ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Համահայկական վեցերորդ խաղերը աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր առարկայ դարձան համայն հայութեան անմիջական ուշադրութեան։ Հետաքրքրութիւնը սահմանափակ չմնաց տեղւոյն վրայ ստեղծուած խանդավառութիւնով, որովհետեւ աշխարհի չորս ծագերէն Հայաստան մեկնած պատուիրակութիւններու անդամներու հարազատներն ալ իրենց ապրած միջավայրին մէջ ուշի ուշով հետեւեցան իրադարձութիւններուն։ Խաղերու ծրագրին մէջ ընդգրկուած նոր մարզաձեւերը եւս արժանացան միւսներուն համազօր ուշադրութեան։ Այս ծիրին մէջ առանձնացաւ կոլֆը։ Իսկ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին համահայկական խաղերով պայմանաւորուած ոգեւորութիւնը զգալի էր ամէնուրեք։ Մեծադիր պաստառներէն սկսեալ մինչեւ խաղերուն զինանշանները՝ ամէն տեղ կարելի էր տեսնել համապատասխան խորհրդանշաններ։
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Համահայկական վեցերորդ խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։