ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՆՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԿԱԼԱՆ

Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբը այս տարի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ զաւեշտ մը, որ կը կոչուի «Eyvah Yine Karıştı»։ Երկու արարներէ բաղկացեալ այս զաւեշտին հեղինակն է Քլոտ Մանյէ։ Ճան Չեթինի բեմադրութեամբ նախատեսուած ներկայացումներու շարքին առաջին փուլը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան եւ երէցկինը, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը, Եշիլգիւղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Արա Չընար եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։

14-21 մարտին նախատեսուած են ներկայացումները։ Երէկուան երեկոյթը ընթացաւ բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Խաղի դերասաններն են՝ Առէն Սէմէրճեան, Առէն Մակար, Առլէն Քեշիշկիլ, Արմենակ Քեշիշկիլ, Արթին Պըչաքճը, Լիանա Տելիճէ, Նայիրա Հաշար, Նարեկ Յակոբ Էրքոլ, Թամար Պաղամ եւ Թերեզա Արփաճը Էրքոլ։ Ծրագրի թեքնիք պատասխանատուութիւնը ստանձնած են Պուրակ Թանըշման, Ժպիտ Լոյս Կեզէր եւ Մելանի Քիլճի։

Երէկուան կալայի աւարտին թատերախումբի անդամները արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն։ Մինչ այդ, յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ տքթ. Արա Չընարին։

Երկուշաբթի, Մարտ 11, 2024