ԿԱԶԶԷԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՔԻԵՒ

Միջազգային իրադարձութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր փուլ մըն է։ Խօսքը չի վերաբերիր միային Մեծն Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացներուն, այլեւ շատ աւելի լայն պարունակի մը մէջ է՝ համընդհանուր պրիսմակի եւ միջազգային քաղաքական բեմահարթակին վրայ ակնկալւած իրադարձութիւններով հանդերձ։

Ռուսաստանի մէջ ընտրութիւններ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրութիւններ եւ այս երկուքին միջեւ Ուքրայնայի պատերազմի թէժացում կամ մեղմացում եւ Կազզէի մէջ՝ արդէն քաղաքական որոնումներու խտացումով արիւնալի տագնապի մը հաւանական էջաթերթումը։ Այո՛, Արեւմուտքը բոլոր ուժերը լարած է Ռուսաստանի դէմ, ամէն միջոց ի գործ կը դնէ նուազեցնելու համար անոր ազդեցութիւնը, խոցելի դարձնելու համար նախագահ Վլատիմիր Փութինի իշխանակարգը։ Յամենայնդէպս, ներկայ պատկերը զանազան դիտանկիւններէ կը պարզէ, որ Արեւմուտքի մօտեցումները արդէն իսկ կը մօտենան իրենց մայրամուտին։ Սա միայն փրակմաթիք հաշուարկներու կամ մօտեցումներու արդիւնք մը չէ, որովհետեւ այստեղ որոշիչը Մոսկուայի մեծ ներուժն է, արդէն երկու տարիէի ի վեր անոր վզին փաթթուած բազմապիսի օղակներու անարդիւնաւէտութիւնը։

Մեծ տէրութիւնները՝ մասնաւորապէս ԱՄՆ երբեք զգացումներով, նախասիրութիւններով կամ կարծրատիպերով չեն շարժիր։ Ո՛ւր մնաց երբ կը խօսինք կամ կը փորձենք հաշուի նստիլ մեծ խաղերու, պայքարներու եւ շահերու իւրացման կամ նոր որակի քաղաքական սահմանագծումներու հետ։

Անխուսափելիօրէն ի յայտ կու գայ հետեւեալ հարցադրումը. առկայ համապատկերին վրայ ի՞նչ դեր ունեցաւ Կազզէն, որո՞ւն համար ձեռնտու էր այս պատերազմը եւ ի վերջոյ որո՞նք մեծ օգուտներ քաղեցին այս արիւնալի պատերազմէն, որուն առաջին եւ վերջին զոհը հերթական անգամ պաղեստինցիները եղան։ Անոնք, այո՛, տարուեցան «Համաս»ի միօրեայ յաղթանակէն ու չէին ակնկալեր, որ դեմոկրատներու իշխանութեան օրով Սպիտակ տունը այսքան անսահմանափակ կանաչ լոյս մը պիտի վառէր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։ Այսօր նոյնքան դժգոհ են ԱՄՆ-ի քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչները։

Վերադառնալով Ռուսաստանի պարագային՝ արեւմտեան լրատուամիջոցներու մեծ ցանցին մէջ ուրոյն դիրք վերագրուած անգլիական «The Economist»ը վերջերս գրեց, որ Փութին առայժմ կարծես յաղթականի մէջ է Ուքրայնայի պատերազմին մէջ։

Այս ուշագրաւ յօդուածին առթիւ հարկ է նշել, որ հակառակ առկայ մեծ լարումին, բոլոր տուեալներով նաեւ կարելի է համոզուիլ, թէ Ուաշինկթըն-Մոսկուա նոր փուլի խօսակցութիւնները սարերու ետին ըլլալ չեն թուիր։ Այս վարկածը կապ ունի ո՛չ միայն Կազզէի մէջ պատերազմական փողերու յարաբերաբար լռումին, այլեւ պայմանաւորուած են ԱՄՆ-ի յաջորդ նախագահին անունին հետ։

«The Economist» կը գրէ, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ կը թուի, թէ Փութին կրնայ յաղթել։ Արդարեւ, ան Ռուսաստանը դրած է պատերազմի հիմքին վրայ եւ ամրապնդած՝ իշխանութիւնը: Ան կը խարխլէ Արեւմուտքի առկայ այն համոզումը, թէ Ուքրայնա կրնայ եւ պէտք է պատերազմէն դուրս գայ՝ որպէս եւրոպական բարգաւաճ ժողովրդավարութիւն։ Փութինի հաւանական յաղթանակի պատճառներէն մին է, որ յաղթելը կը պահանջէ աւելի շատ տոկունութիւն՝ քան տարածք գրաւելը, սակայն մարտի դաշտը կը ձեւաւորէ քաղաքականութիւնը։ Արտաքին աջակցութեան աճն ալ մասամբ կը բացատրէ Ռուսաստանի առաւելութիւնը մարտի դաշտին վրայ։ Ի դէպ, ռուսական նաւթի գինը բարձրացած է անցեալ տարեսկիզբին բաղդատմամբ։

Արեւմտեան կառավարութիւնները կը պնդեն, որ հաւատարիմ են Ուքրայնային՝ քան երբեւիցէ, սակայն աշխարհով մէկ կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ շատերը կը կասկածին: Իսկ եթէ Տանըլտ Թրամփ նախագահ ընտրուի, ապա արագ խաղաղութիւն հաստատելու խոստումով՝ ԱՄՆ կրնայ յանկարծ դադրեցնել զէնքի մատակարարումը։ Եւրոպան պէտք է պատրաստ ըլլայ սարսափելի այդ բեմագրութեան եւ ամերիկեան օգնութեան դանդաղման՝ ո՛վ որ ալ ըլլայ Սպիտակ տան ղեկին: Շուտով Եւրոպական Միութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ պատրաստ է բանակցութիւններու սկսիլ Ուքրայնայի անդամակցութեան համար, սակայն շատեր կը կարծեն, թէ գործընթացը միտումնաւոր պիտի խափանուի, որովհետեւ ընդլայնումը դժուար է եւ կը սպառնայ եւրոպական շահերուն:

Յօդուածի եզրափակիչ փուլին մէջ եւրոպացիներուն կը յիշեցուի Լեւ Թրոցքիի հետեւեալ խօսքը. «Դուք կրնաք չհետաքրքրուիլ պատերազմով, բայց պատերազմը անպայման կը հետաքրքրուի ձեզմով»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 9, 2024