ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԱՆԲԱԺԱՆԸ - Բ -
Ոմանք կ՚ուրանան Աստուծոյ գոյութիւնը, քանի որ չեն կրնար երեւակայել, որ Աստուած կրնայ թոյլ տալ, որ մարդիկ տառապին, չարչարուին։
Ուրիշներ կը հաւատան, որ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց չեն ուզեր Անոր հետ կապ մը ունենալ, քանի երբ Ան լաւ բան մը չի կրնար ընել։
Կան ուրիշներ, որոնք կը հաւատան Աստուծոյ՝ որ բարի է եւ կը սիրէ, բայց կարող չէ չարը կառավարել եւ արգելք ըլլալ անոր։
Կան ուրիշներ ալ՝ որոնք կը հաւատան, թէ Աստուած ամենագէտ է եւ ամենակարող եւ մեզ սիրո՛ղ է, որ կերպով մը, չարիքը բարիի գործակից պիտի ընէ։
Այս կէտին՝ զԱստուած ուրանալ ճշմարտութիւնը ուրանալ կը նշանակէ, քանի որ Ան է բացարձակ եւ աներկբայ ճշմարտութի՛ւնը։
Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը կարդանք «պարագաներ»ու մասին, երբ Աստուած կը միջամտէ եւ հրաշքներ կը գործէ։
Ուրիշ անգամներ, Աստուած միջամուխ չ՚ըլլար եւ դժբախտութիւն մը կը պատահի։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի որոշապէս կ՚ըսէ, թէ ղեկը Իր ձեռքն է. Ան գերիշխան է։ Աստուած, երբեմն թոյլ կու տայ, որ չար մարդիկ, ժառանգական՝ ծնային հիւանդութիւն մը, վնասակար մանրէներ-ժահր, կամ բնութեան աղէտներ մեզի պատահին։
Աստուած թոյլ կու տայ, որ մեզի ցաւեր, դժբախտութիւններ պատահին, որպէսզի մեղքի հարցին անդրադառնանք, մեր ուշադրութիւնը Իրեն դարձնենք, որպէսզի Իրեն հաւատանք, Իրեն յուսանք, Աստուած ալ մեզ Քրիստոսի նման ընէ ե՛ւ մենք ալ իրարու միանանք եւ իրարու օգնենք։ Աստուած կ՚ուզէ մեզ զգաստացնել։
Երեւակայեցէք աշխարհ մը՝ ուր ցաւ չ՚ըլլար։
Գաղափարը շատ հաճելի է։
Ա՛լ ցաւ, դժբախտութիւն, վիշտ պիտի չըլլար եւ ոչ ալ ձախողանք եւ նեղութիւն…
Որչափ ալ խուսափինք ցաւէն, ընդունելու ենք, որ ցաւերը բարի նպատակներու ալ կը ծառայեն։ Ցաւերը մեզ կ՚արթնցնեն, որ գիտնանք, թէ «սխալ» բան մը կայ։ Բուն հարցը ցաւին պատճա՛ռն է եւ ո՛չ ցաւը։ Ցաւը զանգակն է, ազդարարութիւնն է, որ մեզի լուր կու տայ, թէ «յարձակում» մը՝ վտա՛նգ մը կայ։
Փորձառաբար կը տեսնուի, որ ցաւը խտրութիւն մը չի դներ։ Ոչ մէկու մը գոյնը, դիրքը, հաւատալիքը, կրօնքը, մինչեւ իսկ բարոյական վիճակը տարբերութիւն չ՚ըներ…
Գէշ բաներ կը պատահին բարիներու եւ բարի բաներ՝ չարերու եւ այս վիճակը ցա՛ւ կը պատճառէ բոլորիս…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•շարունակելի…
Հոգեմտաւոր
- 04/23/2025
- 04/23/2025