ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջերս հանդէս եկաւ միջվարժարանային մարզական նախաձեռնութիւնով մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ եռօրեայ՝ ֆութսալի եւ վոլէյպոլի մրցաշարք մը։ Մեր ազգայիններէն, համայնքային յայտնի բարերար Եթքին Պէրպէրօղլուի անունով հաստատուած այս միջվարժարանային մրցաշարքը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ 14 համայնքային վարժարաններէ խումբեր մասնակցութիւն բերին խաղերուն։
Բացի Եթքին Պէրպէրօղլուէն, Վազգէն Պարըն եւ Գառնիկ Զօրաօղլու եւս խրախուսած էին այս նախաձեռնութիւնը։ Վարժարանի համալիրի «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցան բոլոր հանդիպումները, որոնց աւարտին մրցանակաբաշխման արարողութիւնը նախատեսուած էր «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Նաթալի Թիւֆեքճիի։ Ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի ընտանիքէն վարչայիններ, որոնք ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին հիւրերուն եւ մրցաշարքի մասնակիցներուն նկատմամբ։
Ի յիշատակ ձեռնարկին՝ Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ելիզ Էօղրէթ յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Եթքին Պէրպէրօղլուին։ Ան ելոյթին մէջ առանձնապէս ընդգծեց դպրոցի մարզանքի ուսուցիչներուն՝ Այլին Զեքիի եւ Սինան Քարափեքմեզի ջանքերը, որոնց շնորհիւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ այս նախաձեռնութիւնը։