչներ, իր գործունէութեամբ ծանօթ է նաեւ աստուածաբան եւ թարգմանիչ Մկրտիչ Աղանուրեան, որ գործունէութիւն ունեցած է Կալկաթա: Այսօր սակայն, Աղանուրեան տոհմէն ամենայիշուող անունը թերեւս Վիթթորիա Աղանուրեանն է՝ Աղանուրեաններու Մատրասի ճիւղի՝ Աբրահամ Աղանուրեանի թոռնուհին: Աբրահամ Աղանուրեանի մասին գրած է նաեւ Հայր Արսէն Ղազիկեան, սակայն Աղանուրեաններէն ան ամենաշատը անդրադարձած է Վիթթորիա Աղանուրեանին եւ բազմավէպի եւ մամուլի այլ անուններու մէջ շարունակաբար գրած է Աղանուրի մասին, թարգմանած անոր գործերը եւ ի վերջոյ հրատարակած: Արսէն Ղազիկեան՝ ծնած ըլլալով Պարտիզակ, 1888-ին հաստատուած է Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի, ուր շարունակած է ուսումնառութիւնը։
1895-ին դարձած է Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, սկսած է գրական-թարգմանական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը։ Նախապէս գրած է գրաբար, ապա անցած է աշխարհաբարի՝ դառնալով վերջինիս հետեւողական պաշտպանը:
Ծրագրած է 50 հատոր նուիրել հայ ազգի արդի թարգմանական գրականութեան, հայացնելով միջազգային մեծ դէմքերու ստեղծագործութիւնները։ Շուրջ քառասուն թարգմանութիւն կատարած է յունարէնէ, իտալերէնէ, ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ եւ գերմաներէնէ։
Իր անունը յարգանք կը վայելէր իբր մեծ քերականագէտ-լեզուագէտ եւ իր խօսքը վճռական դեր ունէր գրական զանազան վիճաբանութիւններու մէջ։ Աշխատակցած է Մխիթարեան պարբերականներուն («Բազմավէպ», «Մխիթար», «Գեղունի», եղած է նաեւ վերջինիս խմբագիրը), թարգմանութիւններէն զատ հրատարակած բանաստեղծութիւններ, թարգմանութիւններ, գրականագիտական ու լեզուաբանական յօդուածներ։ Ղազիկեան արեւմտահայ բանաստեղծական լեզուն զարգացման նոր աստիճանի հասցուցած է։ Հայերէնի անաղարտութեան ջատագով ըլլալու համար ստացած է «պահապան հրեշտակ հայ լեզուի» պատուանունը: Ղազիկեան նաեւ հայերէն դասաւանդած է Մխիթարեաններու դպրոցներու մէջ:
«Ես իմ մէջս զարգացուցած եմ բաց տարածութիւններու ծարաւ, արեւի տենչ, մշուշներու սարսափ ու կը սոսկամ բոլոր տեսակի սահմանափակումներէն», Վիթթորիա Աղանուրեան։
ԾՆԱԾ ՏՈՒՆՍ
(Անճէլիքա քրոջս)
Հեռաւոր տուն վաղեմի,
Բաց՝ ազատ այն մարգին վրայ,
Զոր զերդ մանեակ մը թըրթըռուն կը գըրկէր
Գետակը շուրջ, որուն մէջ
Կը ցոլային թուխ արձաններ՝ մամռապատ
Խարիսխներով. եւ ցանկէն ներս՝ փետրաւոր
Երգիչներու բարեբաստիկ արքունիք՝
Տունկերը թաւ հինաւուրց,
Ամայացած կանաչաւէտ դարաստան,
Իմ երազող հոգիիս՝
Դիւթանքներու, հրաւէրներու պարգեւիչ.
Վաղեմի տուն, չես գիտեր
Թէ որմերուդ միջեւ դուն
Գեղածիծաղ գարուններու որքա՜ն շող,
Ինչքա՜ն փայլակ ծրարեցիր.
Նախկին ուսումն, առաջին սէրն, առաջին վիշտն, ու գանձերը յուռթի՝
Ճոխ յոյսերուն՝ անմահական կոյսերուն,
Ոսոխ ամէն արցունքի,
Գերագոյն՝ վեհ գեղոյ օրհնեալ քիմիեոներ,
Որ ըզգեզ, ով հեռաւոր տուն վաղեմի
Կը պըճնէին ծաղիկներով, աստղերով,
Կը պըճնէին թեւերով:
Եթէ երբեք տօնական օր մը լըսեմ
Տըղոց ճիչերն ու ծիծաղ,
Կամ սոխակին դայլայլիկները՝ գիշերն.
Եթէ անուշ, քօղաւոր, յամըր հովիկն
Ինձ ծառերու բերէ բոյրն
Եւ զանգակին կամ գանչիւնն,
Ինչպէս որ այն իրիկուններն,
Փախած՝ բեկբեկ ժամերը ինձ կը դառնան
Կ՚արթըննայ մէջըս կենդանի յիշատակն
Իմ առաջին բնակութեանս,
Եւ, հեռաւոր հին օճախ,
Քեզ կը խորհիմ, քեզ կու լամ, քեզ կը դառնամ:
ՎԻԹԹՈՐԻԱ ԱՂԱՆՈՒՐ
Թարգմ. Հ. Ա. ՂԱԶԻԿԵԱՆ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024