ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ ՃՇՄԱՐԻՏ ԲԱՆԱԼԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն յիշատակը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս առթիւ նախագահեց Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն, որոնց մասնակցեցան շուրջ 250 եկեղեցականներ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Ահարոն Քհնյ. Գրիգորեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։
Ս. Պատարագի աւարտին քահանայից դասը մէկտեղուեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս ստեղծուած էր բարձր տրամադրութիւն։ Աւանդական այս հաւաքի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ քահանայից հաւաքներու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատուն է։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծայրագոյն Վարդապետ Բաղումեան հանդէս եկաւ զեկուցոմով մը՝ Հայաստանի մէջ հանրակրթական ծրագրերու փոփոխութեան եւ Հայոց պատմութեան առարկայի վերաբերեալ խնդիրներու շուրջ։
Աւանդական պարգեւաբաշխումներէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը հոգեւորականաց դասուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Ազգային մտապատկերի մէջ Սուրբ Ղեւոնդեանք մարմնացումն են «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» հերոսական ոգիի, որով մեր ժողովուրդը իր պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն Աւարայրի գոյամարտ մղած է աստուածապարգեւ իր ազատ ու անկախ կեանքի եւ իր ինքնութեան անխաթար պահպանութեան համար»։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը բացատրեց, որ այս պայքարը շարունակական ըլլալ կը թուի հայ ազգի լինելութեան, անոր արդար իրաւունքներու եւ համազգային շահերու պաշտպանութեան համար։
«Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականաց տէրունապատուէր ծառայութիւնն ու պատասխանատուութիւնը մեր ժողովուրդի եւ հայրենեաց նկատմամբ մշտական է եւ անընդմիջելի՝ աննկուն պահելու Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց ոգին հայոց մէջ՝ դիմակայելու ժամանակի փորձութիւններուն, պահպանելու այն ինչ, որ ազգային կեանքէ ներս նուիրական է եւ սուրբ, արժէքաւոր ու հարազատ։ Այսօր պատմութեան դժուարին շրջափուլ մը կ՚ապրի մեր ժողովուրդը, մեր սրբազան հայրենիքը։ Բռնազաւթուած է Արցախը, անվտանգային մարտահրաւէրներու առջեւ է մեր նահատակ զաւակներու արեամբ, համայն ազգի զոհողութիւններով կերտուած հայոց անկախ պետականութիւնը, հարուածներու տակ են մեր ժողովուրդի նուիրական ընկալումներն ու ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգը, կը թիրախաւորուի նաեւ Հայոց Եկեղեցին», ըսաւ ան եւ ցաւ ի սիրտ արձանագրեց, որ հայ հասարակութեան մէջ կը սերմանուին ու կ՚արմատաւորուին ստեղծուած ծանր իրավիճակին հետ հաշտուողական տրամադրութիւններ՝ տկարացնելով չարին ու չարիքին ընդդիմանալու ոգին։
Ապա Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց զգաստութեան ոգիով շարունակել հոգեւոր առաքելութիւնը՝ հայորդեաց սրտերուն մէջ զօրացնելով վաղուայ օրուան նկատմամբ հաւատն ու յոյսը, սերմանելու հունտերը լուսաւոր ապագայի տեսլականին։ «Նոյնն է առաքելութիւնը, նոյնն է պատասխանատուութիւնն ու պարտականութիւնը մերօրեայ Ղեւոնդեանց քահանաներուդ, որպէսզի ձեր անդուլ ու հետեւողական աշխատանքով յետպատերազմեան այս թմբիրէն դուրս բերուի մեր ժողովուրդը եւ իր հայրենական ու ազգային կեանքը ամրօրէն վերախարսխէ դարերու փորձութիւններու բովով թրծուած հայրենանուիրումի եւ ազգասիրութեան վրայ։ Մեր ազգի արժանապատիւ կեանքի վերակերտման հիմքին վերստին պէտք է անկիւնաքար դառնայ մեր ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգը, որ շաղախուած է մեր ժողովուրդի բազմադարեայ տառապանքներով ու հոգեւոր խիզախումներով ու ճշմարիտ բանալին է մեր հաւաքական կամքի ու ոգիի յաղթութեան», նշեց Նորին Սրբութիւնը եւ եկեղեցականներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի ամենայն ջանք գործադրեն՝ անարդարութիւններու եւ անիրաւութիւններու համընդհանուր մերժման ու դատապարտման համար։ Ան կարեւորեց, որպէսզի կասեցուին այն խոցելի երեւոյթներն ու ընթացքները, որոնք հայ ժողովուրդի միասնութիւնը կը խաթարեն եւ ուժերը կը ջլատեն։
«Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնն է բոլոր ժամանակներուն՝ հաւատարիմ ու նուիրեալ մնալով մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի վարդապետութեան եւ քրիստոնէական անխախտ արժեհամակարգին, հովուել հայոց ազգը, հոգատարութիւն ցոյց տալ անոր նկատմամբ, ամրապնդել «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ոգին, ծառայել խաղաղ ու ապահով հայրենիքի կերտման, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ ազգային գիտակցութեան ամրապնդմամբ նպաստել հայ ինքնութեան անաղարտ պատմութեան եւ մեր ազգի ու հայրենիքի անսասանութեան», եզրափակեց ան։