ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՁԵՒԱՉԱՓ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերու առաջնորդները վերջերս հանդիպում մը ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։ Սա աւանդական ձեւաչափ մըն է, որու շրջանակէն ներս տարեկան հանդիպումներ տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի կամ Մոնրէալի մէջ։ Այս տարուան հանդիպման հիւրընկալն էր Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Բացի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեանէն եւ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանէն, հերթական հաւաքին ներկայ էր նաեւ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, որ հիւրաբար Լոս Անճելըսի մէջ կը գտնուէր։
Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն ներս, 2024 թուականի այս առաջին հանդիպման քննարկուեցան հոգեւոր, ծխական ոլորտի բազմաթիւ օրակարգային հարցեր։ Յագեցած աշխատանքին ընթացքին առաջնորդները առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին այս երեք թեմերու հոգեւորականաց պատրաստութեան կամ վերապատրաստութեան առաքելութիւնը։ Սոյն առաջնահերթ գործին շուրջ մասնագիտական խորհրդակցութեան հրաւիրուած էր Օքսֆորտի համալսարանէն փրոֆ. Հրաչ Սրկ. Չիլինկիրեան, որու հետ էր նաեւ Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդի նախկին ատենապետ տքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան։ Առաջնորդները քննարկեցին նաեւ երեք թեմերու հոգեւորականաց համատեղ հաւաք մը կազմակերպելու ծրագիրը։
Երեք առաջնորդները մասնաւոր ուշադրութիւն ցուցաբերեցին նոր սերունդի ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։ Անոնք աչքէ անցուցին Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) ծրագրերը՝ մանաւանդ, որ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ՀԵՀԵՄ-ը կը գլխաւորէ։ Պըրպենքի մէջ կազմակերպուած խորհրդակցութեան ժամանակ երեք առաջնորդները հաշուի առին նաեւ 2025 թուականին ՀԵՀԵՄ-ի կողմէ համահայկական ուխտագնացութեան մը նախատեսուած ըլլալը՝ «Քրիստոնեայ ընտանիքը հայ ինքնութեան խարիսխ» կարգախօսով։
Երեք թեմակալ առաջնորդները կանգ առին Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու ի նպաստ նախագծերու իրականացման վրայ, դիտարկեցին նաեւ Հայաստանի մէջ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ընթացքը։ Ի լրումն այս բոլորին, ժողովական առաջնորդները կարեւորեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր սպասաւորներուն արձագանգը՝ սփիւռքի առկայ՝ 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն, որոնք չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հոգեւոր-ազգային արժէքներու պահպանութեան ուղղեալ պայքարին տեսակէտէ։
Հարկ է նշել, որ երեք առաջնորդներու ձեւաչափով այս հանդիպումներուն յաջորդը նախատեսուած է Գանատայի հայոց թեմի հիւրընկալմամբ։