ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՄՏՔԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ցաւալի երեւոյթ է, թէ միայն քիչեր կը գնահատեն ուսանողներու մտածողութեան հմտութիւններու զարգացման արժէքը։ Ըստ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան, գործատէրերու 93 տոկոսը կը կարծեն, թէ գործաւորի թեկնածուի մը յստակ հաղորդակցիլը, բարդ խնդիրները լուծելու կարողութիւնները, նաեւ քննադատական մտածողութիւնը աւելի կարեւոր են՝ քան մասնագիտութիւնը։

Թէ ի՞նչ է քննադատական մտածողութիւնը։ Բազմաթիւ սահմանումեր կան այս մասին, ինչ որ կը յանգեցնէ տարաձայնութիւններու կամ իմաստի աղաւաղման։

Ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ, թէ ի՞նչ է լաւ որակի մտածողութիւնը։

Քննադատական մտածողներ ունին տրամաբանութիւն եւ հետազօտական արժէքներ. ինչպէս՝ ճշգրտութիւն, պարզութիւն, մտքի խորութիւն, յարմարութիւն, համապատասխանութիւն եւ կարեւորութիւն։ Քննադատական մտածողները նաեւ կ՚ուսումնասիրեն փաստարկներու կառուցուածքը՝ պնդումներու ուժը գնահատելու համար։ Խօսքը ո՛չ միայն պնդումներու ճշգրտութեան մասին է, այլ տուեալ տեղեկատուութեան միջոցաւ՝ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ հասնիլ եզրակացութեան։ Քննադատական մտածողութիւնը միայն խելացի ըլլալ չի նշանակեր: Սա մասնաւորապէս կապուած է բանականութեան հետ, որպէսզի նախ կարելի ըլլայ սահմանել խնդիրը եւ գտնել անոր լուծումը: Այնուամենայնիւ, սա ինքնին քննադատական ​​մտածողութիւն չ՚ըլլար: Քննադատական ​​մտածողութիւնը նաեւ կը հետապնդէ որակը՝ քան խնդրի դժուարութիւնը: Այսինքն՝ սա կը նշանակէ նաեւ մանրամասնօրէն դիտարկել տեղեկութիւնները եւ գաղափարները, հասկնալ տուեալ մարդոց տեսակէտները, կարողանալ պարզ արտայայտել սեփական տեսակէտը եւ ամփոփ ձեւով ներկայացնել սորվածը։

Քննադատական մտածողութեան գործընթացը կը բաղկանայ հինգ փուլէ։ Նախ կ՚որոշուի քննարկուելիք առարկան։ Երկրորդ՝ կը հաւաքուին տուեալ նիւթի վերաբերեալ տեղեկութիւններ եւ ապացոյցներ, կ՚ուսումնասիրուին զանազան փաստարկներ եւ տեսակէտներ։ Հետազօտուած փաստերու հիման վրայ վերատեսութեան կ՚ենթարկուին ենթադրութիւնները, տուեալները, տեղեկութիւններն ու ապացոյցները։ Երրորդ՝ բացայայտուած փաստարկները կը գնահատուին եւ կը բացառուին անհարկի տեղեկութիւնները։ Չորրորդ՝ կը համեմատուին մնացեալ փաստարկներու տարբերութիւնները, կը համադրուին անոնց կապերն ու նմանութիւնները։ Հինգերորդ՝ կը ներկայացուին վաւերական եւ յստակ եզրակացութիւնները, որոնք ամփոփուած են տրամաբանութեան շրջանակներէն ներս։ Աւելի՛ն՝ քննադատական մտածողութիւն կը նշանակէ ո՛չ միայն տրամաբանական մտածողութիւն, այլեւ՝ հարց տալու եւ որեւէ յայտարարութեան համար ապացոյցներ որոնելու հմտութիւն։

Մարդկային միտքը տարբեր գործառոյթներու հիւսուածք մըն է։ Թէեւ այդ բոլոր գործառոյթները դերակատարութիւն ունին մտքի որակի որոշման մէջ, սակայն հիմնական որոշիչը մտածողութիւնն է։ Այս գործառոյթը, որ կարելի է զարգացնել կրթութեան միջոցաւ, կարեւոր է ո՛չ միայն մտածողութեան հմտութիւններ ձեռք բերելու, այլեւ՝ անհատի կեանքի ձեւաւորման համար։ Մտածողութեան գործառոյթին առումով կարեւոր է հարցաքննելու կարողութիւնը՝ առաջին հերթին այս հարցումներով ստացուած արդիւնքի որոշման համար։ Որովհետեւ մտածելու պատճառը ուղղութիւն կու տայ հարցաքննելու ձեւը, հարցաքննելու ձեւը կ՚որոշէ մեկնաբանելու ձեւերը, մեկնաբանելու ձեւը կ՚որոշէ հաւաքուած տեղեկութիւնը եւ, հետեւաբար, հաւաքուած տեղեկութիւնը կ՚որոշէ ենթադրութիւններու եւ բացայայտումներու ձեւաւորումը։ Թէեւ քննադատական մտածողութիւնը դասական կրթական համակարգէ ներս տեղ չէ գտած, սակայն ժամանակակից աշակերտակեդրոն կրթական համակարգի հիմքը կը կազմէ։

Բարդ կառուցուածքին պատճառով քննադատական մտածողութիւնը միայն մէկ դասընթացքով կամ կախարդական մեթոտով մը ձեռք բերել կարելի չէ։ Երբ քննադատական մտածողութեան հետ կապուած հմտութիւնները չեն գործադրուիր մանկութեան եւ կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ, անոնք կ՚անհետանան։ Այս պատճառով ուսուցիչները պէտք է կազմակերպեն փորձեր, որոնք ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տան օգտագործելու այդ հմտութիւնները՝ կեանքի զանազան ոլորտներէ ներս։ Այս նպատակին կարելի է հասնիլ նշեալ ուսուցիչներու համապատասխան հմտութիւններով։

Կարելի է ըսել, որ ապագայ ուսումնասիրութիւններու պարագային ուսուցիչներու, նաեւ ուսանողներու քննադատական մտածողութեան կարողութիւնները գնահատող եւ զարգացնող մեթոտներու դիտարկումը կենսական նշանակութիւն ունի տեղեկատուական դարաշրջանին հասարակութիւններու առողջ ձեւաւորման համար։ Արդարեւ, խնդրոյ առարկայ առողջ հասարակութիւնը կը կազմէ ժողովրդավարական եւ խաղաղ կեանքի հիմքը։ Ըստ Պերթոլտ Պրեխտի, անկարելի կը դառնայ ժողովրդավարութիւնը, եթէ քննադատական մտածողութիւնը արմատացած չէ հասարակութեան մը բոլոր հատուածներուն մէջ եւ այդ նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է միայն հասարակութիւն մը, ուր սիրոյ համազօր է մտածելը։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Փետրուար 19, 2024