ՎԵՐԱՍՐԲԱԳՈՐԾՄԱՆ ԿԱՐԳ

Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը։ Անցեալ շաբաթավերջին ահաբեկչական յարձակման ենթարկուած այս սրբավայրը համարուած էր պղծուած։ Ուստի, երէկ Սանթա Մարիա լատին կաթոլիկ եկեղեցին վերասրբագործուեցաւ։ Արարողութեան նախագահեց Անգարայի պապական նուիրակը՝ Վատիկանի դեսպան Մոնս. Մարեք Սոլժինսքի, որու կողքին էին Իսթանպուլի պապական նուիրակ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Թուրքիոյ այլ վիճակաւորներ։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին արարողութեան մասնակցեցաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Վերասրբագործման առթիւ ան կաթոլիկ առաջնորդներուն փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյններն ու բարոյական զօրակցութիւնը։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2024