Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՇՐՋԱՅՑԸ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Տոլմապահչէի պալատը։ Պատմական այս հոյակերտ կոթողը այցելելէ վերջ, տղաքը նոյն թաղամասին մէջ այցելեցին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին։ Այս վերջինը, ինչպէս պալատը, կառուցուած է արքունի ճարտարապետներու Պալեան գերդաստանին կողմէ։ Եկեղեցւոյ մէջ տղաքը ջերմօրէն հիւրընկալուեցան թաղի սիւներէն՝ Արման Սրկ. Մարաշլեանի կողմէ, որ անմիջական վերաբերմունք ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ։ Տղաքը մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին թէ՛ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ թէ յարակից՝ երբեմնի Մաքրուհեան վարժարանին մասին։
Շրջայցի աւարտին աշակերտական խումբը վառ տպաւորութիւններով վերադարձաւ վարժարան։
Ուրբաթ, Փետրուար 23, 2024