ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ Կ՚ԱՂՕԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունեց հայ կաթողիկէ կղերին ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդի ժողովին առթիւ կղերի ներկայացուցիչները կ՚այցելեն Վատիկան՝ գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սրբազան Պապը հայ կաթողիկէ կղերի ներկայացուցիչներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի կացութեան։ «Ինչպէս չյիշել՝ բառերով կամ աղօթքներով, Հայաստանը՝ յատկապէս անոնք, որոնք փախչած են Լեռնային Ղարաբաղէն՝ ապաստան փնտռող տեղահանուած բազմաթիւ ընտանիքները», ըսաւ ան ու շեշտեց, որ պատերազմները, հակամարտութիւնները միշտ ողբերգական են ու անհեթեթ։

«Քանիցս աղաչեցի՝ բաւական է։ Միասին արձագանգենք խաղաղութեան աղաղակին, որպէսզի այն դպչի բոլորի սրտերուն։ Եւ ամենէն առաջ աղօթենք։ Ես սա կ՚ընեմ ձեր ու Հայաստանին համար», ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 29, 2024