ԴԱՏԱՎՃՌԻ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան առ ոչինչ համարման վերաբերեալ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած յայտնի վճիռը։ Պատկան առաջին ատեանը միջոց մը առաջ արձակած էր դատավճիռ մը, որով այդ պահանջը մասամբ բաւարարուած էր։ Վերջերս արդէն հրապարակուած է նաեւ դատավճռին հիմնաւորումը, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ այս խնդիրը ստացած է հրատապ նշանակութիւն՝ հակառակ անոր, որ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը ուղղակիօրէն այս դատական գործընթացին կողմը չէ։ Դատավարութիւնը կ՚ընթանայ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ դատը բացած՝ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմին միջեւ, որ նախկին շրջանին կը գլխաւորէր թաղային խորհուրդը։ Դատավճռի հիմնաւորման հրապարակման զուգահեռ՝ ամփոփ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի անդամներէն իրաւաբան Առէն Տատըրօղլու։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած այս յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը, որ կու գայ համոզիչ ձեւով լուսաբանել հանրային կարծիքը։
*
Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı’nın 12.03.2023 tarihinde gerçekleşen yönetim kurulu seçiminin iptal edilmesi talebiyle Vakıflar İstanbul 1. Bölge Müdürlüğü aleyhine açılan davada yerel mahkemenin gerekçeli kararı ve ek kararı yazılmış, kamuoyuna yansımıştır. Mahkeme kararının icra edilebilmesi için dosyanın kesinleşmesi gerekmekte olup, dosya henüz kesinleşmemiştir. Tarafların istinaf kanun yoluna (akabinde temyiz kanun yolu) başvurma hakkı bulunmaktadır. Ayrıca dava açıldığı sırada mevcut yönetim kurulu yetki belgesini (mazbata) henüz almamış ve göreve başlamamış olduğundan söz konusu davada/kararda yönetim kurulunun görevini ilgilendiren ve etkileyen bir husus bulunmamaktadır. Süreci takip etmekteyiz.
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024