ՍԻՊԻԼ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Աւստրալիա։ Իր ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հրաւէրով։ Սա Սիպիլի առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ դէպի Աւստրալիա։
Ուղեւորութեան ծրագրին վրայ նախատեսուած է երկու հիմնական համերգ՝ մին Սիտնիի, իսկ միւսը՝ Մելպուռնի մէջ։ Մարտի 23-ին տեղի պիտի ունենայ Սիտնիի համերգը, որու ընթացքին Սիպիլին պիտի ընկերանան «Թամզարա» պարախումբն ու այլ երաժիշտներ։ Իսկ Մելպուռնի համերգը նախատեսուած է ապրիլի 7-ին։ Ձեռնարկի ընթացքին Սիպիլին պիտի ընկերանան Ազատ Ղարիպեանի պարախումբը, «Ակինեան» վարժարանի մանկանց երգչախումբն ու այլ երաժիշտներ։
Աւստրալիոյ մէջ Սիպիլի կեցութիւնը պիտի տեւէ շուրջ ամիս մը։ Այդ ընթացքին համակրելի արուեստագիտուհին աւստրալահայ համայնքի զանազան շրջանակներուն հետ հանդիպումներ ալ պիտի ունենայ։
Բարի ճանապարհ եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Սիպիլին։