ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի Ֆէրիգիւղի մէջ բացառիկ խանդավառութեամբ կը նշուի Վարդանանց տօնը՝ քանի կը զուգադիպի թաղի եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան։ Երէկուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Վարդանանց տօնը միեւնոյն ժամանակ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան օրն է՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան եւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան համար։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2024