ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ կու տայ Տիրոջ երկիւղը մարդուն:
Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Տիրոջ երկիւղը կեանքի պատճառ է, եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր» (Առ 19.23):
Առակագիրին այս տողը եթէ փորձենք լայն բանալ, ապա կ՚ունենանք հետեւեալը. Տիրոջ երկիւղը մարդուն՝
ա. Կեանք:
բ. Գոհունակ սիրտ: Եւ՝
գ. Յաջողութիւն, կու տայ:
ա. Յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը, թէ՝ «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն Ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 14.6), այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը ժառանգել:
բ. Դարձեալ յիշենք Տէր Յիսուսի խօսքերը փորձութեան ժամանակ. «Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. “Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է”» (Մտ 4.4), այսինքն՝ երբ մարդ յստակ կերպով գիտակցի իր կեանքի առաջնութիւններուն եւ իրեն համար էական եղող բաներուն, ապա անօթի չի՛ մնար, կուշտ փորով կը պառկի:
գ. Յիշենք Սրբազան Պօղոս առաքեալին խօսքերը. «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31): Ինքզինք եւ իր գործերը Աստուծոյ յանձնողը, ինքզինք եւ իր ծրագիրները Աստուծոյ վստահողը երբեք ամօթով չի՛ մնար, որովհետեւ այդպիսիին օգնականը, ապաւէնն ու վահանը Աստուած Ի՛նք է:
Աստուծոյ նկատմամբ երկիւղ ունենալու համար, սակայն, մարդ նախ պէտք է սիրէ՛ զԱստուած, որովհետեւ եթէ սէրը չկայ Աստուծոյ նկատմամբ, երկիւղ չի՛ կրնար ըլլալ, ընդհակառակը՝ վախ կ՚ըլլայ: Իսկ վախն ու երկիւղը տարբեր բաներ են: Վախը թոյլ չի՛ տար որ ճիշդ ու առողջ յարաբերութիւն գոյանայ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ:
Հետեւաբար, մարդ նախ պէտք է զԱստուած սիրէ, որովհետեւ հոն ուր սէր կայ՝ այնտեղ վախ չկայ, ընդհակառակը այնտեղ ազատագրութիւն կայ, երկիւղ կայ: Այս մասին Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այսպէս կը գրէ. «ՍԷՐԸ ԱԶԱՏԱԳՐՈՂ ուժ է: Անիկա մարդը դուրս կը բերէ չարին ճիրաններէն եւ բարի ծառայութեան միայն կը մղէ (Հմմտ Հռ 13.10). անիկա նոյնպէս կ՚ազատագրէ մարդը իր վախերէն. ինչպէս Յովհաննէս կ՚ըսէ. «Սիրոյ մէջ վախ չկայ. այլ կատարեալ սէրը կը փարատէ վախը: Արդարեւ վախը մտատանջութիւն կ՚ենթադրէ եւ ան որ կը վախնայ՝ կատարեալ չէ սիրոյ մէջ» (Ա. Յհ 4.18)»:
Հ. Պէ՞տք է մեզի ուղղուած իւրաքանչիւր խրատին, կամ թելադրութեան ականջ կախենք:
Պ. Սողոմոն Իմաստուն հետեւեալ խրատը կու տայ մեզմէ իւրաքանչիւրին. «Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն, որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ» (Առ 19.27): Այս խրատը մանաւանդ այս օրերուն մեծ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ յատկապէս երիտասարդներուս վրայ: Այսօրուան աշխարհը այնքա՜ն գայթակղեցուցիչ բաներ ունի, որով մեզ կը շեղէ ճշմարտութենէն, երկնային իմաստութենէն, ուղիղ ճանապարհէն: Այսօրուան կեանքի դժուար պայմանները, անդին անօրէն կերպով դիւրին ձեւով գումար աշխատելու միջոցները եւ հնարաւորութիւնները, բազմաթիւ երիտասարդներու համար թակարդի վերածուած են, որով երիտասարդները տարուելով դիւրին կերպով շատ դրամ դիզելու մոլուցքով, ամէն միջոցի կը դիմեն:
Այս գայթակղութիւնները բնականաբար ձեռք ու ոտք չունին, այլ՝ տարբեր-տարբեր մարդոց միջոցով կու գան ու կը մտնեն մարդուն մէջ: Կը մտնեն՝ որպէս խրատ, որպէս բարի կամեցողութեան դրսեւորում: Մարդը, երիտասարդը, ականջ տալով այս տիպի խրատներուն եւ թելադրութիւններուն, կը սկսի մտածել ատոնց մասին, որով կամաց-կամաց կը շեղի ուղիղ ճանապարհէն, մոռնալով Տէրունապատուէր պատգամը, թէ՝ «երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծն 3.19): Այսքանը նիւթական ունեցուածքի, դրամի մասին:
Անդին, մարդ երբ ականջ կու տայ անպատշաճ խորհուրդներու եւ խրատներու, իր ականջները կը սկսին ծանրանալ՝ լսելու աստուածային ճշմարտութիւնները, որոնք մարդս մարդ կը դարձնեն, որոնք մարդուս ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն կու տան: Մարդ ամէն բանէ առաջ պէտք է ականջ տայ Աստուծոյ ձայնին, փորձէ լսել Աստուծոյ խրատները: Աստուծոյ խրատները լսելու համար, մարդ պէտք է Աստուածաշունչ կարդայ, ուր արձանագրուած են Աստուծոյ խրատները, թելադրութիւնները, որովհետեւ՝ «Սուրբ Գիրքը մեզի կը խրատէ, որ Աստուծոյ հետ ընթանալը փորձութիւններէն կը փրկէ, բարիքները կը բազմացնէ եւ երկնային զօրութեամբ յաղթանակներ կը շնորհէ» (Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետ): Իսկ որպէսզի մարդ այդ խրատներն ու թելադրութիւնները ճիշդ կերպով հասկնայ եւ կարենայ գործադրել իր կեանքին մէջ, ապա անպայմանօրէն պէտք է եկեղեցի երթայ, ուր կարենայ իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ եւ իր ստացած խրատներուն ու թելադրութիւններուն հաւաստիութիւնը ստանայ:
Այս բոլորը իրականութիւն կը դառնան, երբ մարդ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրի: Հարցնենք. մարդ ինչպէ՞ս Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի.
- Մարդ Աստուծոյ կամքին համաձայն կ՚ապրի այն ժամանակ, երբ կը հետեւի Անոր պատուիրաններուն, թելադրութիւններուն, խրատներուն, ուսուցումներուն եւ սիրով կը լսէ Անոր յանդիմանութիւնները, որոնք արձանագրուած են Աստուածաշունչի տողերուն մէջ:
Խրատ լսելու, աւելի ճիշդ խրատ ընդունելու համար մարդ պէտք է խոնարհ ըլլայ, հեզ ըլլայ: Հպարտ մարդը ո՛չ մէկ խրատ կամ թելադրութիւն կ՚ընդունի, ընդհակառակը, իր եսէն, իր մտածածէն ու կարծածէն այն կողմ չի՛ նայիր:
Առաւել եւս աստուածային խրատները ընդունելու համար մարդ պէտք է խոնարհութիւն ձեռք ձգէ: Անանիա Նարեկացի Վարդապետը կը գրէ. «Խոնարհութիւն է, երբ միշտ քու կամքովդ չես գործեր, այլ՝ խրատ կը վերցնես վարդապետներէն ու առաջնորդներէն, ինչպէս Մովսէսը, որ Յոթորի խրատները չանտեսեց, այլ՝ ընդունեց եւ բոլոր կատարեց»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 80
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024