ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԱՐԱ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ներկայիս եւ մօտաւոր անցեալին դպրոցէն ներս ճատրակի աշխատանքներու մասնակիցներէն բաղկացեալ այս խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։ Աշակերտներուն ուղեկցեցան վարժարանի կրթական մշակներէն Արեւ Փեքմելիքեան, Լիզա Չոլաքօղլու, Սարվէն Չաքմաք եւ Կարին Քաթըքէօյ։

Խումբը Անգարայի մէջ այցելեց «Կէօքեայ» ճատրակի թանգարանը։ Շրջայց կատարելէ եւ պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ թանգարանին ծանօթանալէ վերջ, հրաժեշտ առնելէ առաջ խումբին անունով թանգարանին յանձնուեցաւ յատկանշական յուշանուէր մը։ Սա դպրոցի սաներուն կողմէ մօտաւոր անցեալին յատուկ ձեւաւորումով պատրաստուած եւ արտադրուած ճատրակի խաղատախտակ մըն էր, որ իր տեղը գտաւ թանգարանի հաւաքածոյին մէջ։

Մայրաքաղաք այցելութեան առիթէն օգտուելով խումբը յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ մեծն Աթաթիւրքի յուշադամբանը։

Երեքշաբթի, Մարտ 12, 2024