ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՀՍԿԵԼ ՄԵՏԻԱՅՈՎ
Հասարակութիւնները վերահսկելու հիմնական գաղափարն է՝ մարդոց միտքը կեդրոնացնել անօգուտ բաներու վրայ։ Այսպէսով վանդակի ներքեւ վազող, բայց տեղ մը չհասնող մուկի նման մարդիկ կը յոգնեցեն իրենց միտքը՝ մտածելով միայն անիմաստ ու անօգուտ նիւթերու շուրջ։ Մարդիկ՝ որոնք տեղեակ չեն իրենց համար կարեւոր, նոյնիսկ կենսական հարցերու վերաբերեալ, չեն կրնար ճիշդ որոշումներ տալ ու դիւրութեամբ կ՚առաջնորդուին որեւէ ուղղութեան։
Հին թագաւորութիւնները գրաքննութիւն կը կիրառէին փայտի ուժով, որպէսզի իրենց մասին տհաճ տեղեկութիւնները չհասնին մարդոց ականջներուն։ Բայց «փայտը» նոյնպէս սահման ունէր եւ այն բանը, որ գիտէ աւելի քան երկու հոգի, գաղտնիք չէր։ Աւելի վերջ, այժմու լրատուամիջոցները յայտնուեցան պատմութեան բեմահարթակին վրայ։ Մերօրեայ լրատուամիջոցներու աշխատակցող ընկերաբանները ըսին, որ «ինչո՞ւ կը զբաղինք գրաքննութեամբ, եկէք միասին բանանք տեղեկատուութեան ծորակները, թող ճշմարիտն ու կեղծը իրարու խառնուին, մարդիկ այդքան սուտի մէջ չեն հասկնար ճշմարտութիւնը»։ Սա գրաքննութեան ընդհակառակն է։ Այս պատճառով ուշադրութեան շեղում կ՚իրականացուի ո՛չ թէ գրաքննութեամբ, այլ՝ տեղեկատուութեան եւ նորութիւններու առատութեամբ՝ անկախ անոնց ճշմարտութեան կամ անճշմարտութեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէ սկսեալ մինչեւ ուշ գիշեր, նոյնիսկ 24 ժամ շարունակ, միլիառաւոր տեղեկատուութիւն կ՚արձակուի մեր վրայ։ Այն տեղեկութիւնները, որոնք մեզի իսկապէս անհրաժեշտ են՝ կը կորսուին տէրը խեղդուելէ փրկող շան կամ մազերը վարդագոյնի ներկող հարիւրամեայ կնոջ միջեւ։
Այսինքն, պէտք չէ համոզուիլ, որ նորութիւններուն առաւօտէն մինչեւ երեկոյ հետեւելով շատ բանիմաց կարելի է դառնալ։ Եթէ յիսուն տարի առաջ ապրէիք լեռնային գիւղի մը մէջ, ուր շաբաթը անգամ մը թերթ կը ստացուի, աւելի «մաքուր» տեղեկատուութիւն կը ստանայիք։
Կայ նաեւ լրատուամիջոցներու կողմէ խնդիր յառաջացնելու եւ լուծում առաջարկելու ռազմավարութիւնը։ Այս բանաձեւի անուանումը կարելի է ամփոփել՝ որպէս խնդիր-արձագանգ-լուծում։ Իսկ մետիան այս բանաձեւը բարձրացուցած է գիտութեան մակարդակի։ Նախ՝ լրատուամիջոցները կը յառաջացնեն հարց մը եւ կը նետեն մարդոց առջեւ։ Օրինակ՝ «ըստ հետազօտութիւններու, ամպերը չափազանց նուազած են եւ սա կ՚անհանգստացնէ գիտնականները»ի նման անհեթեթութիւն մը կը ստեղծուի եւ «լրահոսի թմրամոլ» մարդոց կը ներկայացուի։ Այդ անհեթեթութիւնները լաւ մը լափելէ յետոյ ամպերու աճումին համար կ՚առաջարկուի հեռակայ դրութեամբ աշխատիլը կամ ինքնաշարժ օգտագործող մարդոց տուներու մէջ փակուիլը։ Այսպիսով ընկերութիւնները յաւելեալ ծախսերէ խուսափելու միջոցներ կը փնտռեն։ Իսկ ամպերը ժամանակի ընթացքին կ՚ենթարկուին մոռացութեան։
Այս մարտավարութիւնը կը գործածուի նաեւ բնականոն իրավիճակի մը ազդեցութիւնը բարձրացնելու նպատակով։ Օրինակ՝ երկրի մը մէջ տնտեսական տագնապ յառաջացած է։ Քարոզելով, որ տնտեսական ճգնաժամը չափազանց ծանր, ապագան անորոշ է եւ այդ տագնապը յաղթահարելու միակ լուծումը դժուարութիւններու միջով անցնիլն է, ժամանակի ընթացքին մարդիկ կը սկսին իրենց ապագայի մասին յոռետեսութեան ենթարկուիլ, դիւրութեամբ ընդունիլ իրենց աշխատավարձերու նուազումը եւ բազմաթիւ իրաւունքներէ զրկուիլը։ Դժուարութիւններու մէջ անոնք նոյնիսկ հպարտ կը զգան եւ կը յիշեն իրենց անցեալ յաղթանակները։ Մարդիկ աստիճանաբար կ՚ընտելանան նման իրավիճակներու, որոնք առաջին հերթին անընդունելի, նոյնիսկ անհանդուրժելի են անոնց համար։
Լրատուամիջոցներու խարդախութեան հիմքին է անտրամաբանական ու տկարամիտ մարդիկը։ Եթէ մարդիկ սկսին օգտագործել իրենց խելքն ու խորհիլ տրամաբանօրէն, անոնք կը դադրին քամիներու անյայտ ուղղութեան գացող թուղթի կտոր մը ըլլալէ եւ կը կայացնեն լուրջ որոշումներ։
Շատերու համար տհաճ են այն մարդիկ, որոնք լուրջ են եւ գիտեն, թէ ի՛նչ կ՚ընեն եւ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Այս պատճառով վախի, զայրոյթի, հպարտութեան, ուրախութեան նման զգացումները դրդող լուրերը կ՚ողողեն հաղորդակցութեան տիեզերքը։ Այստեղ նպատակը այն է, որ իւրաքանչիւր վերնագիր եւ ցուցադրուող իւրաքանչիւր պատկեր մարդոց մօտ յառաջացնէ զանազան յոյզեր։ Ամէն օր առաւօտուն լուրերէն կը վախնաս, կէսօրին կը բարկանաս, իսկ երեկոյեան՝ հպարտութեամբ կը լեցուիս։ Օրուան ընթացքին յուզական վերիվայրումներու հետեւանքով ո՛չ ուժ, ո՛չ ալ ժամանակ կ՚ունենաք տրամաբանօրէն մտածելու համար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024