«ԵՐԵՒԱՆ ՏԱՐԱԶ-ՖԵՍՏ»

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը։ «Ե­րե­ւան տա­րազ­ֆեստ» ա­ռա­ջին փա­ռա­տօ­նին բա­ցու­մը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ դա­սա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­կից տա­րազ­նե­րու՝ նոյն հար­թա­կին վրայ ցու­ցադ­րու­թեան։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին տա­րա­զը ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ որ­պէս մշա­կոյ­թի բա­ղադ­րիչ։ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին եւ «Տէ­րեան» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած մի­ջո­ցա­ռու­մը ար­ժա­նա­ցաւ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Սոյն փա­ռա­տօ­նը մաս կը կազ­մէ «Ե­րե­ւա­նեան ա­մառ» ե­ռամ­սեայ ծրագ­րին։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ա­ռաջ­նորդուած են այն հա­մո­զու­մով, թէ տա­րա­զը մշա­կոյ­թի մը բա­ղադ­րիչ մասն է եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ կար­ծիք կազ­մե­լու տուեալ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցած ճա­նա­պար­հին ու մշա­կոյ­թին մա­սին։ Տա­րա­զը ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը պատ­մու­թիւ­նը կ՚ամ­փո­փէ իր մէջ։

​Շուրջ եր­կու տա­րուան աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւնքն է այս ձեռ­նար­կը։ Ե­րե­ւա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Ար­մի­նէ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ այս փա­ռա­տօ­նը մեծ աշ­խու­ժու­թիւն ստեղ­ծած է թէ՛ ե­րե­ւան­ցի­նե­րուն եւ թէ մայ­րա­քա­ղաք այ­ցե­լած զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն մօտ։ «Այս փա­ռա­տօ­նի նպա­տակն է ներ­կա­յաց­նել մեր ազ­գա­յին մշա­կոյ­թը։ Կը կար­ծեմ, որ փա­ռա­տօ­նը պի­տի դառ­նայ մշտա­կան եւ պի­տի յա­ւակ­նի Ե­րե­ւա­նի մշա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս ու­նե­նա­լու իր տե­ղը», ը­սաւ Ար­մի­նէ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ թան­գա­րան­ներ այս փա­ռա­տօ­նին հա­մար տրա­մադ­րած են Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան շրջան­նե­րը ներ­կա­յաց­նող տա­րազ­նե­րու կրկնօ­րի­նակ­ներ։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ յատ­կան­շա­կան տեղ մը ու­նին նաեւ Ե­րե­ւա­նի ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րը։

Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին վրայ տե­ղա­կա­յուած տա­ղա­ւար­նե­րուն մօտ, փա­ռա­տօ­նի խոր­հուր­դին հա­մա­հունչ ներ­կա­յա­ցուե­ցան զա­նա­զան նմոյշ­ներ՝ թան­գա­րան­նե­րու, նո­րա­ձե­ւու­թեան տու­նե­րու եւ ան­հատ ստեղ­ծա­գոր­ծող­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն հի­ման վրայ։

​Նոյն փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած հա­մերգն ալ ամ­բող­ջա­ցուց ընդ­հա­նուր մթնո­լոր­տը՝ ազ­գագ­րա­կան հա­մոյթ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, «Հայ­կա­կան շրջա­նակ» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն՝ 12-14 Օ­գոս­տո­սին լու­սան­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մրցոյթ-ցու­ցա­հան­դէս մը եւ գի­տա­կան ֆո­րում մը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ հայ­կա­կան տա­րա­զի էթ­նոմ­շա­կու­թա­յին դի­մագ­ծին շուրջ։ Այս ծրա­գի­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուի «Յով­հան­նէս Շա­րամ­պէեան» ժո­ղովր­դա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան կեդ­րո­նին մէջ։​

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2015