ՀՐԱՆԴ ՄԵԼՔՈՒՄԵԱՆ ԳՈՆԻԱՅԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՌՆՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀԵՏ
Գոնիայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ ճատրակի կարեւոր մրցաշարք մը, որու արդիւնքներուն հիման վրայ յայտնի դարձան այն խումբերը, որոնք բարձրացան՝ Թուրքիոյ ճատրակի սիւփէր լիկը։ «Պողազիչի» խումբի կազմին մէջ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ մեր համայնքի ծանօթ ճատրակի վարպետներէն Առնօ Կարապետեան, որ վերջին տարիներուն կը գլխաւորէ Իսթանպուլի ճատրակի միութիւնը։ Ան միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան մօտ պաշտօն կը վարէ մարզիկներու խորհուրդէն ներս։
Առնօ Կարապետեան Գոնիայի մրցաշարքին ընդառաջ իր մաս կազմած «Պողազիչի» խումբին մասնակցիլ հրաւիրած է նաեւ Հայաստանէն յայտնի կրոսմայսթըր Հրանդ Մելքումեանը։ Նոյնպէս Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան վարչայիններէն Շանթ Էօզպիւլպիւլի «Րէֆքար» ընկերութեան հովանաւորութեան ներքեւ Հրանդ Մելքումեան ընդառաջած է այս հրաւէրին։ Առնօ Կարապետեան եւ Հրանդ Մելքումեան նախապէս ալ ունեցած են բարեկամութիւն։ Իր ժամանակին ներած չափով՝ Հրանդ Մելքումեան զանազան առիթներով Թուրքիոյ մէջ մասնակցած է զանազան մրցաշարքներու։
Արդիւնքին, «Պողազիչի» խումբը Գոնիայի մրցաշարքի արդիւնքին հասած է իր նպատակին։ Մրցանակաբաշխման հանդիսութեան ընթացքին Առնօ Կարապետեան եւ Հրանդ Մելքումեան իրենց պարգեւները ստացած են՝ Շանթ Էօզպիւլպիւլի երկու որդիներուն՝ Արթունի եւ Տիգրանի հետ։
Այսպէսով երեք հայ երիտասարդներու համագործակցութեամբ Գոնիայի մրցաշարքը ունեցաւ յատկանշական ու ողջունելի արդիւնք մը, որ կ՚արժանանայ մեր մարզասէրներու գնահատանքին։
Կը շնորհաւորենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք։