«ՊԱՀՔԸ ՀԶՕՐ ՊԱՐԻՍՊ…»

Մեծ պահքի քսանհինգերորդ օրն է:

Մեր հաւատքի Հայր եւ երկրորդ Լուսաւորիչ՝ Սուրբ Գրիգորը պահքի մասին այսպէս կը գրէ. «Պահքը հզօր պարիսպ եւ ամուր դուռ է, որ կը խափանէ խորամանկ թշնամիին մուտքը։ Պահքը բորբոքած ցանկութիւններուն հուրը կը հանգեցնէ, որովհետեւ ինչպէս որ կրակը փայտը պակասելու պարագային կը մարի, այդպէս ալ որկրամոլութիւնն ու արբեցութիւնը պակսելով՝ ցանկութիւններու բոցը կը հանգչի, եւ անոր տեղ կը բորբոքին սրբութիւնն ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր պահքով»:

ա. Պահքը հզօր պարիսպ եւ ամուր դուռ է. պահքը այսպիսին կ՚ըլլայ, երբ իրաւամբ պահենք: Այսինքն, ո՛չ թէ միայն սնունդի պահքով զբաղինք, այլ՝ առաւել եւս հոգեւոր պահեցողութեամբ: Ա՛յս պարագային միայն պահքը մեր հոգիներուն համար հզօր պարիսպ եւ ամուր դուռ կը դառնայ, պահելով ու պաշտպանելով մեզի չարի ամէն տեսակի փորձութիւններէն եւ հալածանքներէն, ինչպէս նաեւ կը խափանէ խորամանկ թշնամիին մուտքը:

բ. Պահքը բորբոքած ցանկութիւններուն հուրը կը հանգեցնէ. երբ հոգեւոր պահեցողութեան ընկերակցի նաեւ ֆիզիքական պահեցողութիւնը, ապա մարդուն մէջ գլուխ բարձրացուցած ցանկութիւնները կը նուաղին, որովհետեւ՝ ինչպէս որ կրակը փայտը պակասելու պարագային կը մարի, այդպէս ալ որկրամոլութիւնն ու արբեցութիւնը պակսելով՝ ցանկութիւններու բոցը կը հանգչի, եւ անոր տեղ կը բորբոքին սրբութիւնն ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր պահքով:

Որպէսզի մեր պահեցողութիւնը ճշմարիտ պահեցողութիւն դառնայ, պէտք է զայն ճիշդ կերպով պահենք, այսինքն՝ թէ՛ հոգեւոր եւ թէ ֆիզիքական առումներով պէտք է պահենք:

Եթէ միայն ֆիզիքական առումով մարդ պահք պահէ՝ առանց հոգեւոր պահքի, այդ մէկը կը վերածուի սովորական սննդակարգի մը կիրառումին: Իսկ եթէ միայն ըսենք, թէ հոգեւոր առումով պահք կը պահենք՝ առանց ֆիզիքական պահքի, ապա սատանան օգտագործելով մեր մարմինը՝ կը խանգարէ ու կը խափանէ մեր պահեցողութիւնը, որով ո՛չ միայն անօգուտ կը դառնայ մեզի, այլեւ՝ վտանգաւոր:

Հետեւաբար, ճիշդ կերպով պահենք, նպատակ ունենալով Աստուծոյ հետ մեր խանգարուած կապը վերականգնել, մեր մտերմութիւնը վերագտնել Անոր հետ եւ Անոր կամքին համաձայն շարունակել ապրիլ մեր կեանքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2024