ՊԱՀՔԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ

«Ան որ Սուրբ Գիրքը չի՛ գիտեր, վստահաբար Քրիստոսին ալ չի՛ գիտեր»

(Սուրբ Երանոս)

Մեծ պահքի քսաներրորդ օրն է:

Ղպտի Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Հայր Մաթթա ալ-Մըսքին, պահքի մասին հետեւեալը կը գրէ. «Պահքը պատրաստութիւն է ընդունելու համար Աստուծոյ կենդանի Խօսքը՝ որպէս Նոր Օրէնք: Պահքը պատրաստութիւն է փոխադրուելու ուրիշ կեանքի մը՝ աւելի բարձր, աւելի վսեմ եւ աւելի լաւ»:

Հարցնենք.

ա. Ո՞վ է կամ ի՞նչն է Աստուծոյ կենդանի Խօսքը:

բ. Ի՞նչ կեանքի կրնայ պատրաստել մեզ պահքը:

ա. Ո՞վ կամ ի՞նչ:

1.- Ո՞վ. Տէր Յիսուս Քրիստոս, որ կենդանի Աստուծոյ, կենդանի Խօսքն է:

2.- Ի՞նչը. Աստուածաշունչը, որ դարեր շարունակ կը խօսի մարդուն, զինք առաջնորդելով դէպի Աստուած:

1.- Երջանկայիշատակ Գէորգ Զ. Չորեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հարցնելով, թէ ո՞վ է Յիսուս, կը պատասխանէ. «Կարդացէ՛ք Աւետարանը եւ կ՚ըմբռնէք, որ Ան բարձր միտք մըն է՝ հանճարեղ եւ հնարագէտ. ճշմարիտը փնտռող եւ բոլոր գաղտնիքներուն խորքը թափանցող։ Ան բարձր կամք մըն է՝ միայն բարին ու ճշմարիտը կամեցող։ Ան սիրտ մըն է՝ բարութեամբ ու սիրով լեցուած դէպի մարդը եւ դէպի ամբողջ բնութիւնը։ Մարդկային միտքի, սիրտի եւ կամքի կատարելատիպը, ահա՛ Յիսուս։ Բարութեան, ճշմարտութեան եւ սիրոյ մարմնացումը. ահա՛ մեր Վարդապետը, մեր Փրկիչը»:

2.- Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը կը բացատրէ մեզի, թէ ինչո՞ւ համար գրուած է Աստուածաշունչը. «Սուրբ Հոգիով շարադրուած բոլոր սուրբ գիրքերը խորհուրդ եւ դիտաւորութիւն ունին եւ երբե՛ք զուր տեղ չեն գրուած, այլ՝ գրուած են մեզի օգտակար ըլլալու համար եւ սորվեցնելու համար, որպէսզի անոնց միջոցով ճանչնանք Աստուծոյ ամբողջ կամքը եւ չշեղուինք ուղիղ ճանապարհէն, որը մեզ դէպի վեր՝ Աստուծոյ մօտ կը տանի։ Այս մասին Պօղոս առաքեալն ալ կը վկայէ. «Աստուծոյ ներշնչումով գրուած բոլոր սուրբ գիրքերը օգտակար են՝ թէ՛ ճշմարտութիւնը ուսուցանելու եւ թէ՛ սխալը հերքելու, մարդս ճիշդ ճամբուն մէջ դնելու եւ արդար կեանքի մը դաստիարակութիւնը տալու համար» (Բ. Տմ 3.16)»:

բ. Ի՞նչ կեանքի կրնայ պատրաստել մեզ պահքը:

Պահեցողութիւնը մեզ հոգեւոր կեանքի կը պատրաստէ, իսկ եթէ արդէն այդ կեանքով կ՚ապրինք, մեզ առաւել եւս կը զօրացնէ ու կ՚ամրապնդէ այդ կեանքին մէջ:

Հարցնենք, սակայն, ի՞նչ է հոգեւոր կեանքը: Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, այսպէս կը բացատրէ հոգեւոր կեանքի ինչութիւնը. «Հոգեւոր մեր կեանքը կը սկսի երկրաւոր Երուսաղէմէն, այսինքն խաչի վրայ Քրիստոսի մահէն, որովհետեւ մկրտութեան ջուրին մէջ թաղուելով՝ Անոր մահուան հաղորդակից եւ կերպարանակից կը դառնանք, որպէսզի այդ ջուրէն դուրս գալէ ետք կարենանք ապրիլ նորոգուած կեանքով մը, Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի համար:

Բայց մեր կեանքը այդ կերպարանափոխութեան եւ Աստուծոյ որդիներուն փառքին մէջ չի մնար տեւականօրէն: Մարդկային մեր բնութիւնը իրեն յատուկ տկարութիւններով ու սայթաքումներով մեզ վար կը բերէ այդ բարձունքէն, եւ փոխաբերականօրէն կ՚իջեցնէ դէպի Կեդրոն կոչուած ձորակը, որ խորհրդանիշն է այս աշխարհի կեանքի ընթացքին: Հո՛ն կը գտնուի նաեւ Գեթսեմանիի պարտէզը, փորձութեան եւ մատնութեան պարտէզը, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրը բրտօրէն կ՚ենթարկուի հաւատքի դառնագոյն եւ երբեմն նոյնիսկ մահացուցիչ տագնապներուն: Բայց այդ փորձութենէն ու տագնապներէն աղօթքով եւ Քրիստոսի հետքերով ու Քրիստոսի հետ անցնողները սահմանուած են ի վերջոյ բարձրանալու Ձիթենեաց լեռ, հոնկէ դէպի Տէրը համբառնալու եւ Անոր հետ ըլլալու համար յաւիտեան»:

Հետեւաբար, պահեցողութեան ընթացքին զինուինք Աստուծոյ կենդանի Խօսքով եւ մենք մեզ լաւապէս պատրաստենք կամ շարունակենք հոգեւոր կեանքով ապրելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 5, 2024