ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇ 10 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՊԻՏԻ ՆԵՐԴՆԷ ՇԻՐԱԿԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Կիւմ­րիի քա­ղա­քա­պետ Սա­մուէլ Բա­լա­սա­նեան ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Հայ-զուի­ցե­րա­կան դրա­մա­տան (ArmSwissBank) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս դրա­մա­տու­նը Շի­րա­կի մար­զէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուե­լիք ներդրում­նե­րու ծի­րին մէջ պի­տի գան­ձատ­րէ գոր­ծա­րար­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած շարք մը ծրագ­րեր։ Ա­նոնք ուղ­ղուած կրնան ըլ­լալ ինչ­պէս խո­շոր, այն­պէս ալ մի­ջին ու փոքր գոր­ծա­րա­րու­թեան զար­գաց­ման նպա­տա­կին։ Տե­սակ­ցու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Շի­րա­կի փոխ-մարզ­պետ Սէյ­րան Պետ­րո­սեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, զուի­ցե­րա­հայ յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար Վար­դան Սրմա­քէ­շի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Շի­րա­կի մէջ ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րեր պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին յի­շեալ դրա­մա­տան մի­ջոց­նե­րով։

Ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին դրա­մա­տան տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­գահ ու գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Գէորգ Մա­չա­նեան նշեց, թէ ի­րենց նա­խա­ձեռ­նու­թեան նպա­տակն է Շի­րա­կի մար­զէն ներս աշ­խու­ժաց­նել տնտե­սա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Դրա­մա­տան խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին բո­լոր ծրագ­րե­րը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան քննար­կուե­ցան Շի­րա­կի մար­զին եւ Կիւմ­րիի մէջ ներդրու­մա­յին ծրագ­րե­րու մա­տա­կա­րար­ման, ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող գոր­ծա­րա­րու­թեան ընդ­լայն­ման վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր։ Քա­ղա­քա­պետ Սա­մուէլ Բա­լա­սա­նեան հա­ւաս­տիա­ցուց, որ պատ­րաս­տա­կամ է ա­ջակ­ցիլ գոր­ծա­րար­նե­րուն, որ­պէս­զի ստեղ­ծեն աշ­խա­տա­տե­ղի­ներ։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծեց, որ բարձր կը գնա­հա­տէ Վար­դան Սրմա­քէ­շի փա­փա­քը ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Շի­րա­կի մար­զէն ներս ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու եւ գոր­ծա­րար ո­լոր­տին ա­ջակ­ցե­լու մա­սին խօ­սուած էր օ­րեր ա­ռաջ՝ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի Կիւմ­րի կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ Այդ ժա­մա­նակ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նին կ՚ըն­կե­րա­նար Վար­դան Սրմա­քէշ։ Նոյն օ­րե­րուն հա­ղոր­դուած էր, որ Վար­դան Սրմա­քէշ 10 մի­լիոն տո­լա­րի ներդ­րում մը պի­տի կա­տա­րէ Կիւմ­րիի մէջ՝ ստեղ­ծե­լով կա­ռոյց մը, որ պի­տի գան­ձատ­րէ ներ­կա­յա­ցուած ծրագ­րե­րը, իսկ վար­կե­րը պի­տի տրա­մադ­րուին եօթ տա­րուան ժամ­կէ­տով, տա­րե­կան 5 տո­կո­սի վճա­րում­նե­րով։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ո­րո­շուած էր դրա­մա­տան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հա­մա­պա­տաս­խան բա­ժին­նե­րուն կող­մէ մշա­կել եւ բնակ­չու­թեան ներ­կա­յաց­նել յայ­տա­րա­րու­թիւն՝ գոր­ծա­րար ծրագ­րեր ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար։ Նա­խա­ձեռ­նու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան հա­մար նա­խընտ­րու­թիւ­նը պի­տի տրուի գոր­ծա­րար աշ­խար­հէ ներս ո­րոշ փոր­ձա­ռու­թեան տէր ձեռ­նե­րէց­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուե­լիք ծրագ­րե­րուն։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 12, 2015