ԱԿՆԱՐԿ - 53 - ԵԹԷ ԼՌԵԼ ԳԻՏՆԱՅԻՆՔ…

Այսօր մեր հայկական իրականութիւնը կ՚ապրի ո՛չ նախանձելի իրավիճակի մը մէջ: Ամէն կողմէ ձայն կը լսուի, ամէն կողմէ պոռչտուք, ամէն կողմէ անհանդուրժողութիւն, ամէն կողմէ կծու եւ ո՛չ կառուցողական քննադատութիւն, ամէն կողմէ վիրաւորանք, ամէն կողմէ հայհոյանք, ամէն կողմէ ատելութիւն:

Ընթերցողը որպէսզի համոզուի վերի տողերուն մէջ գրուածներուն, բաւարար է, որ թերթատէ մերօրեայ մամուլի էջերը, կարդայ դիմատետրի եւ այլ համացանցային հարթակներու վրայ եղած մեկնաբանութիւնները: Տակաւին, բաւարար է, որ լսէ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու՝ իշխող թէ ընդդիմադիր, ատելութեամբ եւ անհանդուրժողութեամբ լեցուն արտայայտութիւնները: Բաւարար է փողոց իջնել եւ ժողովուրդին կարծիքը լսել գործող իշխանութիւններուն, կամ ընդդիմութեան մասին: Բաւարար է լսել կարգ մը քաղաքագէտներու՝ որոնց տարբեր ալիքներով հարթակ տրուած է մեկնաբանութիւններու: Բաւարար է դիմատետրի եւ միւս ցանցերուն վրայ ականջալուր ըլլալ մարդոց վերլուծութիւններուն, եւ այլն…:

Ատելութիւնը, չարութիւնը, անհանդուրժողութիւնը միշտ ալ ընկերակից եղած են մարդուն, առաւել կերպով մեզի՝ հայերուս: Թերթեցէք մեր պատմութեան էջերը եւ կը տեսնէք: Սակայն, այսօր այն ինչ որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ շատ աւելի վտանգաւոր, շատ աւելի խորունկ ենթահող ունի, շնորհիւ գործող իշխանութիւններուն:

Մեր ներկայ վիճակին այնքա՜ն կը համապատասխանէ Շաւարշ Միսաքեանի գրած մէկ խմբագրականը «Նոյեմբեր տասնըմէկ» խորագիրով, ուր կը խօսի 11 նոյեմբեր 1918-ին կնքուած զինադադարի մասին, որ հաշտութեան օր պիտի հռչակուէր յետագային, որով եւ պիտի աւարտէր Առաջին Համաշխարհային պատերազմը: Միսաքեան այս հաշտութիւնը այնպէս մը կը նկարագրէ, որ կարծէք մեր օրերուն մասին խօսի. «Այդ արդիւնքը լիուլի կը վայելենք մենք, ողջերս, եօթը տարիէ ի վեր, համատարած ատելութիւն, չարաշուք անստուգութիւն մը, որ վառօդ կը հոտի, ատամներու կճրտոց՝ ոչ միայն պարտեալէն յաղթականը, այլեւ յաղթականէ յաղթական. աննախընթաց տագնապ տնտեսական եւ ընկերային գետնի վրայ, անընդհատ վերիվայրումներ եւ խլրտումներ, յարաճուն սպառազինութիւն»:

Արդարեւ, 2018 թուականին իրականացուած իշխանափոխութենէն ետքի ժամանակաշրջանը եթէ ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք, թէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ատելութիւնը, չարութիւնն ու անհանդուրժողութիւնը ինչքա՜ն աւելցած ու խորացած են: Մարդիկ, նոյնիսկ ազգականներ սկսած են զիրար չհանդուրժել, ժողովրդական ասացուածքով՝ սկսած են «մէկը միւսին կոխած տեղը չուզել»:

Այս մթնոլորտը թէ՛ նախկին եւ թէ՛ մանաւանդ ներկայ իշխանութիւններուն համար ձեռնտու է, որովհետեւ երկու կողմերն ալ իրենց քաղաքական օրակարգերը սպառելու դիւրին միջոցը գտած են: Ներկայ իշխանութիւններուն համար մանաւանդ գրեցի, որովհետեւ այս մթնոլորտին մէջ անոնք իրենց հակազգային, հակապետական բոլոր ծրագիրները մէկ առ մէկ յառաջ կը տանին. վկա՛յ այս տարուան 7-րդ դասարանի Հայոց Պատմութեան դասագիրքը. վկա՛յ Արարատի եւ Զինանաշանի հետ անոնց տարած պայքարը. վկա՛յ սահմանադրութիւնը փոփոխելու անոնց ընկեր Փանջունիական հոգեբանութիւնն ու մտածողութիւնը:

Այս բոլորին պատճառը մեզմէ շատերուն լռելու արուեստին չտիրապետելն է: Աւելին, պատճառներէն մէկը եւս այն է, որ մենք կը սիրենք հակառակիլ, նոյնիսկ եթէ մեր ըսածը սխալ է, հարց չէ, կարեւորը մեր ըսածը ըլլայ, մնացածը էական չէ:

Ցաւօք սրտի գործող իշխանութիւնները այս տրամաբանութեամբ կը գործեն: Ով կ՚ուզես ըլլայ խօսողը, իրենք անոր կը կպցնեն «նախկին»ի պիտակը, եւ այդպիսով հարցը կը փակեն: Ով կ՚ուզես ըլլայ խորհուրդ տուողը, փաստարկներով ներկայացողը, կարեւոր չէ, կարեւորը իրենց ծրագիրը իրականացնելն է: Փա՞ստ. թերթեցէք մամուլն ու համացանցը եւ կարդացէք բազմաթիւ մասնագէտներու կարծիքը եւ յառաջ բերած փաստացի դիտարկումները սխալներով եւ խեղաթիւրուած տուեալներով լեցուն Հայոց Պատմութեան 7-րդ դասագիրքին մասին: Ո՛չ ոքի հոգն է: Կրթութեան այսպէս կոչուած «նախարար»ը կը համարի ըսելով, թէ որոշ «տեխնիկական սխալներ կան, դրանք ուղղելու ենք», եւ կը շարունակէ ջայլամի հոգեբանութեամբ անտեսել խեղաթիւրուած կերպով ներկայացուած պատմութիւնը:

Ա՛յ, եթէ մեր ներկայ իշխանաւորները քիչ մը լռել գիտնային եւ դիմացինին լսելու ընդունակութիւնը ունենային, ապա վստահաբար մեր ներկայ իրավիճակը այսպիսին չէր ըլլար: Մենք այսքան դժուար ու վտանգաւոր հանգրուանի չէինք հասներ: Մենք այսօր յիմար թէզի մը առաջ չէինք վիճիր, գիտնալու կամ որոշելու համար Հայո՞ց Պատմութիւն, թէ՞ Հայաստանի Պատմութիւն պէտք է կոչենք մեր պատմութեան դասագիրքերը:

«Զորն ասեմ զորն խոստովանիմ…»:

Չեմ գիտեր, պիտի գա՞յ այն օրը, երբ ա՛յս կամ եկող իշխանութիւնները լռելու ընդունակութիւնը որպէս զէնք պիտի ունենան կամ ոչ: Վստահ եմ, որ մեր առջեւ ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւններու եւ անլուծելի թուացող խնդիրները լուծելու թիւ մէկ բանալին ԼՌԵԼ գիտնալն է, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ դիմացինը լսելու ընդունակութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

5 փետրուար 2024, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024