ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԹԵՒԵՐԸ

Հարուստներն ու աղքատները, դատաւորներն ու յանցագործները, պահակները, աւազակները եւ գինովները, բոլորը կ՚ըսեն ինծի.

-Այս հայրենիքի երկինքին տակ մազերդ ճերմակելէն եւ անոր մայթերուն վրայ կռնակդ կորանալէ ետք այլեւս ի՞նչ կ՚ընես այստեղ. ի՞նչ կը սպասես անկէ, երբ քաղաքականութեան մէջ թէ՛ քու եւ թէ ուրիշներու ապագան որոշուած է, ինչպէս որոշուեցաւ Մուհամմատ Ամինի1 ապագան՝ արուեստի աշխարհին մէջ:

Ճամբորդէ՛ Աստուծոյ ստեղծած աշխարհին մէջ, որովհետեւ ապագային կրնայ ըլլալ ժամանակ չունենաս նոյնիսկ պայուսակ մը գնելու: Կրնայ ըլլալ ձեռք մը կամ մատ մըն ալ չգտնես ձեռքիդ վրայ՝ այդ պայուսակը շալկելու: Եւ ամէն անգամ երբ ուշ գիշերին տունս վերադառնամ, անոր սեմին անցագիրը, ելքի արտօնութիւնը, առողջապահական գրքոյկը, օդանաւի տոմը եւ գլխապտոյտի դէմ դեղերը կը գտնեմ: Պայուսակս կը պատրաստեմ եւ կը ճամբորդեմ: Գացած ատեն կը փափաքիմ, որ նստարանս օդաչուի սենեակը ըլլայ՝ օդաչուի կամ հիւրընկալի ծունկին վրայ, որպէսզի այս հայրենիքէն կարելի եղածին չափ շուտ հեռանամ: Իսկ վերադարձին, կը փափաքիմ, որ նստարանս օդանաւին դիմացը՝ շարժիչի կափարիչին վրայ ըլլայ, որպէսզի այս հայրենիք կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնամ:

Վերջին անգամ Թունէս էի (Tunisia): Ծովերուն եւ ցամաքամասերուն վրայ չորս հազար քիլօմեթր, ես օդանաւի պատուհանէն կը նայէի որբի մը նման, որ տօնական օրերուն խանութներու փեղկերուն կը նայի… Ամպերը արաբներէն կը փախչէին, ալիքները արաբներէն կը փախչէին, ձուկերը արաբներէն կը փախչէին, ապականութիւնը արաբներէն կը փախչէր, արաբականութիւնը արաբներէն կը փախչէր: Մէկ շաբաթ ետք կը շտապէի անոնց՝ ամրագօտին տակաւին ամրացած մէջքիս:

Կինս զարմանքով հարցուց ինծի.

-Ի՞նչ բանը այսքան շուտ վերադարձուց քեզ: Թունէսը չհաւնեցա՞ր:

Ըսի.

-Դրախտն իսկ է. արեւ, ծով եւ անտառներ:

Ըսաւ.

-Ի՞նչ կ՚ուզես ատկէ աւելին:

Ըսի.

-Անկեղծ ըլլալու համար, երկիր մը ուր խնդիրներ չկան, չեմ կրնար այնտեղ ապրիլ:

Ըսաւ.

-Զարմացած եմ. խնդիրնե՞ր:

Ըսի.

-Այո՛. երկիր մը առանց բնակութեան խնդիրի, փոխադրութեան խնդիրի, կազի խնդիրի եւ առանց զրպարտութիւններու… Ո՛չ այս ինչը թռաւ, ո՛չ այն ինչը գնաց: Այդպիսի երկրի մը մէջ մէկ շաբաթէն աւելի չեմ կրնար ապրիլ: Տակաւին, առանց ապօրինի ծխախոտի, առանց հանրակառքերուն մէջ ոտնակոխ ըլլալու, ինչպէս նաեւ առանց բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ որոնք ճանապարհային օրէնքները կը խախտեն, առանց բեռնակառքերու, որ քնանալու ժամանակ կը բարձրանան ու կ՚իջնեն, մարդոց ջանքերը կը լեցնեն բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը շէնքին կամ հիւղակին հիմքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր լրատուութեան մէջ՝ ո՜վ մեր ժողովուրդի անդամներ, մեր ազգի պատմութեան այս վճռական հանգրուանին [յայտարարութիւններուն], չեմ զգար թէ ես իմ երկրիս, ազգակիցներուս եւ սիրելիներուս մէջ եմ, ինչպէս կ՚ըսեն իրենց բարի գալուստի խօսքերուն մէջ: Թունէսի մէջ ամէն բան հանդարտ է քննութիւններու սրահներուն պէս, ամէն ինչ յստակ է ու որոշուած՝ համաձայն կարգ ու կանոնին: Այդ պատճառով ինքզինքս կորսնցուցի եւ ծոցի երկիրներու մէջ ապրող մարդոց նմանեցայ, ով վարժուած է իր ամբող կեանքը օդորակիչին տակ քնանալու. միայն այն կանգնի աշխատելէ, ան կ՚արթննայ եւ այլեւս չի՛ գիտնար ինչպէս քնանայ՝ մինչեւ ետ աշխտանաքի ու իրարանցումի չվերադառնայ:

Անդին, ես այս հայրենիքը կը սիրեմ ծայրէ ծայր: Ուր որ ալ ըլլամ, միայն թերթի մը մէջ կարդամ, կամ ռատիոյի մը վրայ լսեմ իր անունը, ապա կը սառիմ Սիպիրի գետին նման, սպայի մը նման՝ հրամանատարին դիմաց: Ես կը սիրեմ զայն, նկատի առէք իմ պարագաս եւ զգացումներս:

Այդ հայրենիքին մէջ առաջին անգամ կարդացի Եասին Ռիֆաիյէի2 մէկ պատմութիւնը, Ֆահըտ Պալանի3 երգերէն երգ մը լսեցի: Տակաւին, առաջին խմբագրականը կարդացի, որ տարածաշրջանին մէջ արտաքին բոլոր ծրագրիրներուն մասին կ՚անդրադառնար, որ կը սկսէր ալ-Ֆարզտաքիէն4 հատուածով մը եւ կ՚աւարտէր ալ-Ասմայիիէն5 երկու տողերով: Այդ հայրենիքին մէջ առաջին անգամ լսեցի Պաղեստինի հարց, վերադարձողներ, ժողովրդային-ազատագրական պատերազմ, զղջումի տառ, 101-րդ քիլօմեթրը, Մերսետես 220-ը կայսերական է, էնսպսթէրի գաղութացումը, Տիպոն, Ֆիզոն, Փիէռ Քարտան6, General Electric7, Հրամանատար Սելասֆօ8:

Կինս կտրուկ կերպով գոռաց.

-Խնդիրդ այն է, որ այս տարածաշրջանի ամէն ինչը կը ծաղրես:

Ըսի անոր.

-Ընդհակառակը, խնդիրս այն է, որ անոր ամէն ինչը կը յարգեմ, նոյնիսկ աղբը: Փաստը այն է, որ ուշ գիշերին երբ տուն կը վերադառնայի վրաս աղբով լեցուն տոպրակ մը ինկաւ, իսկ ես չառարկեցի: Նոյնիսկ չթօթուեցի զայն գլուխէս ու հագուստներէս, որովհետեւ անոր իյնալուն ձեւէն գիտցայ, թէ երաշխաւորուած աղբ էր:

Ըսաւ.

-Վիճակդ շատ վտանգաւոր է: Պէտք է բժիշկի դիմես:

Ըսի.

-Տոքթոր Քիսինճըրը9 խնդիրս պիտի չլուծէ: Պատկերացուր նաեւ…, թէ սկսած եմ լալ Հասան ալ-Իմամի10 շարժապատկերներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ մատներս կը բարձրացնեմ Սամիրա Թաուֆիքի11 համերգներուն ժամանակ:

Ըսաւ.

-Կը ցաւիմ, որ քեզի պէս բանաստեղծ մը իր կեանքի վերջին օրերուն ուրիշ բան չունի խօսելու, բացի Հասան ալ-Իմամի, Սամիրա Թաուֆիքի եւ աղբերու տոպրակներու մասին: Մոռցա՞ծ ես բանաստեղծութիւնը:

Ըսի.

-Բանաստեղծութի՞ւնը: Կարծես կը յիշեցնես ինծի կորսնցուցած մէկ զաւակիս մասին, որու գերեզմանին տեղը չեմ գիտեր:

Ըսաւ.

-Կը վստահի՞ս ինծի:

Ըսի.

-Ինչպէս կը վստահիմ Քրայսքիին12:

Ըսաւ.

-Ինչ ալ ըլլայ կարծիքդ, ո՜վ փոքրիկ ծերուկ, վիճակդ ողորմելի է եւ միակ բուժումդ՝ բանաստեղծութիւնն է: Հոգեւոր ճամբորդութիւնը երազի ու երեւակայութեան թեւերուն վրայ:

Ըսի.

-Սակայն ինչպէ՞ս եւ դէպի ո՞ւր:

Եւ երբ կինս երազային ու երեւակայական աշխարհի մէջ էր, շտապ կերպով բացաւ պատուհանը եւ հեռու հորիզոնին նայեցաւ, ու ըսաւ.

-Հիմա՛ եւ ոչ թէ վաղը: Գլուխդ հանէ՛ քաղաքական բոլոր անհեթեթութիւններն ու առօրեայ անհանգստութիւնները եւ եկուր հետս, որպէսզի թռչինք երազի եւ երեւակայութեան թեւերուն վրայ, դէպի այն աշխարհները, ուր մեզմէ առաջ գացին Րամպոն13, Ֆերլինը14, Հայնին15, Շիլերը16 եւ Լորքան: Թող թռչինք հեռո՜ւ, հեռուները, դէպի կախարդական եւ գեղեցկութեան աշխարհ, ուր կան կապոյտ երկինքը, երազկոտ ալիքները եւ կուսական անտառները:

Ըսի.

-Սիրելիս, եթէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը այսպէս շարունակուի, այսինքն՝ հայհոյանքներու փոխանակում, համագումարներ եւ հրապարակային խօսքեր, պատգամներ, ապա վերջաւորութեան դուն, ես եւ կամ մեզմէ զատ ուրիշներ բացի Քամբ Տէյվիտէն ուրիշ տեղ պիտի չթռչինք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

Վաղարշապատ


1 Եգիպտացի երգիչ եւ դերասան: Ծնած է 21 յուլիս 1916-ին: Իր փառքի տարիները ապրած է 1940-ականներուն, երբ շուրջ 20 արուեստի գործ ներկայացուցած է: 1950-ականներուն որոշած է հեռանալ արուեստի աշխարհէն, որովհետեւ կրծքավանդակի դիւրազգացութիւն (allergy) ունեցած է: Ասպարէզ վերադարձած է 1977-ին, իր վերջին աշխատանքը՝ «Ալլազին եահթարուն (Անոնք որոնք կը շփոթին)» ներկայացնելու: Մահացած է 31 մայիս 2009-ին:

2 Սուրիացի լրագրող, խմբագիր եւ գրող: Ծնած է Դամասկոս 1934-ին: 1960-ին Նախագահական պալատին մէջ աշխատած է: Բազմաթիւ պատմուածքներու հեղինակ է: Մահացած է Պէյրութի մէջ, 2016-ի մարտին:

3 Սուրիացի նշանաւոր երգիչ ու արուեստագէտ (22 մարտ 1933-24 դեկտեմբեր 1997): Իր երգերը լայն տարածում գտած են ո՛չ միայն Սուրիոյ մէջ, այլ՝ ամբողջ Արաբական Աշխարհին մէջ, թէ՛ անցեալին եւ թէ ալ ներկայիս:

4 Ապու Ֆիրաս Համամ Պըն Ղալէպ Պըն Սահսահա ալ-Մահաշըի ալ-Թամիմի ալ-Պասրի, ծանօթ՝ Ֆարզտաք անունով, որ կը նշանակէ խմորի գունդ: Ծնած է 641-ին, մահացած՝ 728-ին: Արաբ նշանաւոր բանաստեղծ՝ թամիմ ցեղէն: Ապրած ու գործած է Օմար Պըն Խաթապի օրով:

5 Ապու Սայիտ Ապըտ ալ-Մալէտ Պըն Քարիպ Պըն Ապըտ ալ-Մալէք Պըն Ալի Պըն Ասմահ ալ-Պահլի ալ-Պասրի, ծանօթ՝ ալ-Ասմաի անունով: Ծնած է 741-ին, մահացած՝ 831-ին: Արաբներու հեքիաթասացը կը նկատուի: Արաբերէն լեզուի եւ բանաստեղծութեան հսկաներէն մէկը եղած է:

6 Իտալական ծագումով ֆրանսական ձեւաւորող: Ֆրանսայի մեծագոյն սեփականատէրերէն մէկը եղած է: Ծնած է 2 յուլիս 1922-ին, մահացած՝ 29 դեկտեմբեր 2020-ին: 1991-ին, նշանակուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի բարի կամքի դեսպան:

7 Ամերիկեան բազմազգ խտացած ընկերութիւն, որ հիմնադրուած է 1892-ին: Կեդրոնը եղած է Պոսթոնի մէջ: Ընկերութիւնը մի քանի ստորաբաժանումներ ունի. օդատիեզերական (aerospace), կենսուժ (power), վերականգնող ուժգնութիւն (energy), թուային արդիւնաբերութիւն (digital industry), յաւելուածական արտադրութիւն (additive manufacturing), եւ այլն:

8 Փիէռ Հիալմար Ինսիօ Սելասֆօ (1 յունուար 1922-10 յունուար 2003): Ֆինլանտացի հրամանատար, զաւակը՝ Ձմրան պատերազմի նշանաւոր հրամանատար՝ Հիալմար Սելասֆոյի: 1967-ի պատերազմէն ետք Միջին Արեւելքի մէջ մի քանի պաշտօններ վարած է: 1973 հոկտեմբերի պատերազմի աւարտէն մինչեւ 1975-ը, Սինայի թերակղզիին մէջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) արտակարգ իրավիճակներու ուժերուն հրամանատարը եղած է: Ապա Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան գլխաւոր համակարգողը եղած է. այս պաշտօնը վարած է մինչեւ 1979 թուականը, երբ Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան պայմանգիր կնքուեցաւ:

9 Հենրի Ալֆրէտ Քիսինճըր (27 մայիս 1923-29 նոյեմբեր 2023): Աեմրիկացի պետական գործիչ, դիւանագէտ, միջազգային յարաբերութիւններու փորձագէտ: Ծնած է Գերմանիա՝ հրեայ ընտանիքի մը մէջ: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Ամերիկա: 1954-ին Հարուըրտի համալսարանէն ստացած է արուեստներու մագիստրոսի եւ փիլիսոփայութեան տոքթորի կոչումները: 1973-ին Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր եղած է:

10 Ծնած է 6 մարտ 1919, մահացած՝ 29 յունուար 1988-ին: Եգիպտացի նշանաւոր ֆիլմ պատրաստող, որ մօտաւորապէս հարիւրերկու ֆիլմեր պատրաստած է: Արժանացած է եգիպտական եւ միջազգային մրցանակներու: Ան Եգիպտոսի շարժապատկերի պատմութեան ամենէն նշանաւոր դէմքերէն մէկը կը համարուի:

11 Լիբանանցի նշանաւոր երգչուհի, որ մինչ օրս կ՚ապրի: Ծնած է 25 դեկտեմբեր 1935-ին: Կարգ մը շարժապատկերներու մէջ ալ նկարահանուած է որպէս դերասանուհի:

12 Պրունօ Քրայսքի աւստրիացի իրաւաբան եւ սոցիալ-դեմոկրատ քաղաքական գործիչ: Ծնած է 22 յունուար 1911-ին, մահացած՝ 29 յուլիս 1990-ին: 1953-1959 թուականներուն Աւստրիայի արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղարը եղած է: 1955-1966՝ արտաքին գործոց նախարար: 1970-էն սկսեալ Աւստրիայի կառավարութեան ղեկավար: 1967-էն եղած է Աւստրիայի սոցիալիստական կուսակցութեան նախագահ:

13 Ճոն Ճէյմս Րամպօ: Ծնած է 6 յուլիս 1947-ին: Րամպօ ֆիլմաշարին երեւակայական հերոսը:

14 Փօլ Ֆերլին: Ծնած է 30 մարտ 1844-ին, մահացած՝ 8 յունուար 1896-ին: Ֆրանսացի բանաստեղծ:

15 Ալպէրթ Հայնի: Գերմանացի: Ծնած է 1867-ին, մահացած՝ 1949-ին: Ֆիլմեր պատրաստող, թատրոնի եւ ֆիլմերու դերասան:

16 Եոհան Քրիսթոֆ Ֆրետերիք Ֆոն Շիլեր (10 նոյեմբեր 1759-9 մայիս 1805): Գերմանացի բանաստեղծ, փիլիսոփայ, պատմաբան եւ թատերագիր: Կէօթէի մտերիմ ընկերը եղած է, որու հետ մի քանի ստեղծագործութիւններ գրած է: Շիլերը ռոմանթիք ուղղութեան ներկայացուցիչ է:

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2024